Հալէպի Գանձասար շաբաթաթերթի խմբագիր տիկին Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան մի քանի ամիս առաջ փափաք յայտնեց Ծիծեռնակի եւ իր թերթին շուրջ հաւաքուած Նոր երթի երիտասարդները իրարու ծանօթացնել։ Ի՛նչ հաճելի առաջարկ, ի՛նչ շինիչ ծրագիր։ Հալէպ-Փարիզ. ո՛չ միայն աշխարհագրական հեռաւորութիւն, այլեւ ընկերային, կրթական եւ քաղաքական տարբեր միջավայրերու պտուղներ։ Հեռաւորութեան մասի՞ն խօսեցայ։
Հանդիպեցան 14 Սեպտեմբերին։ Ահաւասիկ ծիծեռնակցիներուն տպաւորութիւնները՝ 3 մասով։
Ականջ տանք երիտասարդներուն։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Անուշ Պանիքեան, ծրագրաւորող
Կապուիլ
Մենք՝ այս սերունդին երիտասարդները, որ կ’ապրինք Ֆրանսա, քիչ մը հեռու ենք հայ գրողներու եւ մտածողներու շրջանակէն։ Ոմանք կը կարդան, բայց առանձին, անձնական պատճառներով։ Քիչ են անոնք, որոնք կ’ուզեն տարածել կամ բաժնել իրենց մտածումները։ Առաջուան սերունդներուն համեմատ թերթ կարդացողները շատ քիչ են։ Ո՛չ թէ որովհետեւ չենք հետաքրքրուած տարբեր միտքերով, այլ այսօր ուրիշ հաղորդամիջոցներ կան զարգանալու կամ «փայլելու» համար։ Ժամանակ չենք առներ կարդալու ուրիշներուն գրածը, առաւել եւս՝ եթէ հայերէնով գրուած են։
Հակառակ ասոր, շատ կը հպարտանանք երբ մեր գրած յօդուածները կը կարդացուին։ Չենք արհամարհեր մեր մեծերը, բայց ճիշդը խօսինք, բան մըն է երբ ուսուցիչ մը մեր ըրածը գնահատէ, ուրիշ բան է երբ մեզի տարեկից մըն է ընողը։
Եւ այդպէս ալ եղաւ։
Երբ տիկին Նորան մեզի ըսաւ, որ Սուրիայէն հայ երիտասարդներ մեր ըրածը կը գնահատեն եւ հետաքրքրուած են մեզմով, անդրադարձանք, որ հաւաքուիլը, խօսիլը եւ հայերէնով գրելը անձնական գործ մը չէ եղեր, այլ մեր անձնական սահմաններէն դուրս ելլող հետաքրքրութիւններ։
– Սուրիոյ հայե՞ր։ Արդեօք ովքե՞ր են։ Ի՞նչ կ’ուզեն մեզմէ։
– Գանձասար թերթին շուրջ կազմուած Նոր երթ խումբը, որ ձեզի պէս աշխատանք կը տանի արեւմտահայերէն խօսելով եւ գրելով, կ’ուզէ ձեզի հետ ծանօթանալ եւ տեսակցութիւն ունենալ։
– Լաւ ուրեմն, այս հանդիպումը պատրաստե՛նք։
Մենք կազմուեցանք մօտաւորապէս 10 տարի առաջ մեր ուսուցիչին շուրջը եւ ուզեցինք հայերէնը մեր պարզ «ուտել-մուտել» ամենօրեայ լեզուէն հանել, ինչպէս նաեւ «ցեղասպանութիւն, եկեղեցի, Փաշինեան»-էն ալ ազատիլ։ Անշուշտ թէ ասոնք ալ կարեւոր են, բայց ինչո՞ւ անպայման ֆրանսերէն պիտի գործածենք, երբ արուեստի կամ ընկերութեան երեւոյթներուն մասին կ’ուզենք արտայայտուիլ։
Հաւաքուեցանք քանի մը հոգիով, նոր եւ հին անդամներով, որպէսզի մեր հանդիպումը պատրաստենք։ Ո՞վ ենք, ինչո՞ւ Ծիծեռնակ երիտասարդական խումբին մէջ ենք։ Ի՞նչ կը փնտռենք։ Ի՞նչ նիւթերու մասին կը զրուցենք։ Ի՞նչ դժուարութիւններու կը հանդիպինք, եւ այլն։
Մեր հանդիպումին նպատակը նաեւ իրենց ծանօթանալն էր։ Արդեօք ի՞նչ են մեր տարբերութիւնները։ Երկրին վիճակը, պատմութիւնը, քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս կրնան ազդել մեր հայ երիտասարդներուն վրայ։
Սուրիան եւ Ֆրանսան՝ 2 տարբեր երկիրներ։
2 տարբեր երկիրներ՝ հայ երիտասարդներու համար։
Ճիշդն ըսելու համար, վերջացուցինք մեր պատրաստութիւնը՝ քլիշէներով լեցուած։ Ֆրանսայի մէջ դժուարութիւնը ձուլումն է, որովհետեւ շատ «ազատ» երկրի մը մէջ կ’ապրինք։ Օտարութեան մէջ կորսուելով՝ կը կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը, որ հիմնուած է, մեծ մասամբ, հայերէնով արտայայտուելուն վրայ։ Սուրիոյ մէջ «ազատութիւնը» սահմանափակ է, այսինքն հայը ճնշումի տակ կ’ապրի, բայց այս վիճակը կը տանի դէպի աւելի ուժեղ միութիւն եւ հետեւաբար մաքուր հայերէն խօսելու աւելի մեծ հաւանականութիւն։
Մեր խօսակցութիւնը ուզեցինք ուղղել, անգիտակցաբար, դէպի մեր տարբերութիւնները եւ ոչ թէ մեր նմանութիւնները։
Բնականաբար այդպէս չեղաւ։
Երբ հանդիպեցանք մեր նմաններուն/տարբերներուն (կախում ունի տեսակէտէն), շատ արագ անդրադարձանք, որ նոյն գործունէութիւնը կը տանէինք։
Ինչո՞ւ ուզած են հայ երիտասարդներու խումբ մը կազմել։ Իսկապէս պէտք ունէ՞ին։ Իրենք, որ արդէն շատ լաւ հայերէն կը խօսին…
Մաքուր հայերէն խօսիլը բան մըն է, բայց մեզի հասկցուցին, որ մաքուր գրելը եւ մանաւանդ իրենց հետաքրքրող նիւթերու մասին արտայայտուիլը ուրիշ բան է։ Եւ այսօր այս երիտասարդները, որոնք կ’ապրին Սուրիա, կ’ուզեն ազատութիւն, այո՛, բայց իրե՛նց ոճով գրելու ազատութիւնը։
Իրենց նպատակն է, որ հայ երիտասարդները այլեւս չքաշուին գրելէն։ Չեն ուզեր այլեւս ընդունիլ, որ հայերէն լեզուն պատկանի ծանր ոճով գրողներու, որոնք կը գրեն անհետաքրքիր եւ անմատչելի նիւթերու մասին (երիտասարդներուն աշխարհէն հեռու)։
Հասանք, խօսելով-մօսելով, այդ եզրակացութեան, որ պէտք է մեր լեզուն ամօթի սահմանափակումէն դուրս հանենք։ Կ’ուզէի աւելցնել նաեւ, որ հայերէնով կ’աղօթենք, բայց կրնանք նաեւ ամօթը մեռցնել։
Իրենք ալ մեզի պէս հայերէն տառերով դժուարութիւն ունին գրելու, այսինքն աւելի դիւրութեամբ կը գրեն լատինական տառերով։ Իրենք ալ, մեզի պէս, կը խառնեն լեզուները իրարու։ Իրենք ալ բառապաշարի խնդիրներ ունին։ Իրենք ալ, ու իրենք ալ…
Լաւ ուրեմն, ի՞նչ կրնանք ընել։
Չվախնանք սխալ ընելէն, շրջապատուինք բարեմիտ տաղանդներով, գրենք ազատ ոճով, կարդանք հետաքրքրութեամբ եւ այդպիսով նոր շունչ տանք մեր լեզուին։
18 Սեպտեմբեր 2026