ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Շահան Շահնուր. մաս Բ.

Մարիամ Ասուլեան, քաղաքական գիտութիւններու ուսանող

Շահան Շահնուր. վիճայարոյց գրողը

Շահան Շահնուր (1903–1974) սփիւռքահայ գրականութեան ամենավիճայարոյց եւ ըմբոստ դէմքերէն մէկն է։ Փարիզի մէջ գրուած անոր Նահանջը առանց երգի վէպին մէջ ան կը մերժէ անցեալը միայն լացով ու սրբացնելով յիշելու աւանդոյթը եւ կը նախընտրէ գրել ներկայի դաժան իրականութիւնը,  Ցեղասպանութենէն ետք օտար ափերու վրայ հայուն դանդաղ ու անխուսափելի ուծացումը:

Շահան Շահնուր իր սերունդին ապրած ահաւոր ցաւն ու տրաման կը վերածէ գրգռութեան։ Երբ մարդուն հոգին խորապէս կը վիրաւորուի, ան այլեւս չի կրնար գեղեցիկ կամ հանգիստ բառերով խօսիլ։ Շահնուր կը հասկնայ որ հասարակութիւնը արթնցնելու համար պէտք է զայն ցաւցնել։ Անոր արծարծած մութ, վիճայարոյց եւ «արգիլուած» նիւթերը իրականութեան մէջ գործիքներ են: Ան իր յուսահատութիւնն ու զայրոյթը կը շպրտէ ընթերցողի երեսին, որպէսզի ցոյց տայ, թէ ինչպէս օտարութեան մէջ հայը կը քանդուի ներսէն։

Շահնուր կարդալով մեր ապրած ցնցումը շատ բան կը բացայայտէ մեր իսկ հոգեբանութեան մասին։ Մենք՝ հայերս, վարժուած ենք մեզ տեսնել միայն իբրեւ նահատակներ, մաքուր զոհեր կամ հերոսներ։ Շահնուր կու գայ եւ կը փշրէ այս կեղծ պատկերը, ցոյց տալով հայուն տգեղ, կոտրած, մեղանչող եւ ճամբան կորսնցուցած կողմը։

Այս պատճառով է, որ անոր գրածը մեզ կը ցնցէ։ Մենք չենք ուզեր ընդունիլ, որ աղէտը ո´չ միայն մեր հողերը խլեց, այլեւ աղաւաղեց մեր բարոյականութիւնն ու հոգին։ Շահնուր մեզ կը դնէ անհաճոյ հայելիի մը դիմաց, ուրկէ կ’երեւի մեր իրական, բայց մեր չընդունած պատկերը։

Պատմական տրաման,  Ցեղասպանութիւնն ու պատերազմները խորունկ վէրքեր ձգած են մեր հոգեբանութեան մէջ։ Երբ մարդ արարածը կը կորսնցնէ ամէն ինչ, իր ներքին աշխարհը կը փլի։ Այս գրողները ցոյց կու տան հէնց այդ ներքին աւերածութիւնները։

Պոյնուզլըները պատմուածքին մէջ ան կը գրէ այնպիսի մութ թեմաներու մասին, ինչպիսիք են ընտանեկան այլասերումները կամ ազգային արժէքներու անկումը։ Ասիկա իսկական ցնցում մըն է հայ ընթերցողին համար։

Մենք սովոր ենք օտար գրականութեան մէջ տեսնելու նման պատմութիւններ։ Սակայն, երբ հայ հեղինակ մը կը գրէ այս մասին, մեզի կը թուի, թէ վտանգուած է մեր ընտանիքին եւ ազգին մաքրութիւնը։

Այս ստեղծագործութիւնները մեզի հայելի մը կը պարզեն, բայց այդ հայելին ցոյց կու տայ մեր հոգիին ամենամութ կողմերը։ Երբ մարդը կ’ենթարկուի հոգեբանական սարսափելի ճնշումներու կամ կորուստներու (ինչպէս եղաւ  Ցեղասպանութեան փորձառութիւնը), իր ներսը մեծ դատարկութիւն մը կը ծնի։ Հեղինակները կը փորձեն հասկնալ, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ, երբ այդ դատարկութիւնը կը սկսի քանդել մարդը ներսէն։

Քրոջ ու եղբօր արգիլուած կապը կամ բարոյական անկումը պարզապէս «մեղքեր» չեն. անոնք յուսահատութեան ծայրայեղ արտայայտութիւններ են։ Երբ արտաքին աշխարհը կը կործանի, կերպարները կը կորսնցնեն իրենց կողմնորոշումը եւ կը փնտռեն ջերմութիւն կամ փրկութիւն հոն՝ ուր արգիլուած է։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մեծ աղէտները կը փոխեն ո´չ միայն պատմութեան ընթացքը, այլեւ մարդուն ներքին բարոյական օրէնքները։

Հեղինակները մեզի կը ստիպեն նայելու ցաւոտ իրականութեան մը. հոգեկան հարուածը կրնայ այլասերել հոգին։ Ասիկա պարզապէս ցնցումային գրականութիւն չէ, ասիկա մեր հաւաքական հոգեկան ցաւին, վախերուն եւ անդունդի եզրին գտնուելուն արտացոլացումն է։

19 Յունիս 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *