ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Արամէացիներ

Դպրոցասէրի 9-րդ դասարանի աշակերտ է Միքայէլը։ Ան ծագումով ասորի է, իր լեզուին եւ եկեղեցիին կապուած պատանի մը։ Հայերէնի պահուն, ուսուցիչին եւ ընկերներուն խնդրանքով ներկայացուց արամէական մշակոյթը եւ պատասխանեց հետաքրքիր ընկերներու հարցումներուն։ Դասընկերուհիներու խմբակ մը՝ Անի Գոգդեդէ, Լարա Ֆարհատեան, Աթենա Փերրօ, Մելինէ Ֆորէլ, Տեզիրէ Քանուն հետը աշխատեցան որ հայերէնով Ծիծեռնակի մէջ ներկայացուի անոր աշխատանքը։ Շնորհակալութիւն բոլորին։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Միքայէլ Գարակօլ, Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Արամէացիներ

  1. Արամէացիներու ծագումը

Արամէացիները յայտնուած են Ք.Ա. մօտ 1200 թուականին։ Անոնք կ’ապրէին Միջին Արեւելքի մէջ.

  • Սուրիա
  • Լիբանան
  • Իրաքի մէկ մասը
  • Թուրքիոյ հարաւը

Կը բնակէին գետերու եւ բերրի հողերու մօտ, յատկապէս Եփրատ գետի շրջանը։

  1. Անոնց կեանքը

Արամէացիները կ’ապրէին գիւղերու եւ փոքր, ապահով քաղաքներու մէջ։

Անոնց հիմնական զբաղումներն էին.

  • գիւղատնտեսութիւն
  • անասնապահութիւն
  • առեւտուր
  • արհեստներ

Անոնք կը մշակէին ցորեն, գարի, խաղող եւ ձիթապտուղ։ Կը պատրաստէին կաւէ ամաններ, մետաղէ գործիքներ եւ կտաւներ։

  1. Արամէերէն լեզուն եւ այբուբենը

Արամէացիներու լեզուն արամէերէնն է, սեմական լեզու մը, ինչպէս արաբերէնը եւ եբրայերէնը։ Տարածուած էր ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ։ Կը գործածուէր առեւտուրի եւ վարչական գործերու համար։

 Քրիստոս կը խօսէր արամէերէն։

Արամէերէնը հին աշխարհին մէջ դարձաւ շատ կարեւոր լեզու մը։

Արամէացիները ունէին իրենց այբուբենը։ Այն չէ ստեղծուած մէկ մարդու կողմէ։  Այն զարգացաւ ժամանակի ընթացքին եւ բազմաթիւ ժողովուրդներ, ինչպէս պարսիկները, որոշ հրեաներ եւ նոյնիսկ հայեր կը գործածէին արամէական տառերը իրենց լեզուներով գրելու համար, մինչեւ իրենց սեփական այբուբենի ստեղծումը։

4. Կրօն եւ մշակոյթ

Արամէացիները բազմաստուած կրօն ունէին։ Կը հաւատային բազմաթիւ աստուածներու, որոնք կը ներկայացնէին.

  • արեւը
  • անձրեւը
  • բնութիւնը
  • բերրիութիւնը

Անոնց մշակոյթը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն վրայ։

5. Արամէացիները այսօր

Ներկայիս, արամեացիներու սերունդները կ’ապրին տարբեր երկիրներու մէջ։ Անոնք կը փորձեն պահպանել արամէերէն լեզուն, իրենց մշակոյթը եւ կրօնական աւանդութիւնները։ 

Անոնք յաճախ կը կոչուին ասորական կամ սիրիական ժողովուրդներ։

3 Հոկտեմբեր 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան
Facebook
Twitter
LinkedIn
Նպաստ / Soutien

Ծիծեռնակը կը վայելէ Փարիզի Ընկերային Ծառայութեան Հայկական Ընկերակցութեան նեցուկը։

Le blog Dzidzernag est soutenu par l’Association Arménienne d’Aide Sociale (AAAS) – Paris.

Logo de l'Association Arménienne d'Aide Sociale (AAAS)