Ծիծեռնակին նուէրը Դպրոցասէրի աւարտական դասարանին
Սիրելի աշակերտներս,
Ձեզ շնորհաւորելու լաւագոյն ձեւս այս նուէրն է. տետրակ մը, ուր մէկտեղուած են Դպրոցասէրի վերջին տարեշրջանին ԾԻԾԵՌՆԱԿի մէջ հրատարակուած ձեր աշխատանքները։
Տաղանդաւոր պատանիներ էք դուք, խելացի, յարատեւող, ստեղծագործ եւ կիրթ։ Հաճոյք էր ինծի համար հայկական մշակոյթի հունտերը ցանել ձեր թարմ հոգիներուն մէջ։ Պատճառը այն է, որ ձեզի հետ չոր դասաւանդութիւն չեղաւ ըրածս, այլ՝ համագործակցութիւն եւ միտքերու փոխանակում։ Ու ահա արդիւնքը. այս տետրակը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի։
Երախտագիտութեան իմ խօսքս բնականաբար կ’երթայ դպրոցի տնօրէն պարոն Հայկ Սարգիսեանին, որ ամէն ձեւով քաջալերեց իմ խանդավառութիւնս եւ նեցուկ կանգնեցաւ մեր ծրագիրներուն։
Բարի երթ կը մաղթեմ ձեզի։
Հայերէնի ուսուցիչի վերջին խօսքս հետեւեալն է. դարձէք լաւ մարդ, եղէք միշտ դրական եւ պայքարեցէք իրականացնելու ձեր երազները։
Ձեր ուսուցչուհին՝
Նորա Պարութճեան
28 Յունիս 2026
6 Responses
Տպաւորիչ եւ ուսանելի պատգամ էր.
Յարգանքներս սիրելի Նորա Պարութճեան 🌹
Հազար շնորհակալութիւն, պարոն Ճերանեան։
Շատ գեղեցիկ պատգամ գիտական մօտեցումով և նորարարական ձեւերով դասաւանդող ուսուցչուհիի կողմէ։
Շատ շնորհակալ եմ, Շողիկ։
Սիրելի՛ տիկին Նորա Պարութճեան,
Վարուժանի «Դաստիարակ»-ին ու «Սերմնացան»-ին նման դուք սերմերը ցանած էք ձեր աշակերտներու պարարտ հողին մէջ. ձեր վարձքը կատար:
Հիմա կը մնայ սպասել եւ յուսալ, որ անոնք աճին, մեծնան, իրենց կարգին դառնալու համար դաստիարակ ու սերմնացան:
Շնորհաւորութիւններ ու լաւագո՛յն մաղթանքներ աշակերտներուն եւ ձեզի:
Յոյսերով, Անի, մեծ յոյսերով։