Երախտագիտութեամբ կը յայտարարենք
Փարիզի Ընկերային Ծառայութեան Հայկական Ընկերակցութիւնը
(Association Arménienne d’Aide Sociale-AAAS)
երկրորդ անգամ ըլլալով նպաստ կը յատկացնէ Ծիծեռնակ կայքէջին։ Շնորհիւ այս հոգատարութեան, Ծիծեռնակ պիտի կարողանայ իրականացնել գրական եւ լեզուական քանի մը ծրագիրներ։
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք
Կազմակերպութեան նախագահ պարոն Պերնառ Ժամկոչեանին եւ
ընդհանուր տնօրէն պարոն Վազգէն Մելտոնեանին։
Ամէն գնով պիտի արդարացնենք Ծիծեռնակի գործունէութեան հանդէպ ձեր վստահութիւնը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
2 Responses
Խորին շնորհակալութիւն կը հայտնենք Փարիզի ընկերային ծառայութեան հայկական ընկերակցութեան AAAS ին, «Ծիծեռնակ»ի կայքէջին սատարելուն, որպէսզի «Ծիծեռնակ» կարենայ իրականացնել
արեւմտահայերէնի կապուած իր գրական լեզուական ծրագիրները:
Նաև շնորհակալութիւն՝ «Ծիծեռնակ» ի պատասխանատուներուն, պատանիներուն և երիտասարդներուն մէջ արեւմտահայերէնի նկատմամբ ստեղծած խանդավառութեան և իրագործած յաջողութիւններուն համար:
Վարձքը կատար բոլորին:
Շնորհակալութիւն անկեղծ զգացումներուդ համար, սիրելի Զարուկ։ Մեզ քաջալերող նպաստ է AAAS-ին կատարածը։