ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՇՆՈՐՀՔ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ,
Դպրոցասէրցի

ՇՆՈՐՀՔ

«Շնորհք» բառը յաճախ կը գործածուի յարգանք իմաստով եւ կ’ակնարկէ մէկու մը կրթուած ըլլալուն: Օրինակ՝ երեխայի յարգանքը մեծերու նկատմամբ, կարեւոր մարդու նկատմամբ, ուսուցիչներու նկատմամբ։ Շնորհքը նաեւ կարողութիւն է, որ ունինք, օրինակ՝ լաւ ձայն։ Եթէ աշխատինք մեր շնորքին վրայ, կրնանք հասնիլ մեր ուզածին։ Աշխատանքը շատ կարեւոր է կեանքի մէջ, թէեւ յաճախ մեզի դժուար կը թուի։ Երբեմն նոյնիսկ կ’ըսենք, որ ժամանակ չկայ աշխատելու համար։ Ոչ թէ դժուար է, այլ պայքար է աշխատանքը։ Բայց եթէ սիրենք մեր ըրածը, այն մեզի համար կը դիւրանայ։ Չմոռնանք, որ  կ’աշխատինք նաեւ դրամ շահելու համար, որպէսզի ատով կարողանանք օգնել մեր ընտանիքին։

Ասով հանդերձ, մենք շատ անկարեւոր գործեր կը կատարենք։ Եթէ փորձենք այդ անկարեւոր բաները չընել, ժամանակ կ’ունենանք կատարելու այն ինչ կ’ուզենք։ Ամէն մարդ տաղանդ մը ունի։ Ամէն մարդու կարողութիւնը տարբեր է, օրինակ` լաւ երգել, լաւ նկարել, կամ լաւ մարդ ըլլալ, յարգանքով մարդ։

24 Յունիս 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան