ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԳԻԻ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ՄԷՋ
ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ
Մեր 15-րդ զրոյցի նիւթն էր հայկական դպրոցի դերը սփիւռքի մէջ։ Շատ հետաքրքրական եւ կարեւոր նիւթ մըն է սա, քանի որ ազգի մը դաստիարակութիւնը անհրաժեշտ է երկրի զարգացման համար։
Նախ եւ առաջ փորձեցինք հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայկական ոգի։ Պարզուեցաւ, որ շատ դժուար է զայն սահմանելը, որովհետեւ ամէն անձ կ’ապրի իր ազգութիւնը տարբեր ձեւով։ Ըստ իս, հայկական ոգին անցեալի եւ ներկայի պատմութեան գիտակցութիւնն է. ճանչնալ մշակոյթը՝ լեզու, կրօնք եւ տեղեակ ըլլալ ապագայի նպատակներուն։
Դպրոցին դերը շատ մեծ է։ Նշուած արժէքները պէտք է փոխանցուին նոր սերունդներուն։ Անոնց կարեւորութեան գիտակից մանուկներուն մէջ պիտի ծնի եւ տարիներու ընթացքին պիտի զարգանայ հայրենասիրութիւնը։ Եթէ հայ մը տեղեակ չըլլայ իր ազգային պատմութեան, չի կրնար լեցուած ըլլալ հայ ըլլալու հպարտութեամբ եւ վերջիվերջոյ կ’օտարանայ։
Դպրոցներուն դերն է օգնել մանուկներուն հասկնալու իրենց հայկական ինքնութիւնը։ Աւելին. պէտք է դպրոցը քաջալերէ, որ աշակերտը՝ նոյնիսկ դպրոցը աւարտելէն ետք, ինքնուրոյն ձեւով զարգացնէ մայրենի լեզուն եւ գիտելիքները իր ազգի մասին։
Սակայն, դպրոցը առանձինն չի կրնար այդ մեծ դերը կատարել. հայկական նիւթերու դասաժամերը քիչ են Ֆրանսայի մէջ։ Հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնն ալ բաւարար չէ, որպէսզի դպրոցէն դուրս հայ երիտասարդները միասին գտնուին եւ հայերէնով զուարճանան. անոնց անդամները հայերէն չեն խօսիր։ Հայախօսութեան կարեւոր հիմ է ընտանիքը։
Շատերուն համար աւելի դիւրին է երկրի լեզուն խօսիլը եւ շատ հասկնալի է այս։ Վերջապէս, սփիւռքի ամենօրեայ կեանքին մէջ աւելի ներկայ կ’ըլլան ուրիշ լեզուներ, քան հայերէնը, մանաւանդ եթէ տան մէջ հայերէն չի խօսուիր։ Բայց եթէ հայկական համայնքը աւելի կազմակերպուած ըլլար, գուցէ բազմաթիւ, աւելի հարուստ եւ աւելի բարձր դասարաններով ըլլային մեր դպրոցները, Ֆրանսայի մէջ օրինակ, երիտասարդները աւելի կ’արտայայտուէին հայերէնով։ Եւ սա կը վերաբերի նաեւ այն անձերուն, որոնց ծնողքները չեն գիտեր հայերէն։
Մէկ խօսքով, դպրոցները պէտք է քաջալերեն երիտասարդներուն, որ իրարու հետ հայերէն խօսին, անոնց փոխանցեն մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը։ Երիտասարդներուն աւելի առիթ պէտք է տրուի հաւաքուելու արտադպրոցական միջավայրի մէջ։ Հայկական մթնոլորտի մէ՛ջ միայն կ’ապրի եւ կը տարածուի հայկական ոգին։
Ու տես որդիս ուր էլ լինես
Այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս։
Սիլվա Կապուտիկեան
10 Յունուար 2021