Դպրոցասէրի 8-րդ դասարանի աշակերտները կը ներայացնեն իրենց արտադպրոցական գործունէութիւնները, ոմանք՝ հետաքրքրութիւնները։ Անոնք որոնք իրենց միտքերը շարադրելու ատեն վայելած են մեծի մը օգնութիւնը, այստեղ ազնուօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեն անոր։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Մելինէ Ցուգունեան
ՀՄԸՄ
Հայ Մարմնակրթական Ընդանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ) միութիւն մըն է որ մարզանք, սկաուտութիւն եւ հայկական լեզուով գործունէութիւններ կ’առաջարկէ։
ՀՄԸՄ-ը ստեղծուած է 1918-ին Կոստանդնուպոլիս, ցեղասպանութենէն ետք, որբերուն նոր ընտանիք տալու համար ։ ՀՄԸՄ-ը բաղկացած է 108 բաժինէ 24 տարբեր երկիրներու մէջ։
Շատ կը սիրեմ սկաուտութիւնը, որովհետեւ խաղերով եւ ընկերներուս հետ կը զարգացնեմ հայ մշակոյթս ։
Տարուայ ընթացքին ամէն շաբաթ օր ժամը 14:30-էն մինչեւ 17:00 խաղ, մարզանք, կամ մրցում կ’ընենք։ Երբեմն ալ դասախօսութիւններ կ’ունենանք տարբեր նիւթերու մասին։
Նկարագրեմ մէկ օրուայ աշխատանքները։
Նախ կը հասնինք եւ արարողութեամբ բացումը կ’ընենք ՀՄԸՄ-ի քայլերգը երգելով։ Յետոյ կը փոխուինք, տարազները կը հանենք եւ ՀՄԸՄ-ի վերիմասը կը հագուինք։
Քիչ մը մարզանք կ’ընենք եւ յետոյ կ’երթանք դասախօոսութիւն մտիկ կ’ընենք։ Յետոյ, խմբային խաղեր կը խաղանք։ Իսկ երբ վերջացնենք, մէկ-մէկ դադար կ’ընենք։ Դադարի ժամանակ կրնանք ֆութպոլ խաղալ, պասքեթպոլ խաղալ, կամ ընկերներով խօսիլ։ Յետոյ նախընթրիք կ’ուտենք եւ կը վերջացնենք երկրորդ արարողութեամբ։
Տարին մէկ անգամ, ամառը, անտառ բանակումի կ’երթանք։ Ամբողջ օրը խաղեր կ’ընենք, իսկ երեկոյեան խարոյկ կը վառենք եւ շուրջը կը զուարճանանք ժամը 21։00-էն մինչեւ 23։00։
Չորս տարին մէկ, 14 տարեկանէն սկսեալ, ճամբար կ’երթանք Հայաստան, ՀՄԸՄ-ի աշխարհի բոլոր սկաուներով։
Շնորհակալ եմ մայրիկիս, որ օգնեց ինծի։
3 Նոյեմբեր 2026
Վայք Մկրտիչեան
Հանտպալ
Բարեւ, այսօր պիտի ներկայացնեմ հանտպալը:
Այս մարզանքը շատ կը սիրեմ եւ պզտիկ եղած ժամանակէս կը խաղամ, աւելի ճիշտը 3 տարեկանէս, այսինքն 10-րդ տարիս է որ հանտպալ կը խաղամ։
Այս մարզանքը կը սիրեմ որովհետեւ կը սիրեմ խմբային խաղերը, վազել, գնդակով խաղալ, յաղթել, եւ եթէ նոյնիսկ պարտուած ըլլանք, ամբողջ ուժս տուած կ’ըլլամ։
Հանտպալը խմբային մարզանք է։ Խմբային խաղերը, եթէ յոգնած ըլլանք, դուրս կ’ելլենք եւ ուրիշ մէկը կը մտնէ խաղին մէջ եւ այս պատճառով աւելի արագ մեր շունչը կը հաւաքենք եւ կը հանգստանանք։
Շատ լաւ մարզիչ ունինք եւ մեզի շատ լաւ կը սորվեցնէ խաղին օրէնքները եւ ծրագիրը։ Այս տարուայ մեր խումբը շատ զօրաւորէ, միշտ կը յաղթենք եւ կ’ուրախանանք։ Իսկ երբ պարտուինք, կը նեղուինք, մանաւանդ եթէ պատճառը խարդախութիւնն է։
Երբեք չեմ սիրեր պարտութիւնը, որովհետեւ կը յուսահատինք, բայց յետոյ ընկերներով ետ կը սկսինք զիրար քաջալերել։
3 Նոյեմբեր 2026
Աալիա Քէրէքճեան
«Ուրբաթ կամ վայրի կեանքը»
Հեղինակ՝ Միշէլ Թուրնիէ
Կարդալը սէր մըն է որ կ’օգնէ սորվելու համար եւ ուրիշ բաներ մտածելու: Կը սորվեցնէ նոր պատմութիւններ եւ կ’օգնէ լաւ ժամանակ անցընելու։
- Նաւաբեկութիւնը
Ռոպինսընին նաւը կը խորտակուի եւ միայն ինք ողջ կը մնայ: Ան կը հասնի ամայի կղզի մը եւ կը փորձէ նոր կեանք մը սկսիլ։
- Ուրբաթին հետ հանդիպումը
Ժամանակ կ’անցնի, Ռոպինսընը կը հանդիպի մարդու մը, զոր կը փրկէ մահէն։ Զայն կ’անուանէ Ուրբաթ:
Սկիզբը Ռոպինսըն կ’ուզէ ըլլալ անոր տէրը եւ կը փորձէ անոր սորվեցնել իր ձեւով ապրիլ եւ վարուիլ։
- Վայրի կեանքը
Բայց Ուրբաթն է որ Ռոպինսընին կը սորվեցնէ ապրիլ ազատ բնութեան հետ միասին։ Ռոպինսըն կամաց-կամաց կը ձգէ իր խիստ օրէնքները, կը փոխէ իր կեանքը։
- Վերջնական ընտրութիւնը
Օր մը նաւ մը կու գայ զիրենք տանելու, Ռոպինսըն կ’որոշէ մնալ իր սիրելի կղզիին վրայ։ Բայց Ուրբաթ կ’երթայ աշխարհը տեսնելու։
Կը կարծեմ որ այս գիրքը ցոյց կու տայ ինչպէս գտնել երջանկութիւնը բնութեան հետ ապրելով:
Շնորհակալ եմ քոյրիկիս ինծի օգնելուն համար:
5 Նոյմբեր 2026