ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Բարի երթի նուէր

Ծիծեռնակին նուէրը Դպրոցասէրի աւարտական դասարանին

Սիրելի աշակերտներս,

Ձեզ շնորհաւորելու լաւագոյն ձեւս այս նուէրն է. տետրակ մը, ուր մէկտեղուած են Դպրոցասէրի վերջին տարեշրջանին ԾԻԾԵՌՆԱԿի մէջ հրատարակուած ձեր աշխատանքները։

Տաղանդաւոր պատանիներ էք դուք, խելացի, յարատեւող, ստեղծագործ եւ կիրթ։ Հաճոյք էր ինծի համար հայկական մշակոյթի հունտերը ցանել ձեր թարմ հոգիներուն մէջ։ Պատճառը այն է, որ ձեզի հետ չոր դասաւանդութիւն չեղաւ ըրածս, այլ՝ համագործակցութիւն եւ միտքերու փոխանակում։ Ու ահա արդիւնքը. այս տետրակը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի։

Երախտագիտութեան իմ խօսքս բնականաբար կ’երթայ դպրոցի տնօրէն պարոն Հայկ Սարգիսեանին, որ ամէն ձեւով քաջալերեց իմ խանդավառութիւնս եւ նեցուկ կանգնեցաւ մեր ծրագիրներուն։

Բարի երթ կը մաղթեմ ձեզի։

Հայերէնի ուսուցիչի վերջին խօսքս հետեւեալն է. դարձէք լաւ մարդ, եղէք միշտ դրական եւ պայքարեցէք իրականացնելու ձեր երազները։

Ձեր ուսուցչուհին՝
Նորա Պարութճեան
28 Յունիս 2026

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *