ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՎՐԱՅ. ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ. ՄԱՍ Ա.

ԴԱՆԻԷԼ ՓԱՓԱԶԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՀԱՅԵՐԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Միջնադարուն հայերը լաւ համբաւ ունէին արեւելեան առեւտուրի եւ արհեստներու մէջ։
16-րդ դարուն մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին մոնղոլ Աքբար Մեծի օրօք, որ կը գնահատէր արուեստներն ու մշակոյթները։

Միջնադարու հայ վաճառական մը. Մաթիս Թօփուզ

Նոր Ջուղա

1604 թուականին, պարսից Աբբաս թագաւորը Հին Ջուղայէն հայերը բռնի կը տեղափոխէ Պարսկաստան, զարգացնելու համար իր երկրին արհեստներն ու առեւտուրը։ Արաքս գետի ափին գտնուող Հին Ջուղան (պարսկերէնով՝ Ջուլֆա) հարուստ վաճառականներու քաղաք էր։ Ջուղայեցի տեղահանուած հայերը կը հաստատուին Սպահան քաղաքի մօտակայքը, կը կառուցեն նոր քաղաք եւ զայն կ’անուանեն Նոր Ջուղա։ Շատ հայեր Նոր Ջուղայէն կը մեկնին Հնդկաստան եւ բնակութիւն կը հաստատեն այնտեղ։ 

Հնդկաստան

Հնդկաստան հասնելուն պէս հայերը կը սկսին կառուցել դպրոցներ, եկեղեցիներ, հրատարակել թերթեր, տպել գիրքեր։ Երկար տարիներ հայերը կը մասնակցին Հնդկաստանի տնտեսական կեանքին, յատկապէս կը զբաղին ոսկերչութեամբ եւ դէպի Եւրոպա համեմունքներու արտահանմամբ։ 

Մատրաս

Մատրասի մէջ հայերը սկսած են հաստատուիլ 1666 թուականէն։ Հնդկահայ այս գաղութը պահպանած է հայ ժողովուրդի մշակոյթը, լեզուն, գիրը, գրականութիւնը եւ եկեղեցին։ Մեծահարուստ երկու մատրասահայեր կոչ ուղղած են Եկատերինա Բ. ցարուհիին ազատելու Հայաստանը պարսիկներէն։ Անոնք խոստացած են իրենց հարստութիւնը նուիրել թագուհիին։ Մատրասի հայերը հիմնած են առաջին տպարանը եւ հրատարակած են հայկական առաջին թերթը՝ «Ազդարար»։

Մատրասի տպարանը հիմնած է Շահամիր Շահամիրեան. նպատակն էր հայերու մէջ տարածել ազատագրական գաղափարներ։ Իսկ Յարութիւն Շմաւոնեան լոյս ընծայած է «Ազդարար» ամսագիրը 16 Հոկտեմբեր 1794-ին։  

Մատրասի հայ գաղութի պատմութեան մեջ կարեւոր անուններ են մեծահարուստ վաճառականներ Ռափայէլ եւ Սամուէլ Մուրատ (Մուրատեան)։ Անոնք պատկառելի գումար տրամադրած են Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան կրթական նպատակներու համար, որպէսզի  Եւրոպայի մէջ հայկական դպրոցներ հիմնուին։ 1834-ին Մխիթարեան Միաբանութիւնը այդ գումարով հիմնեց Մուրատեան վարժարանը Իտալիոյ Փատովա քաղաքին մէջ։ Յետագային այդ դպրոցը տեղափոխուեցաւ Փարիզ, յետոյ՝ Վենետիկ։ 1836-ին Վենետիկի մէջ ուրիշ դպրոց մըն ալ բացուեցաւ Ռափայէլի գումարներով եւ կոչուեցաւ Ռափայէլեան վարժարան։ Այս երկու դպրոցները միացան եւ դարձան Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը։

Մատրասի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին դեռ կը գործէ. անոր շուրջի տարածքը կը կոչուի «Հայկական փողոց»։

7 Փետրուար 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան