ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ապրիլեան ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան. մաս Դ.

Արօր. Սարդարապատի թանգարան

Սարդարապատի յուշահամալիր

Հիւկօ Խանչարեան

Յուշարձան

Սարդարապատի յուշարձան

Երբ ես գացի Սարդարապատի յուշահամալիրը, տեսայ յուշարձանի 12 զանգերը, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի 12 նահանգները։ Այս պատմական յուշարձանը կը յիշատակէ 1918 թուականի Մայիսին տեղի ունեցած Սարդարապատի ճակատամարտը, որ շատ կարեւոր եղած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար։

Յուշարձանին երկու կողմերը կային նաեւ երկու ցուլեր, որոնք կը խորհրդանշեն հայ ազգի ուժը, զգօնութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ գոյատեւումը։ Ես նաեւ տեսայ մէկ անձի դամբարանը, որուն մէջ կային անոր աճիւնները։ Հոն կային նաեւ արցախեան պատերազմին հետեւանքով զոհուած զինուորներու շիրիմներ։

Ապա, մենք գացինք թանգարան։

Հիւկօ Գարասօ

Սարդարապատի թանգարան

Երեքշաբթի 21 Ապրիլի առտուն գացինք Սարդարապատ։ Այցելեցինք նաեւ թանգարանը, որ Հայաստանի պատմական եւ մշակութային կարեւոր վայրերէն մէկն է։ Կը գտնուի Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ։ 

Հիւրանոցի մօտէն առինք հանրակառքը։

Թանգարանին մէջ տեսանք կարմիր քարէ (տուֆ) արձաններ, որ շատ գեղեցիկ էին։  Տեսանք նաեւ հին զէնքեր, երաժշտական գործիքներ եւ առարկաներ, որոնք կը պատմէին հայկական արհեստները եւ հին ժամանակներու կեանքը։

Երբ դուրս եկանք թանգարանէն, սկսաւ շատ անձրեւել, ես եւ ընկերներս վազեցինք դէպի հանրակառք։

Հայկական կենցաղային հին իրեր. Սարդարապատի թանգարան

Սօֆի Գրեգորով 

Գեղարդ

Հայաստան մեր ճամբորդութեան ընթացքին, տեսանք եւ այցելեցինք տարբեր եկեղեցիներ։ 18 Ապրիլ 2026-ին, մենք գացինք Գեղարդ։ Գեղարդը վանք մըն է, որ կը գտնուի Կոտայքի մարզին մէջ։ Հոն մենք բացայայտեցինք բազմաթիւ խաչքարներ, որոնք իրարու կը կապեն աստուածային աշխարհը եւ մեր աշխարհը։

Հոն մոմեր վառեցինք եւ աղօթեցինք։ Տեսանք շատ գեղեցիկ նկարներ։

Գացինք այն առուակին մօտ, որուն ջուրէն խմելու համար պէտք է քարերու վրայէն անցնէինք։ Մենք կրցանք զովանալ եւ խմել Գեղարդի օրհնուած ջուրը, որ կը հոսէր բարձր տեղէ մը։  Կը զգացուէր որ ջուրը տարբեր է։

12 Մայիս 2026

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *