Դպրոցասէրի 9-րդ դասարանի աշակերտները մանկավարժական ծրագրով տաս օրուան համար Հայաստան ճամբորդեցին Ապրիլ 15-ին։ Այստեղ՝ ոմանց տպաւորութիւնները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Գեւին Գարա
Նորավանք
Մեր ճամբորդութեան ժամանակ, Հինգշաբթի 16 Ապրիլին մենք այցելեցինք Նորավանք։ Այս վանքը կը գտնուի Հայաստանի հարաւը, Վայոց Ձորի շրջանը, որ յայտնի է իր գինիով։ Անոր անունը կը նշանակէ «նոր վանք»։ Այն կառուցուած է 4–րդ եւ 5-րդ դարերուն հին եկեղեցիի փոխարէն, իսկ հիմնական զարգացումը տեղի ունեցած է 12–րդէն մինչեւ 14-րդ դարերուն Օրբելեան իշխանական ընտանիքի շնորհիւ։
Այդ ժամանակ Նորավանքը դարձած էր կրօնական եւ մշակութային կարեւոր կեդրոն։ Վանքը նաեւ կապուած է եպիսկոպոս Ստեփանոսի անուան։
Այնտեղ մենք այցելեցինք քանի մը կարեւոր եկեղեցիներ, ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ յայտնի է իր աստիճաններով։ Մենք տեսանք նաեւ խաչքարեր, աւերակներ, պարիսպներ։
Վանքը գործած է մինչեւ 19-րդ դար, ապա վերականգնուած է 2000 թուականին։ Նորավանքը 1996 թուականէն ընդգրկուած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցուցակին մէջ։
Մենք նաեւ հանդիպեցանք տեղի քահանային, որ մեզի բացատրեց կեանքին երեք նպատակները.
Աստուծոյ հանդէպ հաւատք,
Ծառայել հայրենիքին,
Ամուսնանալ, ունենալ նուազագոյնը երեք երեխայ եւ անոնց փոխանցել հայկական կրթութիւն։
Այսօր ան կը մնայ Հայաստանի ամենայայտնի վայրերէն մէկը։
Լենա Թէլֆէյեան
Սեւանայ լիճ
17 Ապրիլին գացինք Սեւանայ լիճ։ Թերակղզիին վրայ բլուր մը կայ, հոն բարձրացանք։ Սանդուխներէն ելանք, շուկայէն անցնելով։ Երբ վեր հասանք, գեղեցիկ բնանկար մը տեսայ։
Սեւանը շատ գեղեցիկ կապոյտ էր։ Բլուրին վրայ քիչ մը ձիւն կար, բայց օդը տաք էր։ Այնտեղ երեք անուշիկ ձիեր կային. մէկը սեւ էր, միւսը սրճագոյն, երրորդը՝ ճերմակ։ Անոնք կը քալէին շուրջանակի։ Մենք խաղցանք իրարու վրայ ձիւն նետելով։
Այստեղ կար նաեւ Սեւանավանքը։ Վանքին մաքրութեամբ զբաղող կինը բարկացաւ մեր հանած աղմուկին պատճառաւ։ Ըսաւ որ սուրբ էր մեր գտնուած տեղը եւ պէտք չէր խաղալ։ Ան իրաւունք ունէր։
Եկեղեցի մտանք, աղօթեցինք եւ ներողութիւն խնդրեցինք։
Անրի Դաւթեան
Սեւանավանք
Երբ բարձրացանք Սեւանավանք, երեք դպրոցներու աշակերտներով* աղմուկ հանեցինք։ Տիկին մը կար, որ այն տեղերու մաքրութեան պատասխանատուն էր։ Երբ ուզեցինք եկեղեցի մտնել, այդ տիկինը գոռաց օրիորդ Նորային վրայ։ Օրիորդ Նորան չպատասխանեց եւ ասիկա շատ լաւ բան է։ Ըսաւ որ տիկինը իրաւունք ունէր։
Ատկէ ետք, տիկինը թոյլ տուաւ մեզի որ եկեղեցի մտնենք եւ երկարօրէն բացատրեց եկեղեցիին պատմութիւնը։
* Դպրոցասէր, Մարսիլիոյ Համազգային եւ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ-Արապեան
12 Մայիս 2026
2 Responses
Ապրիք տղաք։ Երկիր երթալ պէտք է։ Հպարտ ենք ձեզմով։
Շնորհակալութիւն արձագանգիդ համար, Նազլը։