Հայերէնի ծարաւ Շայիրին Մելանը
Գանձասարի երիտասարդներուն հետ հանդիպում
Հայերէնը բարելաւելու համար անոր սիրոյ մարտահրաւէր արձակել պէտք է
Երկուշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2026, ժամը 19։30-ին, հեռակապով հանդիպեցանք Գանձասարի երիտասարդներուն։ Մեր երկու խումբերուն միջեւ փորձառութեան փոխանակում տեղի ունեցաւ։
Զրոյցի նիւթերէն մէկը եղաւ հայերէն լեզուի տեղը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Մենք՝ Ծիծեռնակ ի երիտասարդներս, նշեցինք որ մեր խումբը հայերէնով ազատօրէն արտայայտուելու եւ վիճաբանելու միջավայր մըն է։ Մեր սուրիահայ բարեկամներն ալ ընդգծեցին, որ իրենց համար հաւաքուիլը, վիճաբանիլը եւ լրագրութիւն կատարելը առիթ է խօսքը ազատագրելու եւ մտայնութիւն ստեղծելու։
Շատ ընդհանուր կէտեր նկատեցինք երկու խումբերուն միջեւ, մա՛նաւանդ գրութեան գործընթացի վերաբերեալ։ Հայերէն գրելը ժամանակ կ’առնէ։ Եւ այս՝ իրականութիւն է երկու խումբերուն համար ալ։ Յետոյ՝ նկատեցինք որ երբեմն, երբ որ հայերէնով կ’արտայայտուինք, այնպիսի նիւթեր կան, որ խօսքը ազատելու համար կը սկսինք օտար բառեր խառնել:
Մեր պարագային, խմբային այս աշխատանքը մեզի կ’օգնէ հայերէն լեզուն չսրբացնելու ու սխալներ ընելէն չվախնալու համար։ Հայերէնը մեր սուրիահայ բարեկամներուն առօրեայ կեանքին մէջ ներկայ է, մեր պարագային՝ ոչ։ Ասիկա կրնանք բացատրել իրենց հայկական միջավայրով եւ հայերէնով ընթացող առօրեայ յարաբերութիւններով։ Այսուհետեւ նկատեցինք որ մենք, ֆրանսահայ երիտասարդներս, արեւմտեան համեմատաբար ազատ երկրի մը մէջ ապրելով, աւելի ենթակայ ենք ձուլուելու սպառնալիքին, քան իրենք։ Սուրիոյ հայերը իրարու մօտ կը բնակին եւ նուազ յարաբերութիւն ունին ոչ-հայերու հետ, քան մենք՝ Ֆրանսահայերս։ Բայց եւ այնպէս, երկու խումբերս ալ, երբ նամակ կը գրենք լատինատառ ստեղնաշարը կը նախընտրենք իր դիւրութեան եւ արագութեան համար։ Եկե՛ք միասնաբար փորձենք մեր ձեռքէն եկածին չափ մեսրոպեան տառերը գործածել երբ որ մեր զրուցակիցը հայերէն կարդալ գիտէ․ նոյնիսկ երբ ան նոր կը սորվի։ Այս ձեւով կրնանք օգտակար դառնալ իր հայերէնի յառաջդիմութեան մէջ։ Ես Nayiriboard ստեղնաշարը կը գործածեմ, որովհետեւ արեւմտահայերէն ուղղագրութիւնս կը սրբագրէ։
Գալով զրոյցի նիւթի ընտրութեան, Ծիծեռնակի զրոյցի նիւթերու պարագային, օրինակ, երիտասարդներէն ան որ զինք հետաքրքրող նիւթ կ’ունենայ, կը դիմէ տիկին Նորային ու կը պատրաստէ։ Մեր հանդիպումներէն առաջ, նիւթը պատրաստողը հարցումներով ամփոփում մը կ’ուղարկէ միւսներուն, որ վիճաբանութեան օրը պատրաստ ըլլան։ Ֆրանսահայ ըլլալով, կան նիւթեր որոնց շուրջ կը փափաքինք հայերէնով վիճաբանիլ։ Կան նիւթեր, որ մասնագէտ ըլլալով կը փափաքինք մեր հայախօս ընկերներուն հետ բաժնել, քննարկել, վիճաբանիլ։
Ես անձամբ կը նկատեմ որ հայերէն լեզուն գործածելը կամ բարելաւելը քիչ մըն ալ մարտահրաւէր է։ Օրինակ, երբ որ հարուստ բառապաշարով հայախօսի մը հետ կը խօսինք, մենք ալ, ուզենք չուզենք կը փորձենք աւելի զարգացած բառապաշարով արտայայտուիլ։ Մարտահրաւէր է նաեւ մեզի հանդէպ, որովհետեւ նոր բառ մը սորվելու, յիշելու եւ ճիշտ տեղը գործածելու համար անհատական ջանք թափել պէտք է։ Վերջապէս, հայերէնը բարելաւելու համար հայերէնին սիրոյ մարտահրաւէր մը արձակել պէտք է։ Այնքան սիրել, որ չյուսահատիլ դժուարութիւններէն, այնքան սիրել որ աւելի սորվելու, աւելի լաւ տիրապետելու փափաքը ունենալ։ Մարտահրաւէրի միտքը կրնայ օգնել մեզի մեսրոպեան ստեղնաշարին աւելի յաճախ դիմելու։
Մեր հանդիպումի ընթացքին ընդգծեցինք, որ հայերէնը միայն հայութեան մասին խօսելու համար չէ, այլ առօրեայ, մեր կեանքին բոլոր նիւթերուն մասին արտայայտուելու համար է։
Հանդիպումին մասնակիցներու մեծամասնութիւնը աղջիկներ ըլլալով, Գանձասարի երիտասարդները ուզեցին գիտնալ Ծիծեռնակի անդամներուն սեռերու համեմատութեան մասին։ Ուսումնասիրուելիք հետաքրքրական նիւթ կրնայ ըլլալ ասիկա։
Գանձասարի երիտասարդներուն հետ զրուցելը շատ հաճելի էր։ Պայմանաւորուեցանք իրարու գրածները կարդալ եւ մէկս միւսէն սնուիլ։ Յուսանք ապագայ համագործակցութեան մը սկիզբը ըլլայ ասիկա։
23 Սեպտեմբեր 2026