Նոյեմի Շահմիրեան, մանրակենսաբան
Մարդ-աշխատանք յարաբերութիւն
Աշխատանքի դերը, անոր իմաստն ու մարդուն հետ ունեցած յարաբերութիւնը ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւններու ենթարկուած են։ Ահաւասիկ մեր բանավէճի երեք հարցադրումներուն ամփոփումը։
1. Մարդ-աշխատանք յարաբերութեան փոփոխութիւնը
Նախորդ սերունդներուն համար աշխատանքի առաջնահերթութիւնը ապահովութեան, կայունութեան եւ գոյատեւման միջոց ըլլալն էր։ Մէկ աշխատավայրի մէջ տարիներ մնալը շատ սովորական բան մըն էր։
Այսօր, երիտասարդները աշխատանքը կը համարեն ո´չ միայն ապրուստի միջոց, այլեւ իբրեւ ինքնարտայայտման ու անձնական աճի հարթակ։ Եթէ աշխատանքային միջավայրը չի համապատասխաներ իրենց ակնկալութիւններուն, հոգեկան հանգստութեան կամ արժէքներուն, անոնք աւելի դիւրութեամբ կ’որոշեն փոխել զայն։
Ես անձամբ կենսաբանութեան ոլորտին մէջ կ’աշխատիմ եւ շատ կը սիրեմ, ինծի համար շատ հետաքրքրական եւ հեռանկար ունեցող գործ մըն է, միշտ սորվելիք կայ։ Անոնք որոնք այլեւս իմաստ չեն գտներ իրենց գործին մէջ, այն ատեն կը փոխեն, եւ կը կարծեմ որ ճիշդ ընտրութիւն կը կատարեն։ Եթէ եռանդ չկայ, ուրեմն այդ աշխատավայրին մէջ մնալը անիմաստ է։
2. Աշխատանքը իբրեւ երջանկութեան եւ կեանքի հաւասարակշռութեան աղբիւր
Գիտակից մարդուն համար աշխատանքը երջանկութեան կարեւոր, բայց ոչ միակ բաղադրիչն է։ Անիկա կը գրաւէ կեանքի զգալի մասը, սակայն այլեւս չի նկատուիր մարդկային ինքնութեան միակ չափանիշը, եւ բարեբախտաբար։
Աշխատանքային եւ անձնական կեանքի միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնելը լիովին կարելի է, բայց ինչպէ՞ս հասնիլ հաւասարակշռութեան․
. Աշխատանքային ժամերէն դուրս անոր առնչուած հեռաձայնային զանգերուն եւ նամակներուն չպատասխանելով։
. Անձնական առողջութիւնը, ընտանիքը, նախասիրութիւններն ու հանգիստը դնելով նոյնքան կարեւոր հարթակի վրայ, որքան մասնագիտական պարտականութիւնները։ Եւ տրամաբանական է ասիկա։ Եթէ մարդ իր հոգիին մէջ հանգիստ չըլլայ, ինչպէ՞ս կրնայ լաւ կատարել գործը։
. Ընտրելով այնպիսի աշխատանք, որ կը համապատասխանէ անհատի ներքին արժէքներուն՝ նուազեցնելով հոգեկան ճնշուածութիւնը։
3. Աշխատանքի էութիւնը. պարտականութիւ՞ն, հաճո՞յք, ազատութիւ՞ն, թէ՞ ստրկութիւն
«Աշխատանք» բառը ունի շատ հետաքրքրական եւ իմաստալից բնոյթ։ Ի սկզբանէ աշխատանքը կապուած է դժուարութեան եւ տառապանքի գաղափարին հետ։ Հաճոյքի բացակայութեան պարագային, եթէ մարդ կարողանայ գոնէ հանդուրժել, յարգել աշխատանքը, անոր մէջ կը գտնէ շարունակելու իմաստ։ Հակառակ պարագային, անչափ յոգնած կ’ըլլայ ամէն աշխատանքի օրուան աւարտին։
Սկզբնական մակարդակի վրայ աշխատանքը տնտեսական պարտականութիւն է (կեանքի կարիքները հոգալու համար)։ Սակայն երբ անիկա կը համապատասխանէ մարդու հետաքրքրութիւններուն եւ տաղանդին, կը վերածուի հաճոյքի եւ ինքնակատարելագործման։
Ազատութի՞ւն, թէ՞ ստրկութիւն
. Կը դառնայ ստրկութիւն, երբ մարդ ստիպուած է աշխատիլ անմարդկային պայմաններու մէջ, առանց ընտրութեան ազատութեան, սեփական կեանքը ամբողջութեամբ զոհելով միայն գոյատեւման նպատակին։ Սակայն եթէ մարդու հետաքրքրութիւնները չհամապատասխանեն աշխատանքին, զոր կը գտնէ անիմաստ, ճնշող եւ բնականաբար յոգնեցուցիչ, շատ դժբախտ կ’ըլլայ։ Իմ կարծիքովս այս իրավիճակը քիչ կը պատահի, որովհետեւ ինչպէս որ անդրադարձանք քիչ առաջ, երիտասարդները աւելի դիւրութեամբ կ’ուզեն փոխել ձանձրալի դարձած աշխատանք մը։
. Կը վերածուի ազատութեան, երբ մարդուն կու տայ տնտեսական անկախութիւն, ստեղծագործելու կարելիութիւն եւ իր կեանքի ու ապագայի վրայ ազդելու կարողութիւն։ Այստեղ կը մտածեմ անոնց մասին, որոնք ժամերը չեն հաշուեր, սիրով աւելի կը մնան, որ առաջացնեն իրենց գործը, եւ կ’ըսեն որ իրենց համար հաճոյք է։ Արդեօք որովհետեւ իրենց աշխատանքին բնոյ՞թն է տարբեր, թէ՞ գործին պայմաններն ու էութիւնը ժամերով չեն հաշուըուիր, օրինակ՝ բժշկութեան կամ իրաւաբանութեան ասպարէզին մէջ։
Այս բանավէճը ցոյց կու տայ, որ ժամանակակից մարդը աշխատանքը այլեւս չի տեսներ իբրեւ անխուսափելի միջավայր, այլ իբրեւ կեանքի որակը բարելաւելու եւ ինքնազարգացման միջոց։
21 Սեպտեմբեր 2026