Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2025-ին Ծիծեռնակի երիտասարդներուն զրոյցի նիւթը եղաւ լեզուահոգեբանութիւնը։ Նիւթը առաջարկողն ու վարողն էր լեզուաբանութեան ուսանող Միշէլ Խշոյեան։
Այստեղ՝ յաջորդաբար երկու երիտասարդուհիներու տեսակէտները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Շայիրին Մելանը,
մասնագիտութիւն՝ Միջազգային յարաբերութիւն եւ պատմութիւն
«Ա´խ, լեզուն լեզուն․․․»
Խաչատուր Աբովեան իր Վէրք Հայաստանի վէպին «Ա´խ լեզուն լեզուն․․․» հատուածին մէջ, «հայոց նորահաս երիտասարդներուն այս խորհուրդը կու տայ. «տա´սը լեզու սորվեցէք, բայց ձեր լեզուն ամո´ւր պահեցէք»։ Ահաւասիկ ֆրանսացի պոլսահայու մը տեսակէտը լեզուահոգեբանութեան մասին։
Պատանեկան տարիներուս, այս հարցումներով շատ չէի հետաքրքրուեր։ Բայց կեանքի իրադարձութիւնները մեր միտքերուն ու զգացումներուն մէջ փոփոխութիւններ կը բերեն ու տարբեր ձեւով կը գիտակցինք այս բաներուն։
Ֆրանսերէն, հայերէն եւ թրքերէն լեզուները ծնունդէս ի վեր միասնաբար ներկայ եղած են կեանքիս ու իմ պատմութեանս մէջ, ինքնութեանս մաս կը կազմեն։ Ամէն մէկ լեզուն տարբեր ձեւով կը սիրեմ։ Հպարտ եմ անոնցմով։ Բոլորովին տարբեր աշխարհներ կը բանան առջեւս։ Շատ հետաքրքրական է տարբեր լեզուներով առնչուիլ բանաստեղծութիւններուն եւ երգերուն, նկատել թէ ինչպէ՞ս զգացումները եւ միտքերը կ’արտայայտուին, ինչպէ՞ս են կատակաբանութիւններուն եւ բառախաղերուն տրամաբանութիւնները։ Առաւելապէս հայհոյանքները, որոնց գործածութիւնը բնաւ չեմ քաջալերեր, կը տեսնեմ սակայն, որ անոնք ալ մեզի ցոյց կու տան լեզուի միտքը, հնչիւնն ու ջղայնութեան արտայայտութիւնները։
Միշտ դիւրին չէ այս բոլոր լեզուներուն եւ իրենց համապատասխանող ինքնութեան գիտակցութիւնը ունենալ։ Պէտք է ընդունինք որ պոլսահայ ըլլալը դիւրին չէ։ Անձամբ փորձառութիւն ունեցայ լռելեայն կամ բացայայտօրէն արտայայտուած խտրականութեան։ Շատ հայեր դժուարութիւն ունին հասկնալու, որ հայ ըլլալով հանդերձ կրնանք թրքերէն ալ խօսիլ։ Կը մոռնան որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը ապրած են դարերով․ դպրոցները, եկեղեցիները աւելի շատ էին եւ բնականաբար մշակութային փոխանցում մը եղած է, ո´չ թէ միայն թուրքերուն հետ, այլ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող ուրիշ ազգերուն հետ ալ։
Ինչպէս հայերուն մէկ մասը, մեծ մայրս հայերէն չէր գիտեր եւ միայն թրքերէնով կրնայինք խօսիլ իրեն հետ։ Ես չեմ յիշեր թրքերէնը սորվելու համար ջանք թափած ըլլալ։ Այնպէս որ, կրնամ վկայել, թէ երեխայ մը կրնայ դիւրութեամբ սորվիլ լեզու մը անոր հետ անմիջապէս առնչուելով, լսելով եւ խօսելով։ Վերջերս հասկցայ որ յոյները իրենց մեծ մօրը «եաեա» ըսելով կը դիմեն։ Յիշեցի որ այս բառը 2017 թուականէն ի վեր առօրեայ կեանքիս մէջ չէր այլեւս։ Նաեւ հասկցայ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու եւ յոյներու միջեւ մօտիկ յարաբերութեան պատճառով, պոլսահայ թոռնիկները իրենց մեծ մօրը «եաեա» ըսելով կը դիմէին։ Հիմա աւելի լաւ կը գիտակցիմ ինչու «նէնէ», «տատիկ» կամ «մամի» ըսելով չեմ անուանած մեծ մայրս։ Ինչ քաղցր էր լսել մեծ մօրս բերնէն իր սիրոյ արտայայտութիւնները։ Շատ ուրախ եւ բախտաւոր կը զգամ, որ թրքերէնը անգիտակցաբար սորվեցայ։ Ասոր շնորհիւ կրցայ աւելի ամբողջութեանբ ստանալ մեծ-մայրական սէրը, նոյնպէս ալ եաեաս կրցաւ բոլորովին արտայայտել զայն։
Գաղթականութիւնը մշտական ներկայութիւն ըլլալով հայոց ճակատագրին մէջ, մեծ մասամբ հայերը կը տիրապետեն մի քանի լեզուներու։ Հետեւաբար, բնական երեւոյթ է, որ բազմալեզուութիւնը ազդեցութիւն ունենայ մեր խօսակցութեան մէջ։ Այսպիսով, կրնանք նկատել նաեւ, որ մեր տիրապետած լեզուներուն հնչիւնն ու բառապաշարը կ’ազդեն մէկը միւսին վրայ։ Լեզուի մը բարելաւումը կը պահանջէ եռանդուն կերպով գործադրութեան մէջ դնել զայն, բարդոյթներէն ազատագրուիլ ու դժուարութիւններէն չխուսափիլ։
Հայերէնի պարագային, իբրեւ երիտասարդ պէտք է լաւապէս գիտակցինք լեզուի հանդէպ մեր պատասխանատուութեան, եթէ ապագայ սերունդներէն կ’ակնկալենք մշակութային մեր արժէքներու պահպանումն ու բարելաւումը։
Փափաքս է, որ մէկս միւսը շնորհաւորենք հայերէնը սորվելու եւ զարգացնելու մեր բոլոր ջանքերուն համար։ Սխալ ընելէն չվախնանք։ Մեր ժառանգութեան պատասխանատուն ըլլանք։ Հայերէն լեզուն կենդանի է, մեզի հետ կ’ապրի, բայց մեզի հետ թող չմեռնի։ Յանձնենք այս թանկագին գանձը մեր զաւակներուն։
3 Responses
Լեզուահոգեբանութիւն. Միշէլ Խշոյեան ի զրոյցը շատ լաւ ներկայացուցած է, ընկալելի՝բոլորէն. հետեւաբար բոլորս հաստատակամ հետեւինք յարգելի Միշէլ Խշոյեանի յօդուածին վերջին պարբերութեան թելադրանքին:
Սիրելի Զարուկ, դարձեալ ու դարձեալ շնորհակալ եմ անդրադարձիդ համար։ Յստակացնեմ միայն, որ մեր զրոյցը պատրաստողն ու վարողն է Միշէլ Խշոյեանը։ Յօդուածին հեղինակը Շայիրին Մելանը ծածկանունով երիտասարդուհի մըն է։ Շուտով կը հրատարակուի նաեւ երկրորդ յօդուած մը։
Շայիրինին խոհերը լեզուներու եւ յատկապէս թրքերէնի` հոգեբանական առնչութիւններուն շուրջ նիւթը, շատ հարազատ է։ Ինծի համար` թրքերէնը ունի տարբեր ընդունման մակարդակներ։ Իբր` ֆրանսացի, զայն կ’ընդունիմ, ինչպէս որեւէ ուրիշ լեզու։ Ան կը պատկանի լեզուներու ընդարձակ ընտանիքին։ Իբր հայ` ան, իմ մեծ մօրս “յաւրուս” -ն է։ Բայց, իբր հայ` շատ կը բարկանայի, երբ հայկական դպրոցի բակին մէջ, պոլսահայ մայրերը իրար հետ թրքերէն կը խօսէին։ Սրբապղծութիւն կը յամարէի։
Շնորհակալութիւն Ծիծեռնակ խմբակին` միշտ հետաքրքրքկան նիւթեր արծարծելուն համար։