Լուսիկ Եաքար
Մատենադարան
Մատենադարան գացինք 22 Ապրիլին։ Այնտեղ գեղեցիկ մանրանկարչութիւններ տեսանք։ Շատ տարիներ առաջ եկեղեցականները մագաղաթի վրայ կը գրէին թանկագին քարերու փշրանքէ շինուած մելանով եւ որդան կարմիրով։
Մատենադարանը Հայաստանի ամենածանօթ թանգարանն է, որ կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Հոն կան հազարաւոր հին ձեռագիրներ։
Այս հաստատութիւնը շատ կարեւոր է հայկական մշակոյթին համար։ Շէնքին մուտքին կարելի է տեսնել հայ մշակոյթի ներկայացուցիչներու արձանները, որոնց մէջտեղը՝ հայկական այբուբենը ստեղծած Մեսրոպ Մաշտոցը իր աշակերտ Կորիւնին հետ։
Մատենադարանին մէջ կայ նաեւ շատ մեծ եւ ծանօթ ձեռագիր մը, որ կը կոչուի «Մշոյ Ճառընտիր»։ Այն կը կշռէ 28 քիլոկրամ եւ գրուած է 13-րդ դարուն։ Պատմութեան ընթացքին այս գիրքը քանի մը անգամ հրաշքով փրկուած է։ Այսօր կը պահուի Մատենադարանի մէջ եւ կը ցուցադրուի չափով ամենափոքր ձեռագիրին հետ։
26 Մայիս 2026
Գայանէ Յարութիւնեան
Խոր Վիրապ
Հայաստանի մէջ զիս ամենէն աւելի տպաւորած վայրը Խոր Վիրապն էր, որովհետեւ դպրոցական դասերու ընթացքին սորված էինք անոր պատմութիւնը։
Այս վայրը այցելելը շատ հետաքրքրական էր, քանի որ կրցանք մօտէն տեսնել այն փոսը, ուր Գրիգոր Լուսաւորիչը բանտարկուած էր։ Բնանկարը նոյնպէս հիասքանչ էր, հեռուէն կարելի էր տեսնել Արարատ լեռը, դաշտերը եւ արածող ոչխարները։
5 Մայիս 2026
Նշան Երիցեան
Սեւանայ Լիճ. նաւով պտոյտ
Սեւանայ լիճ երթալէն առաջ, հանրակառքին մէջ պարոն Պետոյեանը* մեզի պատմեց Սեւանայ լիճին մասին։ Այն կը գտնուի ծովի մակերեսէն մօտ 1900 մեթր բարձրութեան վրայ եւ ունի մօտ 1200 քմ² տարածութիւն, կը կազմէ Հայաստանի մէկ վեցերորդ մասը եւ 20-րդ դարուն կորսնցուցած է մօտ 10 մեթր խորութիւն։
Երբ հասանք Սեւանայ լիճ, գացինք Սեւան քաղաքի եկեղեցին, յետոյ բարձրացանք Սեւանավանք, որմէ ետք պարոն Պետոյեանի կարգադրութեամբ նաւով լիճը պտտեցանք։ Երգեցինք, ծիծաղեցանք եւ խօսեցանք։
Չէի կարծեր, որ Սեւանայ լիճը այսքան մեծ է։ 10 անգամ աւելի փոքր կը պատկերացնէի։
19 Մայիս 2026
Շատէն Քարոյեան
Էջմիածինի թանգարան
Էջմիածինի թանգարանը, որ կը գտնուի Սուրբ Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ, կը պահէ քրիստոնէական կարեւոր մասունքներ եւ հայկական սրբազան իրեր։ Տաճարը քրիստոնէական աշխարհի ամենէն հին կեդրոններէն մէկն է եւ մեծ նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար։
26 Մայիս 2026