ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Աշխատանքը եւ մենք

Խորազննում, Ալիսա Իգիթեան

Անցեալ Յուլիսի 18-ին Ծիծեռնակի երիտասարդները անգամ մը եւս հաւաքուեցան, այս անգամ զրուցելու, քննարկելու եւ մա´նաւանդ բացատրելու իրենց յարաբերութիւնը աշխատանքին հետ։ Ակնյայտ դարձաւ, որ նոր սերունդը բոլորովին տարբեր մօտեցում ունի կեանքի պէտքերը հոգալու այս միջոցին նկատմամբ, որ «աշխատանք» կը կոչուի։ 

Նիւթը առաջարկողն ու զրուցավարը Նոյեմի Շահմիրեանն էր։ Ստորեւ՝ Ալիսա Իգիթեանի յօդուածը։ 

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Ալիսա Իգիթեան, կենդանապատկերներու ծրագրաւորող

Մարդ-աշխատանք յարաբերութիւն

Կ’ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր կարելի չէ հերքել աշխատելու անհրաժեշտութիւնը մեր հիմնական կարիքները հոգալու համար. բաւարար չափով ուտել, գլխուն վրայ տանիք ունենալ, անկողինի մէջ քնանալ, լուացուիլ եւ այլն։ Ուստի, խոհեմութիւն պիտի ըլլար ժամանակ տրամադրել մտածելու մեր առօրեայ կեանքին վրայ աշխատանքի ունեցած ազդեցութեան մասին։

Կայ անշուշտ յաւերժական բանավէճը. մենք կ’ապրինք աշխատելո՞ւ համար, թէ՞ կ’աշխատինք ապրելու համար։ Ես պիտի ըսէի, թէ ատիկա կախում ունի թէ ինչպիսի՞  դիրք կը գրաւենք մեր արդի ընկերութեան մէջ։ Ստոյգ է, որ ծանր աշխատանքով եւ անապահով վիճակի մէջ գտնուող անձ մը պիտի չարձագանգէ այնպէս ինչպէս պիտի ընէր ընտանեկան պիզնէսը ժառանգած հարուստը։ 

Այս նիւթին շուրջ մեր վերջին հանդիպումին ընթացքին ես հասկցայ, որ մենք բաւական արտօնեալ վիճակ ունէինք. քիչ թէ շատ ճշդուած ժամանակացոյց, ֆիզիքական տեսանկիւնէ ոչ այնքան ծանր աշխատանք, որոշ մարզական/մշակութային գործունէութիւններու մատչելիութիւն, գործընկերներու կողմէ գնահատանք. ոմանց աշխատանքը նոյնիսկ «կիրքի արհեստ» է, որմով նկատի ունիմ արուեստի եւ երաժշտութեան հետ կապ ունեցող որեւէ աշխատանք։

Բայց եւ այնպէս, այս բոլորին զուգահեռ մենք դժգոհ ենք մեր առօրեայէն. չափազանց մեծ հեռաւորութիւն տան եւ աշխատավայրին միջեւ, մեր մակարդակին քիչ համապատասխանող աշխատավարձ, անձնական հաճոյքի եւ մտերիմներու ընկերակցութեան մէջ ըլլալու ժամանակի պակաս։ Այս բոլորը, որ դրամատիրութեան եւ թերեւս նոյնիսկ համաշխարհայնացման հետեւանքներն են, մեզ կը յանգեցնեն յուսախաբութեան։

Մենք չափազանց մեծ տեղ ձգած ենք ենթապայմանագրային, շուկայական մրցակցութեան, ընդհանուր շահոյթի մրցավազքին, այն խոստումին, որ որքա՜ն սպառենք, այնքան երջանիկ պիտի ըլլանք։ Բայց ատիկա սուտ է. դրամ ծախսելը մեզ չ’երջանկացներ. ակամայ գնումներ կատարելէն ետք զգացուած ոգեւորութիւնը պարզապէս քիմիական հակազդեցութիւն է մեր ուղեղին մէջ, որ ocydocine կ’արտադրէ։ Պատերազմներ կը մղուին մեր դրացի երկիրներուն մէջ, բնական աղէտները կրնան վնասել կամ քանդել մեր տունը, բայց մենք պէտք է շարունակենք վճարել մեր վերցուցած վարկերուն դիմաց։ 

Անդրադառնանք նաեւ աշխատանքի առնչութեամբ մեր ինքնութեան հարցին։ Անցեալին մականունները կ’որոշուէին մարդոց աշխատանքին եւ արհեստներուն համապատասխան։ Այսօր անշուշտ այդ սովորութիւնը չկայ այլեւս, բայց հին մականունները ժառանգուած են եւ կը շարունակուին գործածուիլ։ Կը կարծեմ, որ ներկայիս ծանր եւ հանապազօրեայ հացի ապահովման համար աշխատող մարդիկ, որոնց միակ նպատակն է բաւարարել իրենց կարիքները եւ հոգալ հիմնական ծախսերը, չեն ուզեր կապուիլ այդ աշխատանքին եւ զայն իրենց ինքնութիւնը դարձնել։

Ասով հանդարձ, արհեստաւորները, երկրագործները, անասնապահները եւ ինչ որ առնչուած է ձեռքի աշխատանքին եւ օգտակար է մեր ընկերութեան, կը հպարտանան իրենց աշխատանքով եւ կրնան ինքնաբերաբար նոյնանալ անոր հետ։ Ես կը գտնեմ, որ արհեստաւոր ըլլալը շատ ազնիւ է, եւ եթէ աշխարհը արդէն հսկայ գործարան մը եղած չըլլար, ես առանց վարանելու կ’ընտրէի այդ ասպարէզը։

Վերջապէս, պարզ է, որ մենք պէտք է յարմարինք մեր աշխատանքին, որպէսզի պահպանենք մեր մտային կայունութիւնը եւ գտնենք միջոցներ առօրեայ կեանքը աւելի հաճելի դարձնելու համար. մարզանք, ընթերցանութիւն, բարեկամներու հետ հանդիպում եւ այլն։ Բայց ատոնք չեն կրնար մեզի մոռցնել տալ, որ մեր ապրածը նաեւ հաւաքական բացթողում մըն է, որուն պատճառը մեր ապրելակերպը թելադրող լոպպիներն են։ Ու կացութիւնը փոխելու համար մենք բոլորս միասնաբա´ր պէտք է պայքարինք։

5 Օգոստոս 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *