ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Մեր գործունէութիւնները. մաս Գ.

Անահիտ Մանսուրեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Նազանի պարը

Նազանի պարը յաճախ կը ներկայացուի իբրեւ նրբագեղ պար մը։ Պարուհիները իրենց բազուկներով եւ ձեռքերով նուրբ շարժումներ կը կատարեն, միաժամանակ հետեւելով երաժշտութեան ռիթմին։ Ժեստերն ու մարմնի կեցուածքը նրբագեղութեան տպաւորութիւն կը ստեղծեն։

Տարազները եւ երաժշտութիւնը

Հայկական աւանդական պարերը կրնան ընկերակցիլ ժողովրդական երաժշտութեամբ եւ աւանդական հագուստնելով, որոնք կը կոչուին տարազ։ Այս հագուստները հայկական ժառանգութեան մէկ մասնիկն են եւ կրնան զարդարուած ըլլալ գեղեցիկ գոյներով եւ նախշերով։ Պարը հայկական մշակութային ինքնութեան մէկ մասն է։ 

Անիկա կը միաւորէ մարդիկը, կը նպաստէ տօնակատարութիւններուն եւ աւանդութիւնները կը փոխանցէ նոր սերունդներուն։

Պարի դասերը

Պարի դասերը կը սկսին մարմինը տաքցնելու վարժութիւններով։ Աշակերտները կը սկսին պարի քայլերն ու շարժումները եւ ուսուցիչին հետ կը կրկնեն զանոնք երաժշտութեան ռիթմին համաձայն։

Շնորհակալ եմ մամայիս, որ օգնեց ինծի ասիկա գրելու։

Մոնիգա Սիմէոնեան,
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Մեծ Հայք

Մեծ Հայքը Առնուվիլ քաղաքին մէջ գործող հայկական պարային խումբ է, որ շատ կը սիրեմ, քանի որ կը ներկայացնէ հայկական պարը։

Եարխուշտա

Ես ձեզի պիտի ներկայացնեմ եարխուշտա հայկական աւանդական պարը։ Եարխուշտան շատ հին հայկական աւանդական պար մըն է: Անիկա կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին ուժը, քաջութիւնը, միութիւնը եւ եղբայրութիւնը:

Այս պարը կը պարուի երկու խումբով։ Անոնք իրարու դիմաց կը կանգնին։ Պարողները ուժեղ եւ ռիթմիկ քայլերով իրարու կը մօտենան եւ ձեռքերնին իրարու կը զարնեն:

Հին ժամանակներուն այս պարը կը պարուէր պատերազմէն առաջ, քաջութիւն եւ ուժ ցոյց տալու համար: Այսօր եարխուշտան հայկական մշակոյթին պատմութեան եւ հպարտութեան խորհրդանիշն է:

Էրիկ Կիւլամիրեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8րդ դասարան

Ֆութպոլ եւ իր պատմութիւնը

Ֆութպոլը աշխարհի ամենէն սիրուած մարզանքներէն մէկն է։ Այն կը միացնէ միլիոնաւոր մարդիկ եւ կը պահանջէ արագութիւն, ճշգրտութիւն ու խմբային աշխատանք։

Ժամանակակից ֆութպոլը ծնունդ առաւ Անգլիոյ մէջ, 19-րդ դարուն։ 1863 թուականին հաստատուեցան խաղին ընդհանուր կանոնները։ 1930 թուականին Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի առաջին ախոյեանութիւնը։

Իւրաքանչիւր խումբ ունի 11 խաղացող՝ ներառեալ դարպասապահը։ Խաղը կը տեւէ 90 վայրկեան՝ 45 վայրկեաննոց երկու կիսախաղերով։

Խաղացողներուն դիրքերն են՝ դարպասապահ, պաշտպան, կիսադաշտ եւ յարձակող։ Դեղին քարտը զգուշացում մըն է, իսկ կարմիր քարտը կը նշանակէ խաղէն հեռացում։

Ֆութպոլին մէջ գիտութիւնը կարեւոր դեր ունի։ Գնդակին արագութիւնն ու ուղղութիւնը կախեալ են հարուածին ուժէն եւ անկիւնէն։

VAR  համակարգը (փոքր հեռուստացոյց, որ կը նպաստէ սխալները աւելի լաւ տեսնելու) կ’օգնէ մրցավարներուն ստուգելու վիճելի դէպքերը եւ աւելի ճշգրիտ որոշումներ կայացնելու։ 

Շնորհակալ եմ մամայիս իր օգնութեան համար։

10 Նոյեմբեր 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *