ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՊԱՅՔԱՐԸ. ՄԱՍ Դ.

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

ՆՈՅԵՄԻ ՇԱՀՄԻՐԵԱՆ

Անցեալի եւ ներկայի պատերազմներու ընթացքին հայրենիքի պաշտպան մեր հայ զինուորները մեր հպարտութիւնն են։ Անգամ մը եւս կատարելապէս ապացուցեցին ապրելու իրաւունքի համար հայու ուժը եւ անմնացորդ պայքարը, կռուելով 44 օր Ադրբեջանի, Թուրքիոյ  եւ անուղղակիօրէն նաեւ բազմաթիւ երկիրներու դէմ։ Մեր դարուն, նման պայքար ինչպէ՞ս կրնայ գոյութիւն ունենալ։ 

Ամբողջ աշխարհի հայերու սիրտը այս վերջին օրերու հարուածէն աւելի խոր վիրաւորուեցաւ։ Մեր սիրտերը՝ լեցուն, մեր բերանը՝ անկարող բա՛ռ մը անգամ արտասանելու։ Այո, այս անգամ տխուր սրտով կը գրեմ իմ եզրակացութիւնս։ Տխուր, բայց ոչ յուսահատ։ Այս գէշ օրերուն Հայաստանը աւելի քան երբեւէ պէտք ունի բոլոր իր հայրենակիցներու անսպառ նեցուկին։ Նաեւ պէտք ունի հայասէր մարդոց, որոնք պիտի պայքարին, ինչպէս միշտ պայքարած են, իրենց հայրենիքին համար, որպէսզի կրկին ոտքի կանգնին մեր Հայաստանն ու Արցախը։ Ամէն հայ կրնայ օգնել իր հայրենիքին, օրինակ՝ Հայկական Հիմնադրամին նուիրատւութիւն ընելով, հայկական ապրանքներ գնելով, մարդասիրական գործողութիւններու մասնակցելով։

Հայերը կրնան օգտուիլ ամենէն զօրաւոր զէնքերէն. արդար նպատակ եւ միասնակամութիւն։ Յանկարծ չմոռնանք կարեւոր հարց մը. պայքարելու համար հակառակորդներու ապատեղեկատւութեան դէմ, ամէն հայու համար անհրաժեշտ է գիտնալ իր պատմութիւնը։ Թշնամին որքան ալ նիւթապէս պինդ կռնակ ունենայ, չի կրնար ամբողջ աշխարհին խաբել տեւական։

Մեր հերոս, անմահացած, վիրաւոր զինուորներու սիրոյն իրաւունք չունինք թոյլ պահելու մենք մեզի։ Յիշենք, որ սա է հակառակորդին մաղթանքը. ազդել մեր տրամադրութեան վրայ եւ այսպիսով նուազեցնել մեր ուժը։

Անհնար է հայ ազգը ջնջել։ Բազմաթիւ անգամներ փորձած են, բայց չեն կարողացած, որովհետեւ մեր հողերուն հանդէպ լեցուած ենք անսպառ ուժով, յոյսով, սիրով ։ 

Ճանչնանք մեր հերոս զինուորները։ Աստուած իրենց հոգիները լուսաւորէ եւ համբերութիւն տայ բոլոր սգաւոր հայ ընտանիքներուն։ Աղօթենք, որ խաղաղութիւնը իշխէ։ Հայաստանը կը վերածնի մեր հաւատքով ու միութեամբ։ Այսպիսի մտայնութեամբ համագործակցիլ. սա է մեր ազգին յաղթանակը։

ՙՈվ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է՚.  Եղիշէ Չարենց։

15 Նոյեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան