Երախտագիտութեամբ կը յայտարարենք
Փարիզի Ընկերային Ծառայութեան Հայկական Ընկերակցութիւնը
(Association Arménienne d’Aide Sociale-AAAS)
երկրորդ անգամ ըլլալով նպաստ կը յատկացնէ Ծիծեռնակ կայքէջին։ Շնորհիւ այս հոգատարութեան, Ծիծեռնակ պիտի կարողանայ իրականացնել գրական եւ լեզուական քանի մը ծրագիրներ։
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք
Կազմակերպութեան նախագահ պարոն Պերնառ Ժամկոչեանին եւ
ընդհանուր տնօրէն պարոն Վազգէն Մելտոնեանին։
Ամէն գնով պիտի արդարացնենք Ծիծեռնակի գործունէութեան հանդէպ ձեր վստահութիւնը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ