ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Շահան Շահնուր. մաս Ա.

Շաբաթ, 3 Մայիս 2026-ին, ԾԻԾԵՌՆԱԿի երիտասարդական խումբը հաւաքուեցաւ զրուցելու  Շահան Շահնուրի գրականութեան մէջ արտայայտուած կարգ մը երեւոյթներու շուրջ եւ փորձելու զանոնք մեկնաբանել։ Նիւթը առաջարկողն ու վարողն էր Անի Դանիէլեան։

Ստորեւ՝ անոր նեկայացուցած Շահնուրի կենսագրութիւնն ու գրականութենէն հատուածներ, որոնք հիմք ծառայեցին մեր բանավէճին։ Յաջորդիւ՝ Մարիամ Ասուլեանի յօդուածը։ 
 

  ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Շահան Շահնուր. կենսագրական գիծեր

Պատրաստեց Անի Դանիէլեան. թարգմանիչ եւ գրական ժառանգութեան պահպանման ծրագրի ղեկավար։

 Շահան Շահնուր (Շահնուր Քերեսթեճեան). (3 Օգոստոս 1903, Կ.Պոլիս – 20 Օգոստոս 1974, Սէն Ռաֆայէլ, Ֆրանսա)։
1922-ին կը հաստատուի Փարիզ։

Սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մէկն է։

1929-ին լոյս կը տեսնէ Նահանջը առանց երգի (La retraite sans fanfare) վէպը։
Կը պատկանի «Մենք» գրական, մտաւորական շարժման (1930-1933)։
Հիմնական գաղափարները՝

  • անդրազգային գրականութիւն մը ստեղծել,
  • արեւմտահայերէն լեզուով գրել,
  • ներկան գրել, մերժելով անցեալը,
  • սփիւռքը դարձնել ստեղծագործական վայր։

Շահան Շահնուր՝ վիճայարոյց.
Իր գրգռիչ գրութիւններով Շահան  Շահնուր խիստ քննադատութեան արժանացած է. Մարդ մը որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը (1939, Պէյրութ, Վազգէն Շուշանեան)։ Դադրած է հայերէնով գրել 1939-էն մինչեւ 1955։ Գրած է ֆրանսերէնով, Արմէն Լիւպէն ծածկանունով։

Հատուածներ Շ. Շահնուրի գրականութենէն

Հատուածներ Աւագ ուրբաթ գրութենէն

(«Զուարթնոց» պարբերաթերթ գրականութեան եւ գեղարուեստի,  Յուլիս 1930)

 Այս որքա´ն պառաւ, այս որքա´ն տգեղութիւն։ «Փա´ռք քեզ Տէր… փրկեա´ զանձն իմ Տէր… մոմը պզտիկ է, մեծ մը տուր»։ Անզսպելի փափաքը ունիմ խնդալու, քահ քահ խնդալու. ես բնաւ չեմ ախորժիր opéra-comique-էն եւ ոչինչ այնքան կը նմանի opéra-comique-ի՝ որքան եկեղեցին։ […] պռաւօ´, ապրի´ք աղջիկներ, ես ձեր զմայլելի աչուկները սիրեմ, պաշտեմ ձեր հասակը, պիտի չզղջամ եկեղեցի եկած ըլլալուս համար, եւ ըսել թէ հայ աղջիկները տգեղ են, կ’ըսեն, մինչդեռ դուք … պռռռ. ռուս են եղեր. կը մեկնին, մեկնեցան:

Պառաւներու այս անախորժ կոյտը ճշմարիտ պատկերն է հայութեան, ծովէ ծով նետուած հայութեան։ Նայէ΄ հոս եթէ կ’ուզես բոլորս մէկ տեսնել։

«Կապիկը եթէ իրեն համար Աստուած մը երեւակայէր, անոր կապիկի դիմագիծ պիտի տար». նմանապէս հայն ալ իր Աստուծուն տուաւ իր դիմագիծը, ու ան եղաւ քիթիփիոս Աստուած։ Քրիստոնեայ աստուածներուն ամենէն անկարը, ամենէն անարիւնը, ամենէն վատոյժը, ճիշդ այս ժողովուրդին պէս։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ, յանուն իմացականութեան եւ յանուն սրտին, յանուն միտքին եւ սէրին։ Ո´վ դուք, տաղտկալի ըլլալու չափ անվերջանալի սերունդները հին հայոց, ո՞ւր է ձեր միտքը, ո՞ւր է ձեր սիրտը։ Իմ առջեւս կը կանգնիք ձեռքերնիդ պարա՞պ, դո´ւրս, դո´ւրս պարտուածները, դո´ւրս անկարները։ Եւ դո´ւն, երէկի սերունդ, ջարդուած սերունդ, կ’ուրանամ քե´զ ալ։ Բացի ձեր մէջը գտնուող մէկ քանի կոյս արուեստագէտներէ, դուք չէիք կրնար չջարդուիլ ո´վ ապրիլ 11-եաններ։ Դուք պէ´տք է որ ջարդուէիք, քանի որ ամէն բան ըրիք ատոր համար: Կարելի է եւ պէտք է ձեզ գթալ, բայց չեմ կրնար սիրել ձեզ։ Գիտեմ թէ ձենէ շատեր եւ շատեր (գրեթէ բոլորդ) բարի նպատակներով տոգորուած էիք, բարի կամեցողութիւն ունէիք երբեմն եւ կը սիրէիք Հայը: Բայց ատիկա բան մը  չ’արդարացներ: Այն որ ազգի մը ճակատագրին հետ կը խաղայ, այն որ ժողովուրդի մը պատասխանատուութիւնը վրան կ’առնէ, ան կրնայ անբարոյական ըլլալ, կրնայ սրիկայ ըլլալ, կրնայ վատ ըլլալ, բայց պէտք է որ միտք ունենայ եւ յաջողի: Վայրենի անասուններն ալ լաւ զգացումներով են տոգորուած երբոր ուրիշ կենդանիներ կը բզքտեն: Եւ դուք մեզ բզքտեցիք։

Ո´վ քիթիփիոս Աստուածը հայերուն, նայէ´սա պառաւներուն: Անոնք անդադար խաչ կը հանեն պատկերի մը առջեւ որ խաչելութենէ մը աւելի carte d’identitéի կը նմանի: Կը բաւէ΄, կը բաւէ΄ որքան որ անոնք սեւեր հագան եւ գլուխնին ծռած աղօթեցին: Զանոնք վերածէ կատաղութեամբ լեցուն թշուառականներու, ատելութիւն, կիրք, բայց մանաւանդ յուսահատութիւն տուր անոնց: Եթէ չունիս, ես քեզի կու տամ, բա΄ց ձեռքերդ. ես ունիմ պէտք եղածէն աւելի. բա´ց տոպրակներդ . տե´ս կը ճզմուիմ անոնց բեռանը տակ. ես այնքա´ն ունիմ ատելութիւն, ես այնքա´ն, այնքա´ն ունիմ յուսահատութիւն.

Ես 
Ես 
Ես 
Միս մինակ։
Գարո΄ւն, գարո΄ւն … միս մինակ …

Տարբեր գրութիւններէ եւ յօդուածներէ հատուածներ

Վերջին խօսքս՝ չափազանցութիւն է, «Սիրտ սրտի», 1995, Մատենաշար «Յառաջ»

 «Հայեցի շեշտ: Իրաւ որ հայեցի բան մըն է, իրաւ որ ազգային եւ ցեղային թերութիւն մըն է այս խոր հակումը դէպի ինչ որ մակերեսային է եւ հպանցիկ, դէպի ինչ որ թափթփած է, տարտամ է եւ պղտոր»։


Վէպին շուրջ
, «Սիրտ սրտի», 1995, Մատենաշար «Յառաջ»

«Համատարած է մեր մէջ սովորութիւնը՝ ընդհանուր խօսքեր ընելու։ Կը ճախրենք միշտ տարտամին, անորոշին եւ հարեւանցիին մէջ, խուսափելով օրինակներէ»։

Թէոդիկ (Մահուան տարելիցին առթիւ), «Սիրտ սրտի», 1995, Մատենաշար «Յառաջ»

«Չունինք նոյնիսկ մարդեր -միշտ մտաւորական գետնի վրայ- որոնք տիպար դառնալու համար նուիրուին մէկ բանի»։

Նահանջը առանց երգի, վէպ

«Հայը ունի լաւ նկարիչներ, բայց ո´չ նկարչութիւն, հայը ունի լաւ դերասաններ, բայց ո´չ թատերգութիւն։ Հայը ունի զմայլելի բանաստեղծներ, բայց ո´չ գրականութիւն, խնկելի յեղափոխականներ, բայց ո´չ յեղափոխութիւն, հայը ունեցած է ազատութիւն, երբեք` անկախութիւն»:

Մենք, յօդուած, «Յառաջ» օրաթերթ, 27 Յունուար, 1932, Փարիզ

«Եւ շատ բնական է, որ մեր ակնարկը դարձնենք դէպի ներս եւ սկսի հաշուեկշիռը, ինքնաքննադատութիւնը, սկսի տարբեր, իրական «հայրենասիրութիւնը» գրականութեան մէջ»։

Մայիս 2026

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *