ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ընտանիքիս պատմութիւնը. մաս Գ. եւ վերջ

Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան 

Վայք Մկրտիչեան 

1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սկսաւ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը։

Իմ մեծ մօրս մեծ մայրը ինը տարեկան էր, երբ ընտանիքով գաղթի ելան Զէյթունէն, ձգելով իրենց տուներն ու հողերը։

Անօթի ծարաւ քալեցին անապատներէն։ Անցան Սուրիոյ Տէր Զօր անապատը, իրենց ընտանիքի անդամները մահացան։ Իրենց ետեւ ձգելով հարազատներու մարմինները, միայն մի քանի հոգի կրցաւ ազատիլ։ Այսպէս սկսաւ իրենց նոր կեանքը Սուրիոյ մէջ։ 

Անահիտ Մանսուրեան

Տիտիկս ինծի պատմեց, որ պապիկիս մեծ ծնողները Տիգրանակերտէն գաղթած են Լիբանան, ցեղասպանութեան պատճառով։ Տիգրանակերտը  հայկական հին քաղաքներէն մէկն է, կառուցուած մեր թուարկութենէն առաջ Ա. դարուն Տիգրան Բ. մեծ արքայի կողմէ։

Այդ ատեն պապիկիս հայրը կորսնցուցած է իր ծնողները եւ որբ դարձած է։ Լիբանան զինք տեղաւորած են որբանոց, ուր ան հանդիպած է աղջկայ մը, որ պապիկիս մայրն է։

Անոնք ամուսնացած են եւ ունեցած են 4 երեխայ։ Յետոյ տեղափոխուած են Հայաստան։ Երեխաները մեծցած են Հայաստանի մէջ։ Պապիկս նկարիչ էր, եղբայրը երաժիշտ է եւ քոյրը՝ օբերայի երգչուհի։ Մանսուրեան յայտնի ընտանիքն է։

Հակառակ թուրքերու բարբարոսութեան, անոնք դարձած են երկրին պիտանի եւ արժանի զաւակներ։  

Վայք Մկրտիչեան

Անժելի Գոմանտեան

Պապայիս կողմէն

Մեծ հայրիկիս հայրը
Ծնողները Գոնիայէն անցած են Իսթանպուլ, յետոյ Յունաստան՝  Սելանիք, որմէ ետք՝ Պաթումի, անկէ ետք հասած են Թիֆլիս եւ վերջապէս հաստատուած են Հայաստանի Երեւան քաղաքը։ 

Մեծ մայրիկիս մայրը
Ծնողները ապրած են Աֆիոն Գարահիսար, հոնկէ գացած են Յունաստան, յետոյ հասած են Հայաստան։

Մեծ մայրիկիս հայրը
Ծնողները ապրած են Անգարա, հոնկէ գացած են Ֆրանսա՝ Մարսիլիա, որմէ ետք մեկնած են Հայաստան՝ Երեւան։

Մեծ մայրիկիս ծնողները հանդիպած են, ամուսնացած են եւ 30 տարի Հայաստան ապրելէ ետք եկած են Ֆրանսա եւ հիմա կ’ապրին հոս։ Հոս ծնած է պապաս եւ յետոյ՝ ես։

Ալիա Գերեքճեան 

Շատ բան չեմ գիտեր ընտանիքիս պատմութեան մասին։ Միայն գիտեմ, որ երբ իմ մեծ հայրս եւ իր ընտանիքը Հայաստանէն մեկնած են, ինք հազիւ 3-5 տարեկան էր։

Անոր անունը Ռուբէն էր։ Անոնք մականուն փոխած են եւ Տէր Երանոսեանը դարձած է Գերեքճեան։

Յետոյ անոնք հասած են Ֆրանսա՝ Մարսիլիա։ Պէտք է, որ յարմարէին իրենց նոր կեանքին։

Էրիկ Կիւլամիրեան

Իմ նախահայրերս ծնած են Օղբին գիւղը (Օղբին կը գտնուի Վայոց Ձորի մարզը), Նախիջեւանի կից։ Մեր նախահայրերը տեղափոխուած են Արտաշատ քաղաք եւ այժմ զաւակներէն ոմանք կ’ապրին այնտեղ։

14 Մայիս 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *