ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ապրիլեան ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան. մաս Գ.

«Գայանէ» պալէէն տեսարան. Երեւանի օբերային թատրոն

Ռաֆայէլ Խանչարեան

Գայանէ պալէի օրը

22 Ապրիլի իրիկուան ժամը 7-ին ելանք հիւրանոցէն, որ ժամը 8-ին ըլլանք օբերա։

Երբ հասանք օբերայի շէնքին դիմաց, հասկցայ, որ շատ սիրուն բան մը պիտի դիտենք։ Մտանք շէնք եւ տեսայ մեծ սրահ մը, ուր տեղաւորուեցանք։ 

2 ժամ դիտեցի Գայանէ պալէն։ Շատ հաւնեցայ։

Ներկայացումէն ետք գացի ջուր խմելու եւ սկսայ խօսիլ մարդու մը հետ, որ հարցումներ հարցուց ինծի։

Գիշերը, պալէի ներկայացումէն ետք գացինք քրէփ ուտելու, յետոյ հիւրանոց գացինք եւ քնացանք։

Շատ սիրեցի այս օրը։

19 Մայիս 2026

Ցոլինէ Ճինկօզ

Ընկերներով այցելութիւնս Կոմիտասի թանգարան

Կոմիտաս վարդապետի դաշնամուրը. Երեւանի Կոմիտասի թանգարան

Ապրիլի արձակուրդին դասարանով Հայաստան երթալու հնարաւորութիւն ունեցանք։

Այնտեղ այցելեցինք Կոմիտասի թանգարանը, որ կը գտնուի Երեւան քաղաքը։

Այս թանգարանը կը պատմէ Կոմիտասի կեանքի մասին։ Ան հայկական մշակոյթի մէջ կարեւոր երգահան եւ երաժիշտ է։

Տեսանք շատ նկարներ, առարկաներ, ունեցանք տեղեկութիւններ իր կեանքին եւ հայկական երաժշտութեան մասին։

Հետաքրքրական թանգարանը մըն է։ Ես շատ բան սորվեցայ Կոմիտասի պատմութեան եւ աշխատանքին մասին։

Շատ սիրեցի այս այցելութիւնը, որովհետեւ ուղեցոյցին շնորհիւ կրցայ խորացնել գիտելիքներս Կոմիտասի տաղանդին մասին։ Ընկերներով երգեցինք եւ ուրախ ժամանակ անցուցինք։

Կ’ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել թանգարանին իր ցոյց տուած ընդունելութեան եւ ազնիւ վերաբերումին համար։

12 Մայիս 2026

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *