
Սարգիս Քենտիր, Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Սարդարապատի ճակատամարտը եւ յուշահամալիրը
Սարդարապատի ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Մայիս 1918-ին։ Այս ճակատամարտը փրկեց Հայաստանը եւ այս յիշողութիւնը պահելու համար յուշահամալիր կառուցուեցաւ ճակատամարտի տեղը։
1918-ին, Հայաստանը շատ դժուար վիճակի մէջ էր։ Տեղի ունեցած էր ցեղասպանութիւն, Արեւմտեան Հայաստան չկար այլեւս եւ Օսմանեան բանակը կը փորձէր գրաւել նաեւ Արեւելեան Հայաստանը՝ հասնելու համար Երեւան։

Սարդարապատի ճակատամարտը
Սարդարապատի ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Մայիս 1918-ին, Սարդարապատ գիւղին մօտ, Արարատեան դաշտ։ Չնայած որ թուրքերը աւելի շատ ուժ ունէին, բայց հայերը, զօրավարներ Սիլիկեանի եւ Նազարբէկեանի առաջնորդութեամբ, մեծ կամք եւ միութիւն ցոյց տուին եւ քաջութեամբ կռուեցան եւ յաղթեցին։ Պայքարին մասնակցեցան զինուորներ, կամաւորներ, գիւղացիներ, նոյնիսկ կիներ եւ պատանիներ։ Առանց այս յաղթանակին Հայաստանը կրնար ջնջուիլ։
Մի քանի օր ետք, Մայիս 28-ին, Հայաստանը յայտարարեց իր անկախութիւնը։ Ստեղծուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը։ Սարդարապատը մինչեւ այսօր խորհրդանիշ է գոյատեւումի, հայրենասիրութեան եւ միութեան։
Յուշահամալիրը

Ճակատամարտէն 50 տարի վերջ, 1968-ին, կառուցուեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրը եւ ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը։ Յուշարձանը շատ տպաւորիչ է որովհետեւ կան .
. երկու մեծ թեւաւոր ցուլերու արձաններ (կը նշանակեն ուժ ու դիմադրութիւն),
. մեծ զանգակատուն մը, որ կը բարձրանայ դէպի երկինք,
. եւ թանգարան մը, ուր կը ցուցադրուին ճակատամարտի եւ հայ պատմութեան կապուած նիւթեր։
Այս յուշարձանը կը խորհրդանշէ հայերու յաղթանակը Սարդարապատի ճակատամարտի ժամանակ։
Այցելութիւն
Մեր Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, երբ գացինք Սարդարապատ, տեսանք յուշահամալիրը, որ շատ մեծ յուշարձան է, յետոյ այցելեցինք թանգարանը, ուր տեսանք բազմաթիւ առարկաներ, որոնք օգտագործուած են հայերու կողմէ հին դարերէ ի վեր, եւ ուղեկցողները մեզի կարճ ձեւով պատմեցին Սարդարապատի ճակատամարտի մասին։
22 Մայիս 2025