ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Գիրք կը կարդանք. մաս Բ.

Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

Էմիլի Յակոբեան

Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն

Այս գիրքը կը ներկայացնեմ ձեզի, որովհետեւ շատ սիրեցի պատմութիւնը։ Գիրքին նիւթը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, որ շատ կարեւոր է հայերուն համար եւ չի մոռցուիր։

Գիրքի հեղինակներն են Ժան Պլեզ Ճան, Կորիւն Աբրիկեան, գծանկարիչն է Քյունկ Իւն-Փարք։ Լոյս տեսած է 2022-ին, Փըթիթ-ա-փըթի (Petit à petit)  հրատարակչատունէն։

Վայք Մկրտիչեան

Ձեզի պիտի ներկայացնեմ գիրք մը, որ բաւական է կը կարդամ։ Շատ հետաքրքրական եւ յուզուելիք է, որովհետեւ կը պատմէ հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը նկարաշարի ձեւով։

Գիրքին անունն է Հայոց ցեղասպանութիւն։
Պատումի հեղինակներն են՝ Կորիւն Ափրիկեան եւ Ժան Պլեզ Ճան
Նկարազարդողն է Քյունկ Իւն-Փարք
Հրատարակչատուն՝ Փըթիթ-ա-փըթի (Petit à petit)
Լոյս տեսած է Դեկտեմբեր 2022-ին, 127 էջով։

Նիւթ. Հայոց ցեղասպանութիւն, որ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային առաջին  պատերազմի ընթացքին՝ 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Թալաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ թուրք փաշաներու ղեկավարութեամբ։ Անոնք տեղահանեցին  եւ ջարդեցին հայ ժողովուրդը եւ գրաւեցին մեր հողերը։

Խորհուրդ կու տամ, որ ամէն հայորդի կարդայ այս գիրքը եւ ունենայ իր գրադարանին մէջ։

Ազատ Նեւես

Attaque des titans մանկայի առաջին գիրքը կը պատմէ աշխարհ մը, ուր մարդիկ կ’ապրին շրջապատուած պարիսպներով, պաշտպանուելու համար տիտաններէն։ Էրէն Եէկէր, գլխաւոր հերոսը կ’երազէ տեսնել պարիսպներէն դուրս եղող աշխարհը։  

Հեղինակն է Հաժիմ Իսայամա։

Հրատարակուած է 9 Ապրիլ 2021-ին, Փիքա (Pika) հրատարակչատունէն։

Սթելլա Գապալագ

Այս գիրքին անունն է Մեթամորֆոզներ։ Գրած է Օվիտը, մեր թուարկութեան  սկիզբը։ Առաջին անգամ ֆրանսերէնով լոյս տեսած է 1553 թուականին։

Գիրքը կը պատմէ մարդոց, աստուածներու եւ հերոսներու վերածումը բոյսերու կամ անասուններու։ Ունի 12 պատմութիւն։  Լատին հեղինակը 6 տարի դրած է այս գիրքը գրելու համար։ Բոլոր պատմութիւններուն բարոյականութիւնը այն է, որ աստուածները կը պարգեւատրեն կամ կը պատժեն մարդիկը։

Իմ կարդացածս տպագրուած է 2021-ին։

Մարտ-Ապրիլ 2025

Facebook
Twitter
LinkedIn

One Response

  1. Սիրելի աշակերտներ եւ Տիկ Նորա, կը շնորհաւորեմ ձեր այս հիանալի աշխատանքին, շատ ապրիք, այսպէս շարունակեցէք եւ փայլեցուցէք մեր կայքէջը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *