
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Էրիկ Յակոբեան
Փորձաշրջանս անցուցի Louis Vitton Moët Hennesy (LVMH) ձեռնարկութեան մէջ։ LVMH-ը ֆրանսական ընկերութիւններու խումբ է, որ հիմնուած է 1987-ին Ալէն Շըվալիէի եւ Հանրի Ռաքամիէի կողմէ։ Այսօր շքեղութեան ոլորտի մէջ համաշխարհային առաջատարներէն մէկն է։
Այնտեղ ես աշխատեցայ իբրեւ պահակ եւ սպասարկող։ Սուրճ պատրաստեցի, հանդիպումներու մասնակցեցայ եւ ուտեստներ համտեսեցի։


Միհրան Աւետիսեան
Փորձաշրջանիս ընթացքին հետեւեցայ գոհարներու վրայ աշխատող մարդոց։
Առաջին օրը տեսայ թէ ինչպէս կը քանդակէին գոհարները։
Երկրորդ օրը համակարգիչի բաժինն էի, համակարգչային ծրագիր մը գործածելով մարդապատկեր պատրաստեցի։
Երրորդ օրը քարերու տեղաւորման բաժինն էի, ինծի ըսին, որ երբ գոհար կը ստանային գոհարավաճառէն, յաճախորդին ուզած քարին վրայ կ’աշխատէին, յարգելով գունային կանոնը։
Չորրորդ օրը ինծի տուին կաւանման նիւթ մը, որմով մարդապատկեր շինեցի։
Հինգերորդ օրը մետաղ մը տուին՝ արոյր (laiton), յատուկ սղոցով մը կտրեցի եւ կիսալուսին պատրաստեցի։ Մնացած մետաղը լազեր արձակող մեքենայի մը միջոցով մածուցեցի։
Լիլիա Պօղոսով
Փորձաշրջանս կատարեցի ատամնաբուժարանի մէջ եւ շատ լաւ անցաւ։ Շատ բան սորվեցայ այս մասնագիտութիւնը սերտելով։ Օրինակ՝ ինչպէ՞ս առնել ատամներու չափերը, ռատիօ ընել, եւ այլն։
Ատամնաբոյժին անունը Տիգրիս Գրիգորեան էր, ան ալ ուսանած էր իմ դպրոցիս՝ Դպրոցասէրի մէջ։

Սորվեցայ, թէ ինչպէ՞ս պէտք էր յարաբերիլ հիւանդներու հետ, ըլլալ համբերատար, ժպտերես, մտնել հիւանդի դրութեան մէջ եւ փորձել սիրով կատարել աշխատանքը որքան ալ յոգնած ըլլանք։
Սորվեցայ ախտահանել գործիքները եւ յատուկ տոպրակներու մէջ դնելով տեղաւորել սարքի մը մէջ, որ բարձր ջերմաստիճանով կը հականեխէ գործիքները։ Եւ ասիկա կը տեւէ մէկ օր։
Ես շատ ուրախ եմ, որ մասնագիտութեան մը մասին քիչ թէ շատ բան սորվեցայ։

Օննիկ Ալթունեան
Իմ 9-րդ դասարանի փորձաշրջանս կատարեցի քաղաքային ոստիկանատունը։ Այս օրերու ընթացքին ես ծանօթացայ ոստիկանատան աշխատանքին եւ պարտականութիւններուն։
Փորձաշրջանիս ընթացքին ես մասնակցեցայ ոստիկանատան վարչական գործընթացին, ծանօթացայ OTV (արձակուրդային բացակայութեան շրջանին բնակարանի ապահովութիւն) եւ ASVP (ճանապարհային ապահովութիւն) սպասարկութիւններուն։
Սորվեցայ նաեւ, թէ ինչ է կապը քաղաքային ոստիկանութեան եւ քաղաքաշինութեան։
Գրիգոր Մելքոնեան
Փորձաշրջանս անցուցի ձեռնարկութեան մը մէջ, ուր բնակարանային խորհուրդներ կու տան մարդոց։ Ներկայ եղայ առեւտրականներու հանդիպումներու, խոհանոցը մաքրեցի եւ կարգի բերի։ Անսթակրամի վրայ տեսանիւթեր հրատարակելու համար նկարներ պատրաստեցի։
Ապրիլ 2025