ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Մոլիէրի վայելք. մաս Ա.

Դպրոցասէր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները անցեալ Ապրիլ 1-ին եւ 15-ին թատրոն գացին ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ։ Ահա անոնց տպաւորութիւնները։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Դասընկերներով թատրոն գացինք

Սիլվա Պաղտասարեան

1 Ապրիլին դասարանիս ընկերներով թատրոն գացի Մոլիէրի «Le médecin malgré lui»ն տեսնելու համար։

Առտուն, ջութակի դասէս վերջ, աճապարանքով ինքնաշարժ նստայ եւ ճամբայ ելանք պապաս ու ես։ Երբ տեղ հասայ, քանի մը հոգի կար արդէն եւ քիչ քիչ ժողովուրդը հաւաքուեցաւ։ Երբ թատրոնի սրահը մտանք, քիչ մը զարմացայ, որովհետեւ իմ երեւակայութեանս մէջ սրահը աւելի մեծ էր, բայց շատ սիրեցի կարմիր գոյնը …։

Թատերախաղը շատ սիրեցի։ Նիւթը ալքոլամոլութիւնն էր, խաբեբայութիւնը, ստախօսութիւնը եւ բռնութիւնը։


Նարեկ Պերպեր

Շաբաթ, 1 Ապրիլ 2023-ին, կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով թատրոն գացի, Փարիզ՝ Սէն Ժորժ թատրոնը։ Մեթրօ առի ծնողներուս հետ։ Թատերախաղը կը կոչուէր «Le médecin malgré lui»։ Թատերասրահը շատ աղուոր էր։ Սիրեցի թատերախաղը, որ կը պատմէ վատ մարդու մը մասին, որ կը կռուի կնոջ հետ։ Կինը սուտ մը կը հնարէ, ըսելով որ իր ամուսինը բժիշկ է։ Այսպիսով, ան բժիշկ կը դառնայ եւ աղջիկ մը կը բուժէ։

Սիրեցի դերասանները, որովհետեւ խնդալիք էին եւ լաւ կը խաղային։

Առանձին վերադարձայ տուն, մեթրոյով։


 Էդուարդ Խաչատրեան

Դասարանի ընկերներուս եւ ուսուցիչներուս հետ ես գացի Սուրբ Գէորգ (Saint  Georges) թատրոնը, դիտելու Մոլիէրի « Le médecin malgré lui»ն։ Գացինք Ապրիլ 1-ին։ Ներկայացումը տեւեց մէկ ժամ, 30 վայրկեան։

Այս կեանքիս առաջին թատրոնն էր։

Շատ սիրեցի թատերախաղը, քանի որ դերասաններն իսկապէս լաւ կը խաղային իրենց դերը եւ շատ կը ծիծաղեցնէին հանդիսատեսները ռուսերէն խօսելու իրենց ձեւով։ Ամենաշատը զիս ծիծաղեցուց այն, երբ ընտանիքը կը ծափահարէր բժիշկին ըսած անխելք խօսքերուն: Դուրսէն թատրոնը գեղեցիկ էր, բայց ներկայացման սրահը իմ երեւակայածէս աւելի պզտիկ էր:


Էրիկա Սեդրակեան  

Ինծի համար ամբողջ դասարանով թատրոն երթալը հաճելի է, քանի որ շատ առիթ չունինք դպրոցէն դուրս զիրար տեսնելու։ Թատրոն երթալը առիթ էր նաեւ զիրար ճանչնալու։

Մինչեւ թատերախաղի սկսիլը, զրուցեցինք եւ շատ խնդացինք։

Բեմադրութիւնը վերջանալէն ետք դերասանները մեզի հետ ժամանակ անցուցին եւ իրենց ստորագրութիւնները նուիրեցին մեզի։ Ժամը 16։30-ին բոլորս վերադարձանք տուն։ Շատ տպաւորիչ օր էր։


Յովհաննէս Յովհաննիսեան

Ապրիլ 1-ին ես անհամբեր էի, որովհետեւ կէսօրէ ետք պիտի երթայի թատրոն դասարանիս եւ ուսուցիչներուս հետ։ Թատերախաղը շատ լաւ էր, որովհետեւ դերասանները ախորժակով կը խաղային իրենց դերերը եւ կ’երգէին։ Քիչ յարդարանք կար, բայց լաւ կը ներկայացնէին ռուսական շունչը, օրինակ «մատրիօշկա»ները*։ Թատրոնը պզտիկ, բայց սիրուն էր։ Աս շատ լաւ փորձառութիւն էր։

11 Մայիս 2023

*Ռուսական պուպրիկ

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան