Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարան,12-րդ դասարան
Պուրճ Համուտ, Լիբանան
ՔԱՀԼ – CAHL
Center for Armenian Handicapped in Lebanon
Որպէս Լիբանանի Հայ որբերու եւ աչազուրկներու կեդրոն, հիմնուած է 1923-ին Ամերիկեան նպաստամատոյցին (Near East Relief) կողմէ ծովեզերեայ Մաամլթէյն աւանին մէջ։
1924-ին փոխադրուած է Ղազիր եւ Զուիցերիացի Հայասէրներու Միութեան (Swiss friends of Armenians) հոգածութեան յանձնուած։ 1946-ին փոխադրուած է իր ներկայ վայրը`Պուրճ Համուտ եւ լիբանանահայ համայնքէն ներս լայն ներդրում ունեցած է իր կուրանոցով եւ ծերանոցով:
1964-ին հաստատութիւնը փոխանցուած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անուանուած է ՔԱՀԼ (Լիբանանի Հայ Անկարներու Կեդրոններ):
Հետագային հաստատութիւնը ընդարձակուելով՝ ծերանոցի, կուրանոցի եւ իր աշխատանոցին կողքին օժտուած է դպրոցներու եւ ընկերային ծառայութեան բաժիններով:
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Կը գործէ 1936 թուականէն, սակայն անոր գործունէութեան ծիրը կ’ընդարձակուի 1960-ական թուականներուն, հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան:
Գրասենեակի գործունէութեան մաս կը կազմեն փոքրերու կրթական ու ընկերային պէտքերու հոգածութիւնը` մասնագիտական ծրագիրներով, ծերունիներու օժանդակութիւն, բժշկական ծառայութիւններ, կարօտեալ անձերու եւ ընտանիքներու բնակարանային ծախսերու մասնակցութիւն:
Գրասենեակը կը գործէ Թրատի Հայ Աւետարական Վարժարանի (հիմնուած 1936-ին եւ գործած մինչեւ 2012) շէնքէն ներս։
Հայ աւետարանական համայնքի բարեսիրական աշխատանքի ծիրին մէջ պէտք է յիշել նաեւ Այնճարի մէջ գործող գիշերօթիկ վարժարանը, որ հաստատուած է 1947 թուականին եւ կը պատսպարէ 4-էն 18 տարեկան պատանիներ, որոնցմէ ոմանք ունին ընտանեկան լուրջ պարագաներ:
27 Մարտ 2023