ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ. մաս Բ. եւ վերջ

Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներուն յանձնարարուեցաւ հոգեւորականի մը հետ տեսակցիլ եւ Աստուածաշունչ մատեանի մասին գիտելիքներ ձեռք բերել։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Նոյեմի Պետրոսեան

Հին դարերու քրիստոնեաները ոչ միայն կը կարդային Աստուածաշունչը, այլեւ կ’արտասանէին հոգեւոր երգերու պէս։

Որպէսզի քրիստոնեաները ճանչնան եւ լաւ հասկնան Աստուածաշունչի նիւթերը, կը բացատրուի անոնց։ Աստուածաշունչը միայն ունենալ չի բաւեր, պէտք է կարդանք եւ հասկնանք նիւթը։

Աստուածաշունչը ամենաշատ լեզուներով թարգմանուած գիրքն է։ Անոր արժէքը եւ կարեւորութիւնը բազմաթիւ են։ Քրիստոնեային համար Աստուածաշունչը Աստուծոյ յայտնութիւնն է, ուրեմն՝ իրականութիւնը։ Յայտնութիւնը Աստուծոյ մօտեցումն է մարդուն։ 

Աստուծոյ յայտնութիւնը տեղի կ’ունենայ պատմական ձեւով։ Զայն կը գտնենք Հին Կտակարանին մէջ։ Նոր Կտակարանը Աստուծոյ յայտնութեան աւարտումն է։

Մեր հայրերը Սուրբ Գիրքը կոչած են Աստուածաշունչ, որ կը նշանակէ Աստուծոյ շունչը։ Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանուեցաւ 5-րդ դարուն։

Քրիստոնէութիւնը գիրք չէ, ուսում չէ, դաւանանք չէ, այլ կեանք է եւ միակ ձեւն է կեանքը հասկնալու։ Կեանքին նպատակը Աստուած է. ուրեմն կեանքին կեդրոնը Աստուած է։

Հին Կտակարանը կը բովանդակէ 48 կամ 39 գիրք, որոնք կը պատմեն աշխարհի ստեղծումը, կան գովքեր, երգեր, աղօթքներ, որոնցմէ՝ Սաղմոսաց գիրքը։ Նոր Կտակարանը ունի 27 գիրք, անոնցմէ առաջին 4-ը Աւետարաններն են՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասու, Յովհաննու։ Անոնք գրած են Յիսուսի կեանքին եւ խօսքերուն մասին։


Արմէն Մկրտչեան եւ Աշոտ Մելքոնեան

Աստուածաշունչը քրիստոնեաներու կողմէն սուրբ համարուող կրօնական բնագիրներու հաւաքածոյ է։

Բաժնուած է երկու հիմնական մասերու՝ Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան։

Հին Կտակարանի բնագիրները գրուած են մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։ Կը ներառնեն Թորան, մարգարէներու եւ իմաստութեան գիրքերը։

Նոր Կտակարանի գիրքերը գրուած են Յիսուս Քրիստոսի ծնունդէն ետք։ Կը ներառնեն Աւետարանները, Առաքեալներու գործերը, Պօղոսի եւ վաղ քրիստոնեայ առաջնորդներու նամակները, նաեւ Յայտնութեան գիրքը։

Աստուածաշունչը քրիստոնեաներու կողմէ կը համարուի Աստուծոյ խօսքը։ Կը գործածուի իբրեւ կրօնական առաջնորդութեան եւ ոգեշնչման աղբիւր։

Նոր Կտակարանի չորս Աւետարանները՝ ըստ Մատթէոսի, ըստ Մարկոսի, ըստ Ղուկասի, ըստ Յովհաննէսի, կը պատմեն Յիսուս Քրիստոսի կեանքին, ուսմունքին, մահուան եւ յարութեան մասին։ Իւրաքանչիւր Աւետարան ունի իր շեշտադրումը, սակայն չորսն ալ կը համարուին Աստուծոյ կողմէն ներշնչուած Սուրբ Գրութեան կանոնի մէկ մասը։ 

14 Մարտ 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան