ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ. մաս Ա.

Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներուն յանձնարարուեցաւ հոգեւորականի մը հետ տեսակցիլ եւ Աստուածաշունչ մատեանի մասին գիտելիքներ ձեռք բերել։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Անապէլա Յարութիւն

ՙԱստուածաշունչ՚ կը նշանակէ Աստուծոյ շունչը։ Այս սուրբ գիրքը գրուած է Աստուծոյ շունչով, այսինքն՝ ներշնչուած է Աստուծմէ։

Աստուածաշունչի ճշգրիտ ճանաչումը կարելի է ունենալ կարդալով եւ զայն ուսումնասիրելով։ Հին դարերու քրիստոնեաները ոչ միայն առօրեայ հացի եւ ջուրի նման Աստուածաշունչի անհրաժեշտութիւնը կ’ապրէին, այլեւ անոր գիտակից ճանաչումը ունէին եւ անոնց քրիստոնէական հաւատքը այդ ճանաչողութեան վրայ տոկուն կերպով կանգնած էր։

Ուրեմն, չի բաւեր միայն ունենալ Աստուածաշունչ, այլեւ պէտք է զայն լաւ ճանչնալ։ Չի բաւեր անոր միայն մէկ մասին կարեւորութեան անդրադառնալ, այլեւ ամբողջ գիրքը կարդալ հաւատքով, սերտել ու մանաւանդ հասկնալ փորձել անոր իմաստը եւ պատգամը։ 

Աստուածաշունչը հիմնաքարն է քրիստոնէական հաւատքին։ Նաեւ պատմական հսկայ հանք մըն է։

Քրիստոնեաներուն սուրբ գիրքը բաժնուած է երկու մասի. Հին Ուխտ եւ Նոր Ուխտ, կամ՝ Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան։ Հին Կտակարանը բաղկացած է 48 գիրքէ (կարգ մը եկեղեցիներ ունին 39 գիրք), որոնց մէջ կան մարգարէական, բարեպաշտական հատուածներ, Աստուծոյ մատուցուած աղօթքներ, օրհնութեան երգեր։ Այնտեղ գրուած է տիեզերքի եւ մարդու արարչագործութեան պատմութիւնը, Իսրայէլի ժողովուրդի ծագման ու հեթանոս ազգերը լուսաւորելու մէջ անոր դերին մասին։

Նոր Կտակարանը ունի 27 գիրք։ Կ’ամբողջացնէ Աստուծոյ յայտնութիւնը։ Կարդալով Նոր Կտակարանը, կը տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած իր միածին որդւոյն միջոցաւ խօսած եւ ուղղած է իր պատգամները համայն մարդկութեան, որ մկրտուին, իրենց մեղքերէն սրբուին, հնազանդ ըլլան Արարչին ու ժառանգեն երկինքի արքայութիւնը։

Ամբողջ Աստուածաշունչը գրուած է 40 հեղինակներու կողմէ։

Աստուածաշունչը մեզի ցոյց կու տայ մարդ արարածին հետ Աստուծոյ յարաբերութիւնը։

Ս. Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ.ՙԱմբողջ գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը  կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու համար պատրաստ (Բ. Տիմոթէոս 3.16-17)։

Նոր Կտակարանի առաջին չորս գիրքերը Աւետարաններն են. կը կոչուին  Աւետարան ըստ Մատթէոսի, ըստ Մարկոսի, ըստ Ղուկասու, ըստ Յովհաննու։ Անոնք կը փոխանցեն Քրիստոսի կեանքի դէպքերն ու խօսքերը, իր ծնունդէն մինչեւ փառաւոր յարութիւն ու համբարձում։

Աստուածաշունչը քրիստոնեաներու բանալին է, մեր հարցումներուն պատասխանը կը գտնուի Աստուծոյ խօսքին մէջ։


Ռոման Աւագեան

Աստուածաշունչը քրիստոնեաներու կողմէն սուրբ համարուող կրօնական բնագիրներու հաւաքածոյ է։

Բաժնուած է երկու հիմնական մասերու՝ Հին Կտակարան եւ Նոր Կտակարան։

Հին Կտակարանի բնագիրները գրուած են մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։  Կը ներառնեն Թորան, մարգարէներու եւ իմաստութեան գիրքերը։

Նոր Կտակարանի գիրքերը գրուած են Յիսուս Քրիստոսի ծնունդէն ետք։ Կը ներառնեն Աւետարանները, Առաքեալներու գործերը, Պօղոսի եւ վաղ քրիստոնեայ առաջնորդներու նամակները, նաեւ Յայտնութեան գիրքը։

Աստուածաշունչը քրիստոնեաներու կողմէ կը համարուի Աստուծոյ խօսքը։ Կը գործածուի իբրեւ կրօնական առաջնորդութեան եւ ոգեշնչման աղբիւր։

Նոր Կտակարանի չորս Աւետարանները՝ ըստ Մատթէոսի, ըստ Մարկոսի, ըստ Ղուկասի, ըստ Յովհաննէսի, կը պատմեն Յիսուս Քրիստոսի կեանքին, ուսմունքին, մահուան եւ յարութեան մասին։ Իւրաքանչիւր Աւետարան ունի իր շեշտադրումը, սակայն չորսն ալ կը համարուին Աստուծոյ կողմէն ներշնչուած Սուրբ Գրութեան կանոնի մէկ մասը։ 

14 Մարտ 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան