Մէկը ուրախացնելով մենք աւելի՜ կ’ուրախանանք, առաւել եւս երբ մինակ մարդ է ան եւ առիթը Կաղանդ է կամ Սուրբ Ծնունդ։ Ահա այս փորձառութիւնը ապրեցան Դպրոցասէրի 8-րդ դասարանի աշակերտները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ՈՒՐԱԽԱՑՈՒՑԻՆՔ ՄԻՆԱԿ ԱՆՁ ՄԸ ԵՒ ՄԵ՜ՆՔ ՈՒՐԱԽԱՑԱՆՔ
Սիլվա Պաղտասարեան
Միշելին հետ հանդիպում
3 Յունուարին գացի դրացիիս տունը։ Անունը Միշել է եւ առանձին կ’ապրի։ Ինք շատ տխուր է, որովհետեւ Կաղանդը առանձին անցուցած էր։
Շոքոլայով կարկանդակ մը պատրաստեցի եւ իր քով գացի։ Շատ ուրախ մնաց մեր հանդիպումէն եւ շատ խօսեցաւ ինծի հետ: Ինձմէ ներողութիւն խնդրեց, որովհետեւ առաջին անգամ երբ դուռը զարկած էի, չէր պատասխանած, որովհետեւ քնացած էր։
Միասին խնդացինք, խօսեցանք, յետոյ տուն վերադարձայ։
Շատ ուրախ եմ այս հանդիպումէն, որովհետեւ տեսայ Միշելին ուրախութիւնը։
Նայիրի Շահինեան
Այսօր գացի մեր շէնքի երրորդ յարկը ապրող դրացիիս եւ իրեն տուի պզտիկ կարկանդակ եւ գաւաթ մը ջուր։ Իրեն բացատրեցի որ ես շատ աղուոր ժամանակ անցուցի իրեն հետ:
10 վայրկեան խօսեցանք։ Ինծի ըսաւ, որ առանձին պիտի անցընէր Կաղանդը:
Ես Կաղանդէն 2 օր առաջ իմ ամենասիրած կարկանդակս պատրաստեցի։ Երբ իր քովը գացի ինծի ըսաւ.
– Գիտե՞ս, որ շատ լաւ ժամանակ անցուցի քեզի հետ:
Այս խօսքէն շատ ուրախացայ:
Բայց յետոյ ժամանակն էր իրմէ բաժնուելու։
Երթալէս առաջ իրեն ըսի.
– Ես ալ հետդ շատ լաւ ժամանակ անցուցի: Օր մը նորէն կ’անցնիմ:
Եւ այս խօսքերով իրեն ըսի. «Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ՚։
Էտկար Վարդազարեան
Ես գացի տեսնելու իմ հին ընկերս, որուն անունը Թոմա է։ Ցաւօք սրտի, անոր մայրը հեռացած է, ուստի ան կ’ապրի հօրը հետ։ Ես գացի զինք տեսնելու։ 30 րոպէ խօսեցայ իրեն եւ իր հօրը հետ։ Ըսաւ թէ ուրախ էր ստանալով Սուրբ Ծնունդի առթիւ իմ նուէրս, որ ֆութպոլի շապիկ էր։
Մարատ Աւետիսեան
Սուրբ Ծննդեան օրերուն ես հանդիպեցայ անտուն կնոջ մը։ Սկիզբը սկսայ զրուցել անոր հետ։ Այդ կինը ինծի հարցուց, թէ ինչո՞ւ իրեն հետ կը խօսիմ, սովորաբար մարդիկ չեն խօսիր անծանօթներու հետ։ Եւ ես իրեն ըսի, որ մեր Սուրբ Ծնունդի պարտականութիւնն էր մէկը ուրախացնել։ Կնոջ համար շատ լաւ էր մարդու մը հետ խօսիլ։ Իրեն ջուր եւ հաց տուի։ 30 վարկեան խօսեցանք։
Էրիկա Սեդրակեան
Մաղթանք՝ Հռիփսիմէ մայրիկին
Ծնողքս նոր եկած էին Ֆրանսա։ Օր մը, մեթրոյին մէջ երբ կը խօսէին, կին մը հարցուց.
– Հա՞յ էք։
Ծնողքս ըսին.
– Այո:
– Ես ալ հայ եմ, բայց հայերէն չեմ խօսիր:
Մեր հասցէն խնդրեց եւ ամէն շաբաթ մեզի հիւր կուգար: Այն ժամանակ դեռ 70 տարեկան էր: Արդէն15 տարի է, որ կը ճանչնանք զինք:
Հիմա առողջական խնդիրներ ունի եւ մայրս ու հայրս շատ յաճախ կ’օգնեն իրեն պէտք եղած ատենը:
Կ’ուզեմ իրեն ըսել հետեւեալը.
Բարեւ Հռիփսիմէ մայրիկ, կը շնորհաւորեմ ձեզ Սուրբ Ծնունդի առթիւ։ Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, քանի որ ատոր պէտքը շատ ունիք։ Կ’ուզեմ, որ ձեր երազը կատարուի եւ այս տարի Սուրբ Ծնունդը նշէք ձեր երեխաներուն ու թոռներուն հետ։ Կը համբուրեմ, ամուր կը գրկեմ, ու շատ կը սիրեմ ձեզ։
Ձեր թոռնուհին՝ Էրիկա
Յովհաննէս Յովհաննիսեան
Դեկտեմբեր 25-ին ես հանդիպեցայ Ալեքսին։ Ան անօթեւան է, իր ընտանիքը զինք մերժած է։ Չեմ գիտեր ինչու ինծի ըսաւ, որ 3 տարիէ անօթեւան է։ Ես իրեն հետ 10 վայրկեան խօսեցայ, եւ ինծի ըսաւ, որ ֆութպոլ շատ կը սիրէր եւ իր ամենէն սիրած խումբը Մանչեսթըր Եունայթըտն էր։ Ես իրեն նուիրեցի ջուրի 3 շիշ, 2 հաց եւ 20 եւրօ։
Յունուար 2023