ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԲՐԱԾՈՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ. մաս Ա.

Դպրոցասէր վարժարան
6-րդ դասարան

Հոյամողէզի մոզազորիւս տեսակի գանկի յայտնաբերում Մաասթրիշթի մօտ քարայրի մը մէջ, 1829, փորագրութիւն, G. R. Levillaire

ՀՈՅԱՄՈՂԷԶ

Ալէք Տէկիրմենթաս

Սբինոզոր

Սբինոզորը մսակեր հոյամողէզ է։ Անոր բրածոն յայտնուած է Եգիպտոս։ Ան ապրած է կաւիճի դարաշրջանին (crétacé)։ Ապրած է թէ΄ ցամաքի վրայ, թէ΄ ծովու մէջ։ Կ’ուտէր ձուկեր եւ փոքր սողուններ։ Ունէր 16-էն 18 մեթր երկարութիւն, 5-էն 6 մեթր բարձրութիւն եւ կը կշռէր 11 թոնն։


Գայանէ Ջումայեան

Պրաքիոզոր

Իմ ընտրած հոյամողէզիս անունը պրաքիոզոր է։
Ամենամեծ եւ ամենածանր հոյամողէզներէն
մէկն էր։ Խոտակեր էր։
Ապրած է 150 միլիոն տարի առաջ։
Չափահաս պրաքիոզորի երկարութիւնը 26-էն 30 մեթր էր,
ծանրութիւնը կը կշռէր 30-էն 50 թոնն։
Առաջին բրածոն գտնուած է 1900-ին,
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։


Լուսիկ Եաքար

Մոզազորիւս

Մոզազորիւսը սողուն հոյամողէզի ցեղ է։
Ապրած է կաւիճի դարաշրջանին, 80-էն 66
միլիոն տարի առաջ։
Կը կշռէր 14,000 քիլկրամ։
Ունէր 17 մեթր երկարութիւն։


Ծովային սողուն էր։ Կէտձուկի եւ դելփինի պէս յարմարած էր ստորջրեայ կեանքին, բայց կը շնչէր նաեւ բաց օդին։ Սնուելու համար կը յարձակէր ձուկերու, ծովային սողուններու եւ փափկամարմիններու վրայ։ Առաջին բրածոն գտնուած է 1766-ին, Հոլանտա՝ Մաասթրիշթ։


Օլիվիա Պէնլիօկլու

Թրիսերաթոփս

Թրիսերաթոփսը խոտակեր հոյամողէզ է։ Ապրած է 68-էն 65 միլիոն տարի առաջ Հիւսիսային Ամերիկա։ Ամենալայն գանկ ունեցող հոյամողէզներէն է։ Ունի մեծ ոսկրային մանեակ, երեք եղջիւրներ, չորս մեծ ոտքեր։ Անունը կը նշանակէ «երեք եղջիւրներ»։ Ռնգեղջիւրի կը նմանի։ Առաջին բրածոն գտնուած է 1889-ին։

29 Սեպտեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան