ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԽՕՍԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ

Անապէլա Յարութիւնի եւ Նոյեմի Պետրոսեանի կողմէ առաջարկուած սրտաբուխ նիւթ է այս մէկը։ Անոնք Դպրոցասէրի 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներ են։ Կը հրատարակուի նոյնութեամբ։ Քերականական վերանայումներէ զատ ոչ մէկ հպում կատարուած է ԾԻԾԵՌՆԱԿի կողմէ։ Շնորհաւորելի։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

ԱՂՕԹՔԸ

Բարեւ բոլորին,

Առակաց, 1.2

Այսօր ձեզի պիտի ներկայացնենք քրիստոնէութեան շուրջ նոր նիւթ մը. աղօթքը։ Մեր դասընկերներուն հարցուցինք, թէ իրենց համար ի՞նչ կը նշանակէ աղօթել։ Ահաւասիկ անոնց պատասխանները.  

Նոէ. կեդրոնացած յարաբերութիւն ունենալ Աստուծոյ հետ։
Կարի. աղօթելը Աստուծոյ հաւատալ է։
Արմէն. Աստուծմէ ներողութիւն խնդրել ամէն սխալ բանի համար, որ ըրած ենք։
Ռոման. Աստուծոյ մասին մտածել, մօտենալ Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգիին։
Սեւակ. աղօթել մէկու մը համար կամ բանի մը համար։
Վաչէ. Աստուծմէ օգնութիւն ուզել։
Պաթիսթ. Աստուծոյ մօտենալ եւ խօսիլ Անոր հետ։
Մելին. Աստուած յարգել, խօսիլ Անոր հետ եւ ներողութիւն խնդրել։
Ակսէլ. Աստուծոյ հաւատալ եւ մօտենալ Անոր։
Միքայէլ. աղօթելը ինծի հանգստութիւն եւ երջանկութիւն կը բերէ։

Յուսամ սիրեցիք մեր նիւթը։ Եւ մի մոռնաք, որ Աստուած ձեզ շատ կը սիրէ։

Մեզի համար աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ հետ խօսիլ։ Շատ մարդիկ աղօթք կ’արտասանեն առանց հասկնալու։ Բայց սխալ է. Աստուած կ’ուզէ, որ իրեն հետ ժամանակ անցընենք։ Աստուած մեր հայրն է, մեզ կը սիրէ, մեզի մտիկ կ’ընէ եւ միշտ կը ներէ երբ սխալ բան մը ընենք։ Մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք եւ մեր գործն է Աստուծոյ հրամաններուն եւ խօսքերուն հետեւիլ։

Շնորհակալութիւն.
Նոյեմի եւ Անապէլա

23 Յունիս 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան