ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆԸ. ՄԱՍ Ա.

Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտները, երկրի կրթական պահանջին համաձայն, Մարտին անցուցին հնգօրեայ փորձաշրջան մը։ Այստեղ՝ անոնցմէ ոմանք ընթերցողին հետ կը բաժնեն իրենց կեանքի առաջին փորձառութենէն օր մը։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆԷՍ ՕՐ ՄԸ

ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ,
Դպրոցսաէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Ես իմ փորձաշրջանս անցուցի ակնոցավաճառի խանութի մը մէջ։

Կը պատճէնահանէի եւ կը տպէի յաճախորդներու վերաբերող փաստաթուղթեր եւ կու տայի խանութի աշխատաւորներուն։ Կը պատրաստէի ակնոցներու պատուէրները եւ կը տեղադրէի ակնոցներու յատուկ ճերմակ տուփերու մէջ։ Նմանատիպ տուփեր կը շարէի դարակաշարերու վրայ այբբենական կարգով։ Պէտք էր պայուսակներ տայի աշխատաւորներուն, դարմանաթերթիկները կը դնէի թղթաշարի մը մէջ, ակնոցի տուփեր կը շարէի դարաններու մէջ, դարմանաթերթիկները կը զատէի ըստ շրջանային դրամարկղերու։ Յետոյ՝ պահարաններ կը պատրաստէի այդ թուղթերը ուղարկելու համար համապատասխան ապահովագրութեան դրամարկղին՝ վճարում ստանալու համար: Վերջապէս, պէտք էր պզտիկ պիտակներ կտրէի յաճախորդի անուն մականունով՝ ակնոցներու ճերմակ տուփերու վրայ դնելու համար։

Այս գործերը, որ ըրի շատ հետաքրքրական էին ինծի համար։

Միեւնոյն ժամանակ կը հետեւէի, թէ ինչպէս խանութի անձնակազմը կ’ընդունէր յաճախորդները եւ ինչպիսի քաղաքավարութեամբ կը սպասարկէին անոնց։

16 Մարտ 2021


ՓՈՐՁԱՇՐՋԱՆԻՍ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ

ՍՕՆԻԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Իմ փորձաշրջանս անցուցի անշարժ գոյքերու գրասենեակի մը մէջ։

Ամէն օր կը սկսէի ժամը 9-ին, կ’աշխատէի մինչեւ 12, կ’ուտէի, ժամը 2-էն մինչեւ 5-ը նորէն կ’աշխատէի։

Կը պատմեմ իմ երկրորդ օրս՝ 17 Մարտ։

Առաւօտը գացի աշխատատեղի։ Նախորդ օր ինծի տրամադրուած կայքէջի մը մէջ տեղեկութիւններ արձանագրած էի անձերու եւ անոնց տուներուն մասին։ Այսօր պէտք է պակաս տուփիկները ամբողջացնէի։ Մտայ Imofacile կայքէջ եւ մէկ մէկ ստուգեցի։ Պատրաստեցի դիմագիծերը այն անձերուն, որոնք տակաւին չունէին։

Կէսօրին գացի տուն ճաշելու։ Երբ որ վերադարձայ, դուրս ելանք եւ երկու վարժիչներուս հետ գացի մարդու մը տունը չափելու։ Անոնք չափերը կուտային եւ ես տետրակի մը մէջ կը գրէի։ Յետոյ թաղամասի նամակատուփերուն մէջ ազդագիրներ դրինք։

Իրիկունը մայրիկս եկաւ զիս տուն տանելու։

29 Մարտ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

One Response

  1. Կարդացի Սօնիային գրութիւնը։
    Լաւ գրած է, լաւ կը բացատրէ եւ հետաքրքրական է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան