ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԱՐՑԱԽ, ԴՈՒՆ՝ ՙՄԱՆԿԱՆՑ ՈՒ ՏՂԱՅՈՑ ԲԵՐՆԷՆ…՚ ՄԱՍ Գ.

Գծագրութիւն՝ ՄԱԹԻՍ ԹՕՓՈՒԶ,
Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարան

Դպրոցասէր Վարժարան, 7-րդ դասարան

ԿԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՆՔ, ՔԱՆԻ ՈՐ …

ՄԵԼԻՆ ԲԱԲԱԹԵԱՆ
Երբ Հայաստանի մէջ պատերազմ ըլլայ, ես տխուր կ’ըլլամ, որովհետեւ Հայաստանը իմ հայրենիքս է։ Քանի հեռու եմ Արցախէն, ես անկարող եմ օգնելու Հայաստանի հայերուն։ Շատ երիտասարդներ կը մեռնին թուրքերուն պատճառով։ Աղօթենք, որ այս պատերազմը վերջանայ եւ անշուշտ՝ հայերը յաղթեն։

ՆՈՒՆԷ ՓԱՇՕ
Ես կը յուզուիմ, որովհետեւ իմ ընտանիքս հայ է, դպրոցս հայկական է, երկիրս Հայաստանն է։ Զինուորներ մեռան Հայաստանի համար, շատ չար բան է, որ թուրքերը եւ այլ երկիրներ սուտ կը խօսին։ Իմ ընտանիքս կ’ապրի Հայաստանի մէջ եւ չեմ ուզեր, որ մեռնին։

ՌՈՄԷՆ ԳԱՐԱՍՕ
Ցաւալի է, որ Հայաստանը կ’ենթարկուի յարձակման, քանի որ այս երկիրը անցած է բազմաթիւ աղէտներէ։ Քանի՛ երիտասարդ զինուորներ մահացան։ Ցաւալի է տեսնել պատերազմի մէջ գտնուող Հայաստանը. պատերազմ տեսնելը տգեղ է։

ՌՈՄԱՆ  ԱՒԱԳԵԱՆ
Մենք բոլորս տխուր ենք այս օրերուն, որովհետեւ Հայաստանի մէջ պատերազմ սկսած է։  Իմ մամաս եւ պապաս Հայաստանի մէջ մեծցած են,  ես յաճախ կ’երթամ Հայաստան եւ շատ կը սիրեմ իմ երկիրս։ Հայաստանը մեր հայրենիքն է։ Մենք պէտք է օգնենք եւ ըլլանք մեր զինուորներուն հետ։

ՆՈՅԵՄԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Ինծի համար Հայաստանի խնդիրները կարեւոր են, որովհետեւ իմ ընտանիքս Հայաստան կ’ապրի, Հայաստանը իմ հայրենիքս է։ Զինուորները կը պաշտպանեն Հայաստանը մեզի համար։

ՇՈՒՇԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ես տխուր եմ, քանի որ 17 տարեկան տղաք կը մեռնին սուտի վրայ հիմնուած պատերազմի մէջ։ Եթէ Ադրբեջանն ու Թուրքիան ճանչնային իրենց սխալները, ոչ մէկ մարդ պիտի մեռնէր եւ շատ հարցերէ պիտի խուսափէինք։

ԱՒԵՏԻՍ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մտահոգ եմ, քանի որ մեր երկիրը կրնանք կորսնցնել, քանի որ մեր երկիրը կարեւոր է մեզի համար, – ծնած է հազարաւոր տարիներ առաջ-, քանի որ ընտանիք ունինք հոն, քանի որ զինուորները կը մեռնին։ 

ԿԱՐԻ ՃԻՆԿՕԶ
Ես կը մտահոգուիմ, քանի որ պատերազմը թուրքերուն դէմ է։

ԱԿՍԷԼ ԳԱՊԱԼԱԳ
Կը մտահոգուիմ, որովհետեւ մեր երկիրն է, որովհետեւ մենք հայ ենք, պիտի օգնենք մեր երկրին։ Թուրքերուն պիտի հասկցնենք, որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը եղեր է եւ երբ որ կ’ուզեն նորէն նոյնը ընել, մենք պիտի պաշտպանենք մեր երկիրը։

ԱՆԱՊԵԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ես շատ կը նեղուիմ, որովհետեւ Հայաստանը կարեւոր երկիր է հայերուն համար։ Ես շատ կը մտահոգուիմ, բայց գիտեմ որ հայերը ամէն ինչ պիտի ընեն, որ յաղթեն։

ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Կը մտահոգուիմ, որովհետեւ Հայաստանը իմ երկիրս է եւ ես այնտեղ եմ ծնած, այնտեղ իմ ընտանիքս կայ։ Զինուորները կը մեռնին պաշտպանելու համար մեր երկիրը, թէ ոչ մենք՝ հայերս յետոյ երկիր չենք ունենար, թուրքերը կը գողնան մեր հողերը։   

29 Սեպտեմբեր 2020

Facebook
Twitter
LinkedIn

One Response

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան