ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ծիծեռնակը կրկին բոյն կը շինէ

Ծիծեռնակ կայքէջը պատանի եւ երիտասարդ հայերու տրամադրութեան տակ դրուած հարթակ մըն է։ Կ’ընդունի հայերէնով կամ հայկական նիւթերու նուիրուած անոնց ստեղծագործութիւնները՝ խաղ, նկարչութիւն, խորհրդածութիւն, քննարկում, վիճարկում, եւլ։ Զայն կեանքի կոչողը անհրաժեշտութիւնն է։

Ծիծեռնակի պատանեկան բաժնին նպատակն է դասարանային նեղ սահմաններէն ազատագրել հայերէնը։ Ֆրանսահայ ուսուցչուհիի մը համեստ ջանքն է աշակերտը մղելու հայերէնով մտածելու։ Թելադրուած՝ սկզբունքային կեցուածքէ եւ նկատի առնելով մեր խմբային հաղորդակցութեան ու սերտողութեան լեզուն, Ծիծեռնակը պիտի շնչէ արեւմտահայերէնով։

 Երիտասարդները՝ ուսանողներ կամ համալսարանաւարտներ, այստեղ պիտի գտնեն իրենց խնամուած միտքերը արծարծելու առիթ, ու մանաւանդ նոյն հարցադրումներուն շուրջ խորհրդածող, վիճարկող ու զրուցող խմբակ։ Իրականութեան մէջ տեղ մը՝ մարզելու գրաւոր լեզուն եւ ձեռք բերելու հայերէնով արտայայտուելու դիւրութիւն։

Ծիծեռնակ կայքէջը բոյն մըն է, զոր պիտի շինեն մեր պատանի եւ երիտասարդ ծիծեռնակները։

Նորա ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Facebook
Twitter
LinkedIn

5 Responses

  1. Սիրելի Նորա, Վարձքդ կատար, յաջողութեան եւ յարատեւութեան մաղթանքներ ԾԻԾԵՌՆԱԿ-ին։

  2. Հուրի, Հուրի, միջնակարգի գրասեղաններէն բխած այս խօսքերուդ տակ որքան բարեկամեցողութիւն, որ կայ հասաւ ինծի։

    1. Վարձքը կատար հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք շատ բան ունին մեզի սորվեցնելիք։ Շնորհակալ եմ ձեր գնահատանքին համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Բաժանորդագրուեցէք Ծիծեռնակ հարթակին

Նոր հրատարակութիւնները ուղղակիօրէն ստացէք ձեր ելեկտրոնային նամակատուփին մէջ։

Հրատարակութիւններու շտեմարան