Մարիամ Ասուլեան
քաղաքական գիտութիւններու ուսանող
Մայրենի, առաջին, երկրորդ ... լեզուներ
Մայրենի լեզուն եւ առաջին լեզուն շատ անգամ կը շփոթուին, բայց կարելի է տարբերութիւն դնել։
Մայրենի լեզուն այն լեզուն է, որ մարդը կը ստանայ իր ընտանիքէն։ Ան կապուած է ծնողներուն, մշակոյթին եւ ինքնութեան։ Այս լեզուն աւելի խոր է, որովհետեւ անով են ձեւաւորուած զգացումները, մտածողութեան հիմքը եւ աշխարհի առաջին ընկալումը։
Առաջին լեզուն այն լեզուն է, որ մարդը գործնականօրէն առաջինը կը սորվի եւ կ’օգտագործէ։ Շատ պարագաներու մէջ ան նոյնն է ինչ մայրենին, բայց ոչ միշտ։ Օրինակ՝ եթէ երեխան մեծնայ օտար երկրի մէջ, կրնայ ունենալ մէկ մայրենի լեզու (ընտանիքին լեզուն), բայց ուրիշ առաջին լեզու (այն լեզուն, որմով կը խօսի դպրոցը եւ առօրեայ կեանքին մէջ)։
Իսկ երկրորդ կամ երրորդ լեզուները այն լեզուներն են, որոնք մարդը կը սորվի աւելի ուշ՝ դպրոցը կամ ուրիշ միջավայրի մէջ եւ անոնք աւելի գիտակցուած ձեւով կ’իւրացուին։
Հոգեբանական տեսանկիւնէ՝ մայրենի լեզուն կը մնայ մարդու «ներքին լեզուն», որովհետեւ անոր են կապուած յիշողութիւններն ու զգացումները։ Միւս լեզուները կրնան դառնալ «գործնական» կամ «առօրեայի» լեզուներ, այսինքն այն լեզուները, որոնք մարդը ամենաշատը կը գործածէ իր կեանքին մէջ։ Այս պատճառով երբեմն երկրորդ լեզուն կրնայ դառնալ աւելի սահուն կամ աւելի արագ օգտագործուող, քան մայրենին։
Այս երեւոյթը յստակ կ’երեւի իմ կեանքիս մէջ։ Իմ մայրենի լեզուս արեւելահայերէնն է, որովհետեւ ես ծնած եմ Հայաստան եւ մանկութենէս լսած, խօսած ու սորված եմ միայն արեւելահայերէն։ Այս լեզուն է, որ ձեւաւորած է իմ մտածողութիւնս եւ իմ առաջին ընկալումներս աշխարհի մասին։ Միեւնոյն ժամանակ ես ծանօթացած եմ նաեւ արեւմտահայերէնին, որ սորված եմ դպրոցը՝ Դպրոցասէր վարժարանին մէջ։ Արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը տարբեր ձեւեր են, բայց իրականութեան մէջ անոնք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։ Անոնք մեր բոլորին՝ հայ ժողովուրդին ընդհանուր մայրենի լեզուն են։ Սակայն տեղափոխուելով Ֆրանսա, ֆրանսերէնը դարձաւ իմ առօրեայի հիմնական լեզուս։ Ժամանակի ընթացքին ես սկսայ աւելի հեշտ խօսիլ ֆրանսերէնով, որովհետեւ այն դարձաւ իմ ամենօրեայ հաղորդակցութեան միջոցս։
Սակայն հայերէնը չի կորսուիր, որովհետեւ ան կը մնայ իմ ինքնութեան եւ մտածողութեան հիմքը։ Այսպիսով, կարելի է ըսել, որ տարբեր լեզուները չեն փոխարիներ զիրար, այլ միասին կը կազմեն մարդու մտածելու եւ աշխարհը հասկնալու ձեւը։