ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
ԳԱՅԱՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ապրիլ ամիսը կը նորոգէ սուգի զգացումը բոլոր հայ սիրտերուն մէջ։ Ապրիլ 2021-ը աւելցուց նոր վէրքեր, նոր բաժանումներ եւ հազարաւոր նահատակներ։ Հայ ազգը իր ամբողջութեամբ ցաւ կը զգայ անտանելի ձեւով։ Մեծ հայրիկի մը նման կը փնտռէ ամենամօտ նստարանը, որուն վրայ պիտի կրնայ հանգչիլ եւ կրկին շունչ առնել։
Ապրիլ 1915-ի ցեղասպանութեան յիշողութեան նկատմամբ հայ Ժողովուրդը ունի երկու տարբեր մօտեցումներ, որոնք իրարու հակասական չեն։ Առաջինը հոգեկան է. յիշատակութիւնը, որ իր էութեան մէջ, ժամանակաւոր չէ։ Կը շարունակուի սերունդէ սերունդ, երիտասարդութեան ներկայացնելով պատմութեան հետ զգացումներու վրայ հիմնուած կապ մը։ Այսօրուայ սփիւռքին գոյութիւնը գլխաւորապէս հիմնուած է ցեղասպանութեան վրայ։ Հոգեբանական սուգը դարձած է արդէն մեր ինքնութեան մէկ մասը։ Մենք կը յիշենք միլիոն ու կէս անմեղ նահատակները, հողային եւ մշակութային անգնահատելի կորուստները, բայց նաեւ բոլոր անոնք, որոնք սարսափելի ձեւով ապրեցան եւ դարձան պատմութեան վկաներ։ Հայերուն համար Ապրիլ 24-ը կը մնայ յիշատակի օր մը, լռութեան եւ մտածումի ժամանակ մը։
Երկրորդ մօտեցումը աւելի՛ կարեւորութիւն կը վայելէ սփիւռքի մէջ, ըլլալով ո՛չ թէ ազգային, այլ միջազգային նիւթ մը։ Յանուն պայքարի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, այս մօտեցումը ժողովուրդէն կը պահանջէ լուրջ զօրաշարժ։ Կը պահանջէ նաեւ ծրագիր եւ տեսիլք։ Այս մօտեցումը հոգեկան չէ, այլ քաղաքական։ Հայկական սուգի ազդեցութենէն շատ աւելի հեռու կ’երթայ, որովհետեւ ան կը վերաբերի ամբողջ մարդկութեան։
Սխալ ձեւ չկայ յիշելու ազգային կորուստը եւ մտածելու մեր ընտանեկան պատմութեան մասին։ Սակայն երբ նկատի կ’առնենք քաղաքական մօտեցումը իր ամբողջութեամբ, կը հասկնանք, որ Հայկական Դատը արժեւորելու սխալ ձեւեր կան եւ խիստ անհրաժեշտ են սփիւռքեան յստակ տեսիլքն եւ նպատակները։
Իսկ եթէ առաջին մօտեցումը պէտք ունի լռութեան, երկրորդը կը յայտնուի շարժումի մէջ։ Չշփոթենք այս երկու մօտեցումները։ Իրարու կրնան նմանիլ, բայց ունին շատ տարբեր գործառնութիւններ ։
Վերադառնալով երկրորդ՝ այսինքն քաղաքական մօտեցումին, սփիւռքահայերը ունին ո՛չ թէ միայն իրաւունքը, այլեւ պարտականութիւնը ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ շարժում։ Ո՛չ սպասելու, ո՛չ ալ աղաչելու, այլ արտադրելու փոփոխութիւն։ Եւ գիտէ՞ք ինչն է, որ փոփոխութիւն չի ստեղծեր։ Կրկնութիւնը. երբ կը վերարտադրուի նոյն ձեւը, սերունդէ սերունդ, ուր կը բացակայի ազգային ծրագրի եւ տեսլականի գոյակցութիւնը։
Յիշենք, որ իր դիւանագիտական սահմաններուն մէջ մնալով, Ֆրանսայի կառավարութիւնը ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը 2001-ին։ 24 Ապրիլ 2021-ին Ճօ Պայտըն՝ ԱՄՆ-ու նախագահը համարձակեցաւ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու, երբ խօսեցաւ 1915-ի միլիոն ու կէս նահատակուած հայերուն մասին։ Հայ Դատի Յանձնախումբը Ֆրանսայի, Ամերիկայի եւ տարբեր երկիրներու մէջ եռանդով աշխատեցաւ, որ այս նիւթը խօսուի եւ մտածուի։ Խորհրդապատկերները բազմաթիւ են, բայց շատ շուտ չխանդավառուինք, տակաւին գործը երկար է եւ շարժումը նուազաչափ։ Հայ դատի հարցը ա՛լ աւելի կը ծանրանայ ամէն անցնող տարի, ի դէմս թրքական կառավարութեան ժխտող քաղաքականութեան։ Ոմանց մէջ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ մեր մշակոյթի զարգացումը եւ նոր պայծառ սերունդներու երեւան գալը կախեալ է Հայ Դատի լուծումէն։ Այս միտքը անուղիղ ձեւով կը տկարացնէ մեզ։
Ուրիշ հեռանկարով, Ապրիլ 24-ը սփիւռքահայերուն համար վերածնունդ մըն է, երկրորդ ծագում մը օտար հողի վրայ, ուր կ’ապրին մշակոյթը պաշտպանողներ եւ ստեղծողներ։ Ապրիլ 24-ը կրնայ բացառապէս դառնալ օր մը, ուր բոլոր հայերը կեդրոնանան իրենց կորսուած մտաւորականներուն վրայ, յիշելով եւ ծանօթացնելով անոնց գործերը աշխարհին։ Կրնայ նաեւ դառնալ մասնաւոր օր, երբ նոր մշակոյթ ստեղծող սերունդը իր տաղանդը ներկայացնէ ազգին։ Ապրիլ 24-ը կրնայ նուիրուիլ ազգի մշակոյթի վերելքին, բաժնելով նիւթական օգնութիւն կարիքաւոր հայ գաղութներուն։
Այո, կեդրոնացած եմ ա՛լ աւելի մեր մշակոյթի պահպանութեան վրայ, որովհետեւ առանց հայրենական ժառանգութեան, նոր սերունդը կարելիութիւն պիտի չունենայ յաջողելու սփիւռքի մէջ։
Կը հաւատամ, որ մենք պէտք ունինք երկրի մը ԵՒ սփիւռքի մը, որ մեզի համար շնչառութեան աղբիւրներ դառնան մնայուն ձեւով։ Հայ Դատի Յանձնախումբին հսկայական գործը մեր ժառանգութեան միայն մէկ մասը կը ներկայացնէ։
Ցաւէն եւ տառապանքէն ետք կու գայ վերածնունդ եւ յառաջդիմութիւն։ Ազգային գաղափարական յեղափոխութիւն մը անհրաժեշտ է։ Հզօր սփիւռքի մէջ է, որ մեր մշակոյթը պիտի յիշուի եւ նորոգուի եւ ի վերջոյ զարգացնէ մեր ներգործութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ։ Առանց տարածուած եւ ճանչցուած մշակոյթի, մեր ազգը չ’ունենար ծանր կշիռ դիւանագիտական աշխարհին մէջ։
24 Ապրիլ 2021