ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ. ՄԱՍ Ա.

Երիտասարդական զրոյց
Տեղի ունեցաւ Շաբաթ 17 Ապրիլ 2021-ին

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐԵԳ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յիշատակի իրաւունքը, կամ աւելի ճիշտ յիշատակի պարտականութիւնը յստակ ձեւով չէ հաստատուած ֆրանսական իրաւաբանութեան մէջ։ Չկայ ֆրանսական որեւէ յօդուած, որ ընդհանրապէս յիշատակի իրաւունք կը շնորհէ ժողովուրդին։ Կան օրէնքներ, որ ստեղծուած են հիմնուելով յիշատակի պարտականութեան վրայ. Ֆրանսան ունի «յիշեցման օրէնքներ» (lois mémorielles), որոնցմով պետութիւնը կ’ընդունի պատմական ողբերգութիւններ, ինչպէս որ 2001- ին ընդունուեցաւ Մեծ եղեռնը։ Այս օրէնքները չունին օրինական հետեւանքներ։

Ուստի, յիշատակի պարտականութիւնը շատ աւելի քաղաքական գործիք մըն է, որուն շուրջ կը ծնի բախում  գաղութի մը եւ պետութեան միջեւ: Գաղութը կը պահանջէ, որ իր ողբերգութիւնը իր ուզած ձեւով յիշուի, իսկ պետութիւնը երեք ձեւով կրնայ պատասխանել: Առաջին, պետութիւնը կրնայ մերժել պահանջքը, ինչպէս Ֆրանսան առայժմ չէ ընդունած Ալճերիական պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած վայրագութիւնները։ Երկրորդ, պետութիւնը կրնայ բոլորովին ընդունիլ եւ նոյնիսկ պատժել զանոնք, որոնք այս յիշատակին դէմ կ’ելլեն։  Ֆրանսան ոչ միայն ընդունած է Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը, այլեւ կը պատժէ զայն մերժող անձը։ Իսկ երրորդ տեսակ մը կայ, որ երկուքին միջեւ է. երբ պետութիւնը թէ՛ կ’ընդունի պատմական դէպքը, թէ՛ ալ չ’ուզեր պատժել զայն մերժողը։ Այս երրորդ ձեւն է Ֆրանսային տուած պատասխանը Հայոց ցեղասպանութեան։ Շատ առեղծուածային վիճակ մըն է ընդունիլը բայց չպատժելը, մանաւանդ երբ 2019- ին պետութիւնը ապրիլ 24- ը հռչակեց Մեծ եղեռնի պաշտօնական յիշեցման օր:

Հաւանաբար այս առեղծուածը գիտակցաբար կարգադրուած է, որպէսզի ֆրանսական պետութիւնը հետեւի հայկական շահերուն առանց վիճաբանելու Թուրքիոյ հետ: Այս պաշտօնականացման միակ նպատակն ալ՝  հայ գաղութի պահանջքին սահմանափակումն է. կը շարունակենք յիշել, բայց հետեւելով պետութեան պարտադրած պայմաններուն։

Պետութեան կողմէ սեփականացուած յիշատակը այլեւս միմիայն  ողբերգութիւնը ապրած գաղութին չի պատկանիր …

29 Ապրիլ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան