ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԹՈՒԱՅՆԱՑԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏ. ՄԱՍ Բ.

ՆՈՐ ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂԸ՝ ԹՈՒԱՅՆԱՑԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏ

ՆԱԹԷԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ

Մարդիկ իրենց միտքերը արտայայտելու մասնայատուկ ձեւեր ունին։ Ձեւերէն մէկն է արուեստը։ Արուեստագէտը ծնունդ կու տայ արուեստին գործածելով զանազան գործիքներ։ Չմոռնանք թէ ամէն արուեստ հետաքրքրութիւն շարժելու համար տաղանդ եւ վարպետութիւն կը պահանջէ։

ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐԸ, Ալիսա Իգիթեան

Քննելով արուեստի պատմութիւնը, կը տեսնենք, որ տարիներու ընթացքին յառաջացած են մէկը միւսէն տարբեր հոսանքներ, ինչպէս՝ տպաւորապաշտութիւնը (impressionnisme),  խորանարդապաշտութիւնը (cubisme), գերիրապաշտութիւնը (surréalisme), ժողովրդական արուեստը (pop art) եւ վերջին քսան տարիներու ընթացքին նոր ճարտարագիտութեան (technologie) պտուղը՝ թուայնացած արուեստը (art numérique)։ 

Արուեստի այս տեսակը կը կանգնեցնէ մեզ հարցումի մը առջեւ. արդեօք նոր ճարտարագիտութիւնը կը նախատեսէ՞ փոխարինել կամ բարելաւել ձեռակերտը։ 

Այս հարցումին պատասխանելու համար նշենք երեք տարբեր համապարագաներ (contextes), ուր թուայնացած արուեստը կը գործածուի։

Ա. Արուեստի հին գործերը՝ նոր ճարտարագիտութեամբ. 

Վերջին տարիներուն, շատ մը ցուցասրահներ արուեստի հին գործերը հանրութեան կը ներկայացնեն նոր ճարտարագիտութեամբ։ Անոնցմէ մէկն է Փարիզի “Atelier des lumières”ը։ 3300 մ² տարածութեամբ եւ բարձր տանիքով թուայնացած ցուցասրահ մըն է, ուր կը ներկայացուին աւանդական արուեստներ միմիայն ձայնի եւ նկարի արձակումով պատերուն վրայ։ Այցելողները սրահին որեւէ մէկ տեղը կենալով կը դիտեն չորս կողմի պատերուն վրայ  իրարու ետեւէ անցնող նկարները։ Սրահը 2018ի բացումէն ի վեր գրաւած է մարդոց հետաքրքրութիւնը, մանաւանդ նոր սերունդին, որ հաւանաբար առանց այս նորութեան պիտի չհետաքրքրուէր աւանդական արուեստով։ 

Բ. Նոր ճարտարագիտութիւնը՝ բարելաւելու համար արուեստին հետ հանդիպումի փորձառութիւնը. 

Ուրիշ գաղափար մըն է նոր ճարտարագիտութիւնը խառնել հին գործերուն, հանրութեան շնորհելու համար զգայացունց պահերու ապրում։ Այս ամառ, Փարիզի Ֆիլհարմոնիին մէջ տեղի ունեցաւ Փիքասոյի գործերուն նուիրուած ցուցադրութիւն մը։ Սրահ մտնելէ առաջ ամէն անձի կը տրուէր հեռավարիչ (télécommande) եւ ընկալուչ (casque), որոնք թիւերով կապուած էին ամէն մէկ պաստառին։ Թիւը հաւաքելով երաժշտութիւն կը սկսէր, որ կապ ունէր տուեալ նկարչութեան պատմութեան հետ։ Այսպիսով, դիտողը եւ միեւնոյն ժամանակ մտիկ ընողը աւելի թիւրութեամբ պիտի հասկնար արուեստագէտին  զգացումները/միտքերը եւ մեծ տպաւորութիւնով տուն պիտի վերադառնար։

Գ. Բոլորովին նոր ճարտարագիտութեամբ ստեղծուած գործեր.

Վերջապէս՝ ունինք արուեստի գործեր, որոնք ուղղակի նոր ճարտարագիտութեամբ ստեղծուած են, աւանդական գործիքներու տեղ կը գործածեն համակարգիչը եւ յատուկ համակարգեր՝ ինչպէս InDesign-ը կամ Procreate, որոնք ծանօթ են գիծի եւ նկարի բնագաւառին մէջ։

Եզրակացնելու համար ըսենք, որ թուայնացած արուեստը նպատակ չունի փոխարինելու աւանդականը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մասնայատուկ կարողութիւններու իր պահանջը եւ իր համակիրները։ Բայց երկուքն ալ կը միանան կէտի մը շուրջ. միտքերը արտայայտել արուեստի միջոցով։

11 Մարտ 2021

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան