ՎԱՍԱԿ ՍԻՒՆԻ (ԴԺՈԽՔԷՆ)

Գրգռիչ խորագիր, բայց հոգ չէ. կրնայինք զայն փոխարինել հետեւեալով. ՙՔանի՞ նուաստացում՝ հայու զարթնումէն առաջ՚։
Հիմա, երբ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ պէտք եղածը ըրի՞նք այս հակամարտութեան ընթացքին, ժամանակն է, որ ընդունինք ցաւալի իրողութիւն մը. մենք խորապէս ողորմելի ժողովուրդ ենք։
Մինչ հզօրները կը բաժնեկցին համաշխարհային կարկանդակը եւ որոշումներ կ’ընդունին իրենց պատասխանատւութիւնը զգուշօրէն նուազեցնելով, մենք՝ հայերս, հիներուն մէջ երիցագոյն քաղաքակրթութիւն, կը փորձենք պահպանել մեր ոսկորի կտորը Պատմութենէ դուրս մնացած ատամնաթափ շնիկներու երախէն։
Ինչպէ՞ս հասանք հոս։ Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ Տիգրանակերտը կառուցողներու յետնորդները հասան տեղ մը, ուր սկսան չափուիլ եւ նոյնիսկ վտանգուած զգալ այծ քունողներու կողմէ։
Դժբախտաբար այսպէս կը պատահի, երբ ժողովուրդի մը մտայնութեան մէջ գոյատեւումը կը համարուի յաղթանակ։ Մենք ծեր մարմին մըն ենք, որ անդադար կը վանէ իր քաղցկեղային ուռերը՝ քիչ մը եւս կեանքէն ժամանակ շահելու համար, անխուսափելի իր ճակատագրին հետ հանդիպելէն առաջ։
Երբ քաջարի հանճարը կը զուգորդուի քրիստոնէութեան մարտիրոս ախորժակին, կը ծնի հայկական վեհանձնութիւնը։ Վեհանձնութիւն մը, որ կ’արգիլէ մեզի նպատակի հասնելու համար գործածելու ամէն միջոց, վեհանձնութիւն մը, որ կը սահմանափակէ մեզ, վեհանձնութիւն մը, որ մեզ կը մղէ գոհանալու մեր ունեցածով, վեհանձնութիւն մը, որ մեր ինքնութիւնն է, բայց կը խոչընդոտէ նուաճող ոգին։
Մանկամտացնող այս ժամանակաշրջանը մեզի կը հաւատացնէ, որ իրաւունք ձեռք բերելու համար՝ հանրային կարծիքին պէտք է ներկայանալ իբրեւ տկար եւ զոհ, երբ, իրականութեան մէջ, միայն ուժերու յարաբերութիւնն է աշխարհ կառավարողը։ Ես չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ յամառօրէն կ’ուզենք շպարել իրերը, իբրեւ թէ փառասէր ուժը ամօթ մըն է։
Գոյատեւելու կամեցողութենէ աւելի´ն պէտք է կանգուն մնալու համար. կանգուն մնալու համար պէտք է անվերջ նուաճել։ Տխուր յարակարծութիւնը (փարատոքս) այն է, որ եթէ փափաքինք մեր եւ հզօրներու միջեւ եղած բացը լեցնել, եթէ ուզենք ի վերջոյ յաղթանակել եւ ինքզինքնիս պարտադրել աշխարհին, պիտի ուրանանք վեհանձնութիւնը։ Պէտք է լքել այս իտէալը, ուղղութիւն փոխել, խաղալ խաղին իսկական օրէնքներով, որ կ’ենթադրէ խարդախել անազնիւ միջոցներով, որպէսզի վերաշահինք մեր կորսնցուցած ժամանակը։ Պէտք է կորսնցնել այս ինքնութիւնը յաղթանակին ցնորքը (ֆանթազմը) վերափոխելու համար իսկական յոյսի. կորսնցնել շահելու համար, շահիլ կորսնցնելով։ Կը սպասեմ այն օրը, երբ ո´չ թէ պիտի մտածենք միաձայն, թէ ՙինչպէ՞ս պաշտպանենք մեր հողերը՚, այլ թէ ՙինչպէ՞ս գրաւենք դրացին՚։
Այն օրը, երբ դադրինք հիմնաւորելէ մեր անշուք անշարժունակութիւնը, այն ատեն թերեւս ունենանք գոյատեւելու բախտ մը։
10 Նոյեմբեր 2020
Ֆրանսերէնէ թարգմանեց ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ