ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Մեր գործունէութիւնները. մաս Դ.

Տպաւորութիւն. Արեւածագ- Քլոտ Մոնէ

Գաբրիելլա Խաչատրեան,
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Նկարչութիւն

Ես նկարչութեան դասերու կը հետեւիմ շաբաթը մէկ անգամ, ամէն Շաբաթ օր, երկու ժամով։ Ամէն տարի նոր նիւթ մը կ’ունենանք, որ մեզ կը ներշնչէ եւ նոր բաներ բացայայտելու կ’օգնէ։ Այս տարուան նիւթն է «Մուսա եւ թանգարան»։

Մեր ուսուցչուհին մեզի համար բազմաթիւ նկարներով թղթապանակներ կը պատրաստէ, որպէսզի մեզի գաղափարներ տայ։ Մենք կրնանք ուզած ատեննիս այդ թղթապանակները բանալ եւ մեզ ներշնչող նկարները ընտրել։ 

Աստղազարդ գիշեր- Վէնսէն Վան Կոկ

Իւրաքանչիւրը ազատ է իր ուզածը նկարելու, պայմանաւ որ տարուան նիւթին հետեւի։ Ասիկա մեզի հնարաւորութիւն կու տայ մեր երեւակայութիւնը ազատօրէն արտայայտելու եւ մեր ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնելու։

Մէկ ժամ ետք, մեր ուսուցչուհին տուփ մը կը դնէ, որ լեցուն կ’ըլլայ զանազան տեսակի անուշեղէններով։ Մենք կրնանք մեր տեղերէն ելլել եւ անուշեղէն մը առնել։ Ասիկա հաճելի փոքրիկ դադար մըն է, որմէ ետք կը շարունակենք մեր նկարչութիւնը։

Ես շատ կը սիրեմ այս դասերը, որովհետեւ անոնք ինծի հնարաւորութիւն կու տան ժամանակ տրամադրելու նկարչութեան, արուեստի միջոցաւ արտայայտուելու եւ միւս մասնակիցներուն հետ հաճելի ժամանակ անցընելու։

Շնորհակալ եմ անոր, որ ինծի օգնեց գրելու ասիկա։ 

Անժելի Գոմանտեան, 
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Հայկական պար

Հայկական պարը մշակոյթի կարեւոր մասն է։ Ամէն ազգ տարբեր պարեր ունի։ Հայերն ալ ունին տարբեր պարեր, օրինակ Քոչարին, որ ամենէն յայտնին է, կը պարենք խումբով, տղաները եւ աղջիկները միասին։ Ուրիշ օրինակ է Եարխուշտան, որ զինուորական պար է, ընդհանրապէս միայն տղաքը կը պարեն։ Երրորդ օրինակս է Նազանի պարերը, կը պարեն միայն աղջիկները, քանի որ նուրբ պար մըն է։

Վեց տարի է որ ամէն Հինգշաբթի պար կ’ընեմ։ Խումբիս անունը Մեծ Հայք է։ Մեր խումբին մէջ բոլորս ընկերներ ենք եւ շատ լաւ ժամանակ կ’անցընենք իրարու հետ։ Մենք միջիններու խումբին մէջն ենք։ Կը սկսինք ժամը 18։30-ին եւ կը վերջացնենք ժամը 20։00-ին։

Հայկական պարը կը սիրեմ, որովհետեւ իմ մշակոյթիս մէկ մասն է եւ ընկերային հաճելի մթնոլորտ մը կայ հոն։

Հայկական պար-Էդուարդ Արծրունեան-2002

Ռաֆայէլ Եաքար,
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Տուտուկ

Հայկական տուտուկը շատ հին է։ Ծնած է Արարատ լերան շրջանը, մօտ քանի մը հազար տարի առաջ։ Այն կը շինուի ծիրանենիի փայտով, լեզուակն ալ՝ եղեգով։

2005 թուականին UNESCO-ն հայկական տուտուկի արուեստը ճանչցաւ իբրեւ մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւն։

Ազատ Զատուրեան,
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Ֆութպոլ

Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան ֆութպոլի խումբը ստեղծուեցաւ 1992-ին։ Իր առաջին խաղը Մոլտովայի խումբին դէմ էր։ Խաղը վերջացաւ 0-0 արդիւնքով։

Հենրիկ Մխիթարեանը շատ լաւ խաղացող է։ Ան 2022-ին վերջացուց  Հայաստանի խումբին մէջ խաղալը։ Ան հիմա կը խաղայ Ինթեր Միլանի խումբին մէջ։

Ֆութպոլը մարզանք մըն է, որուն մէջ ոտքերով կը խաղանք։ Կոլի համար պէտք է գնդակը դարպասի մէջ դնենք։

Ֆութպոլը շատ լաւ խաղ է։ Շատ մարդիկ ֆութպոլը կը սիրեն։ Տղաք եւ աղջիկներ ֆութպոլ կը խաղան։ Ֆութպոլը շատ հետաքրքրական է։ Ես ալ կը սիրեմ ֆութպոլ խաղալ։

Պապիկս օգնեց ինծի։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իրեն։  

11-15 Նոյեմբեր 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *