Նարեկ Եղիազարեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Ճիւտօ
Բարեւ բոլորին։ Այսօր պիտի խօսիմ ճիւտոյի մասին։
Ճիւտոյի պատմութիւնը
Ճիւտօն ճափոնական մարզաձեւ մըն է։ Զայն ստեղծած է Ճիկորօ Քանօ անունով մարդ մը, 1882 թուականին։ Ճիւտօ կը նշանակէ փափուկ ճամբայ։ Անիկա միայն կռիւ չէ. ան կը սորվեցնէ մեր մարմինը եւ միտքը զօրաւոր պահել։ Ստեղծողը հանած է վտանգաւոր հարուածները, որպէսզի ճիւտօն ըլլայ ապահով խաղ մը։ Այսօր անիկա Ողիմպիական խաղ է։
Ճիւտոյի կանոնները
Հիմա տեսնենք օրէնքները։ Ճիւտոյի մէջ բռունցքով կամ ոտքով զարնել չկայ։ Նպատակն է միւս խաղցողը կռնակին վրայ գետին ձգել, կամ զայն գետինը բռնել։ Եթէ շատ լաւ գետին ձգես, կը շահիս «Իփոն», այսինքն կը յաղթես։
Մարզիկները կը հագնին ճերմակ կամ կապոյտ հագուստ, որ կը կոչուի Ճիւտոկի, ու կը կապեն գօտի մը։ Գօտիին գոյնը ցոյց կու տայ, թէ որքան լաւ կը խաղան՝ ճերմակէն մինչեւ սեւ։
Բայց ամենէն կարեւոր բանը յարգանքն է։ Խաղէն առաջ եւ ետք պէտք է բարեւել իրարու՝ գլուխը ծռելով։
ճիւտոյի դաս մը
Իսկ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ ճիւտոյի դաս մը։ Դասերը կ’ըլլան յատուկ սրահի մը մէջ, որ կը կոչուի Տոճօ։ Գետինը փռուած կ’ըլլան փափուկ ներքնակներ, որոնք կը կոչուին Թաթամի։ Դասը կը սկսի ուսուցիչը բարեւելով։ Ետքը մարմինը կը տաքցնենք եւ կը սորվինք ճիշդ ձեւով իյնալ, որպէսզի չցաւինք։ Յետոյ ընկերոջ մը հետ նոր շարժումներ կը փորձենք։ Դասին վերջը ազատ կը խաղանք իրարու հետ, որպէսզի փորձենք մեր սորվածը։
Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար։
Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն եղբօրս եւ մօրս։
Սթելլա Գապալագ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Ուզունդարա պար
Բարեւ։ Ես կը մասնակցիմ Մեծ Հայք անունով հայկական պարախումբի մը։ Մեր պարախումբին մեծ աղջիկները հայկական պար մը պարեցին, որ հիմա պիտի ներկայացնեմ ձեզի։ Այդ պարին անունն է Ուզունդարա։
Ուզունդարան հայկական աւանդական պար մըն է։ Անիկա յայտնի է իր գեղեցիկ ու նուրբ շարժումներով։
Պարի ծագումը
Ուզունդարան կապուած է Կովկասի շրջանին եւ հայկական մշակոյթին։ Անիկա պահպանուած է սերունդէ սերունդ եւ կը պարուի տարբեր տօնակատարութիւններու ընթացքին։
Պարի շարժումները
Այս պարը կը բնորոշուի դանդաղ, նուրբ եւ գեղեցիկ շարժումներով։ Պարուհիները իրենց ձեռքերը եւ բազուկները կը շարժեն երաժշտութեան ռիթմին համաձայն։
Ո՞վ կը պարէ Ուզունդարան
Հարսանիքի ժամանակ երբեմն հարսնացուն Ուզունդարա պարը կը պարէ։ Կը պարեն նաեւ մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին։
Եզրակացութիւն
Ուզունդարան հայկական մշակոյթի մէկ կարեւոր մասն է։ Այս պարը կ’օգնէ պահպանելու մեր ազգային աւանդութիւնները եւ զանոնք փոխանցելու նոր սերունդներուն։
Ինծի օգնեց իմ սիրելի զարմիկս, որուն շատ շնորհակալ եմ։
Արման Մինասեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Թենիս
Թենիսի պատմութիւնը
Թենիսը սկիզբ առած է միջնադարուն, վերածնած ու զագացած է Ֆրանսա։ 12-րդ դարուն ֆրանսացիները թենիս կը խաղային ձեռքի ափով՝ (ժէօ տը փոմ) առանց ռաքէթի: Խաղը մեծ ընդունելութիւն կը վայելէր ազնուականութեան մօտ։ ժամանակակից թենիսը ձեւաւորուած է 19րդ դարուն՝ Անգլիա: 1873 թուականին, անգլիացի Ուոլթեր Ուինգֆիլտը մշակեց եւ ներկայացուց խաղի նոր կանոնները:
Ի՞նչ է թենիսը
Թենիսը մարզաձեւ մըն է, որ կը զարգացնէ մարդու ֆիզիքական կարողութիւնները, մտածողութիւնը, ուշադրութիւնը եւ կամքի ուժը: Այն կարելի է խաղալ երկու կամ չորս խաղացողներով: Խաղի նպատակն է գնդակով հարուածել եւ այն ուղարկել հակառակորդի դաշտ, որպէսզի ան չկարողանայ այն վերադարձնել: Թենիսի միաւորները կը հաշուեն 0, 15, 30, 45 եւ յաղթանակ:
Թենիսի աշխարհի 4 մրցաշարերը
Թենիսի աշխարհի 4 ամենահեղինակաւոր մրցաշարերը (Grand Slam – grand chelem – բառացի թարգմանութեամբ՝ Մեծ Սաղավարտ) հետեւեալներն են.
1) Աւստրալիայի բաց առաջնութիւն՝ Մելպուռն (Australian Open)
2) Ֆրանսայի բաց առաջնութիւն՝ Փարիզ (Roland Garros)
3) Անգլիոյ Ուիմպլըտոն՝ Լոնտոն (Wimbledon)
4) ԱՄՆ-ի բաց առաջնութիւն՝ Նիւ Եորք (Us Open)
Ամենայայտնի խաղցողները
Իրենց ամբողջ ասպարէզին ընթացքին բոլոր 4 մրցաշարերուն եւ Ողիմպիական խաղերուն յաղթած մարզիկներէն են՝ Անտրէ Աղասին, Ռաֆայէլ Նատալը, Սերենա Ուիլիըմսը եւ Նովաք Ճոքովիչը:
Շնորհակալ եմ իմ մայրիկիս օգնութեան համար:
3 Նոյեմբեր 2026