ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ապրիլեան ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան. մաս Բ.

Ալէք Տեկիրմէնթաս

Ծիծեռնակաբերդ

Առաջին անգամ Ծիծեռնակաբերդ գացինք հանրակառքով եւ մտանք Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը։ Երիտասարդ կին մը ֆրանսերէնով մեզի ներկայացուց 1915-ի պատմութիւնը, առարկաներու եւ վկայութիւններու միջոցով բացատրեց թէ ինչ եղած է ցեղասպանութենէն առաջ, Համիտեան ջարդերը եւ Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած պատահարները։ Յետոյ, խօսեցաւ հայկական ինքնապաշտպանութեան մասին, անդրադարձաւ նաեւ Ատանայի եւ Սասունի դէպքերուն։

 Երկրորդ անգամ Ծիծեռնակաբերդ գացինք դպրոցական խումբով մասնակցելու Ապրիլ 24-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման։ Քալելով բարձրացանք դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Մենք ծաղիկներ դրինք «Յաւերժական կրակ»ին շուրջ, ուր կային Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Էջմիածնի տաճարի երգչախումբը, որ կ’երգէր Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած մեր նախահայրերու հոգիներուն համար։

12 Մայիս 2026

Էտի Պաղտասարեան

Էջմիածին

Մեր ճամբորդութեան ընթացքին, Ս. Մեսրոպ-Արապեան վարժարանի եւ Մարսիլիոյ Համազգայինի աշակերտներով երկու անգամ Էջմիածին գացինք։

Առաջին անգամը 19 Ապրիլին էր, երբ մասնակցեցանք պատարագին եւ այցելեցինք եկեղեցիին թանգարանը։

Երկրորդ անգամ այնտեղ գացինք Ապրիլ 24-ին, դէպի Ծիծեռնակաբերդ քայլարշաւէն ետք։ Աղօթեցինք եւ մտիկ ըրինք պատարագն ու քարոզը։ Յետոյ,  Շողակաթ հեռատեսիլի կայանէն լրագրող տիկին մը ինծի հարցուփորձ ըրաւ։

Ինծի հարցուց թէ ուրտեղէ՞ն կու գանք, ի՞նչ է մեր ճամբորդութեան առիթը եւ ի՞նչ կը մտածենք այս այցելութեան մասին։ Ես պատասխանեցի, որ մենք Ֆրանսայէն եկած ենք այցելելու այն երկիրը ուրկէ կու գան մեր արմատները, բայց նաեւ՝ բաներ սորվելու համար։

Կը կարծեմ, որ այս հանդիպումը կարեւոր է եւ շատ յուզիչ, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ հայ ժողովուրդը չի մոռնար անցեալի դէպքերը նոյնիսկ երկար տարիներ ետք։

17 Մայիս 2026

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *