ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Նոր երթ-Ծիծեռնակ երիտասարդական հանդիպում. մաս Բ.

Նոյեմի Շահմիրեան, մանրակենսաբան

Փարիզէն Մինչեւ Հալէպ

Գանձասարի երիտասարդական խումբին հետ հանդիպում

Մեր բանավէճի խումբով առիթն ունեցանք հանդիպելու սուրիահայ երիտասարդներու խումբի մը հետ, որոնք նոյնպէս յաճախ կը հաւաքուին ու տարբեր նիւթերու շուրջ քննարկումներ կը կազմակերպեն։ Նախ եւ առաջ կ’ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել տիկին Զարմիկին եւ տիկին Նորային, որոնք սիրով կազմակերպեցին այս հետաքրքրական հանդիպումը, եւ անշուշտ անոնց, որոնք ներկայ էին. մեր խումբի անդամներուն (Անուշին, Մելանիին, Արեգին, Օրելիային) եւ Գանձասար խումբի երիտասարդներուն։

Այս հանդիպումը ինծի համար յատկապէս տպաւորիչ էր, որովհետեւ առիթ ունեցանք զրուցելու մեր կեանքին ու փորձառութիւններուն մասին՝ իբրեւ սփիւռքահայեր, որոնք կ’ապրին իրարմէ բոլորովին տարբեր երկու միջավայրերու մէջ։ Խօսեցանք մեր երկու երկիրներու ընկերային պայմաններու տարբերութեան, ինչպէս նաեւ մեր երկիրներու ընդհանուր վիճակին՝ տեղական հայ համայնքին վրայ ունեցած ազդեցութեան շուրջ։

Զրոյցի ընթացքին փոխադարձաբար հարցումներ ուղղեցինք իրարու եւ ներկայացուցինք մեր խումբերը։ Պատմեցինք թէ քանի՞ տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի մեր խումբը եւ քանի՞ անդամներ կան։

Նաեւ պատասխանեցինք աւելի յատուկ հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին երկու երկիրներու հայ համայնքային կեանքին։ Հետաքրքրուած էին գիտնալու, օրինակի համար, թէ Ֆրանսայի մէջ երկու հայ իրարու հետ հայերէ՞ն կը խօսին, թէ՞ ֆրանսերէն։ Անոնց հետ կիսուեցանք այս մեծ խնդիրին շուրջ՝ ըսելով, որ Ֆրանսայի հայերուն մեծ մասը լեզուին չի տիրապետեր, ի տարբերութիւն իրենց, որոնք Սիրիոյ մէջ բնականաբար իրարու հետ հայերէն կը խօսին եւ արտադպրոցական աշխատանքները հայերէնով կը կատարեն։ Իրենք կը նշէին, որ իրենց քով ամենամեծ խնդիրը ուղղագրութիւնն է։

Սուրիոյ մէջ հայ համայնքը քաղաքներու մակարդակով աւելի համախմբուած է, մինչդեռ Ֆրանսայի մէջ, հակառակ որոշ քաղաքներու մէջ մեծ համայնքներու գոյութեան, հայութիւնը աւելի ցրուած է։

Ֆրանսայի մէջ բախտաւոր ենք, որ Փարիզի կամ այլ քաղաքներու մէջ բազմաթիւ հայկական ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան։ Բայց քիչ տեղեր կան, ուր կրնանք մեր հայերէնը զարգացնել։ Մեր բանավէճի խումբին նպատակն ալ ճիշդ այդ է․ դպրոցական մակարդակէն դուրս գործածել մեր մայրենի լեզուն, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակ հարթակին վրայ գրել հայերէնով։

Իբրեւ ամփոփում, մենք սփիւռքահայ երիտասարդներու երկու խումբեր ենք, որոնք կ’ուզեն բարելաւել իրենց հայերէնը՝ բանավէճի խումբի մը շնորհիւ, ու իրօք գեղեցիկ է տեսնել, թէ որքա՛ն կապուած ենք մեր արմատներուն եւ որքա՛ն հարուստ ենք հայերէն խօսիլ գիտնալով, որպէսզի խօսինք տարբեր երկիրներու հայերու հետ։

22 Սեպտեմբեր 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *