Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Երկխօսութիւններ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի մասին
Հայկ Աճամեան
– Հայրիկ, ի՞նչ է Սուրբ Ծնունդը։
– Տղաս, Յիսուս Քրիստոսի ծնունդն է։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ համար՝ Աստուածայայտնութեան
տօն։
– Ինչո՞ւ կը նշենք։
– Քանի որ Քրիստոնէական գլխաւոր տօներէն մէկն է։ Կը նշուի ի պատիւ Յիսուս Քրիստոսի
ծնունդին։
– Ե՞րբ է այդ տօնը։
– Հայ Առաքելական եկեղեցին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ
Ծննդեան տօնը կը նշէ Յունուար 6-ին, Կաթոլիկ
եկեղեցին՝ Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Ուղղափառ եկեղեցին՝
Յունուար 7-ին։
– Հայրիկ, փաստօրէն Յիսուս Քրիստոնը երեք
ծնո՞ւնդ ունի։
– Ամաաան, աս ո՞րքան հարցում կը հարցնես,
խենթացուցիր զիս, եաաա։ Բացատրեմ։ Իր ժամանակի
իրադարձութիւններու հիման վրայ Քրիստոսի ծննդեան
տարեթիւը որոշելու փորձերը ոչ մէկ լուծումի յանգած
են։ Ըստ էութեան, պատմական Յիսուսը ծնած է մեր
թուարկութենէն առաջ 7-էն 5 թուականներու միջեւ։ Դեկտեմբեր 25 թուականը առաջին անգամ
յիշատակողը եղած է Սեքսթիւս Հուլիոս Ափրիքանիւս (Sextus Julius Africanus, 160-240 թ.) իր
«Ժամանակագրութիւն» աշխատութեան մէջ։
– Հիմա եղաւ։ Գոնէ բաներ մը հասկցայ։
Օֆելիա Գասպարեան եւ Անայիս Կօլ
Օֆելիա – Բարի իրիկուն, ինչպէ՞ս ես։
Անայիս – Լաւ եմ։ Դո՞ւն։
Օֆելիա – Ես ալ լաւ եմ։ Ի՞նչ կայ չկայ։
Անայիս – Պատրաստութիւն կը տեսնենք։
Օֆելիա – Ի՞նչ պատրաստութիւն։
Անայիս – Նոր տարուան պատրաստութիւն, հապա ի՞նչ։
Օֆելիա – Նոր տարի՞։ Ի՞նչ է աս, չեմ լսած։
Անայիս – Դուն այս աշխարհէն չե՞ս։
Օֆելիա – Զիս կը ծաղրես բացատրելու
փոխարէն։ Բացատրէ, կ’ուզեմ իմանալ։
Անայիս – Լաւ լաւ, կը բացատրեմ։ Ուրեմն, Նոր տարին տարուան վերջին կը տօնենք։ Այդ օրը մեծ պատրաստութիւն կը տեսնենք, տոլմա կ’եփենք, շատ ուտեստներ եւ տարբեր աղցաններ կը պատրաստենք եւ տունը կը զարդարենք։ Ամանոր բառը լսա՞ծ ես։
Օֆելիա – Այո, կը կարծէի, որ Ամանոր եւ Սուրբ Ծունդ նոյն բաներն էին։
Անայիս – Նոյն բանը չէ։ Սուրբ Ծնունդը Յիսուսի ծնունդն է, Ամանորը՝ Նոր տարի կը նշանակէ։ Կաթոլիներուն համար Սուրբ Ծնունդը Դեկտեմբեր 25-ին է, իսկ հայերուն համար՝ Յունուար 6-ը։
Օֆելիա – Հասկցայ. հիմա դուն իմ աչքիս լոյսն ես։
Էրիկ Յակոբեան եւ Լիւքա Եարանուշ
– Հէյ Արամ, դուն գիտե՞ս, որ Նոր տարի է. երկու օր մնաց։
– Այո ժամանակը կը թռի։ Բայց սպասէ, ես չեմ յիշեր, թէ ինչո՞ւ կը նշենք Նոր տարին։
– Լաւ, ես քեզի կը պատասխանեմ, բայց դուն պէտք է ուշադրութեամբ մտիկ ընես ինծի։
– Խնդիր չէ, եղբայրս, գիտես, որ անհրաժեշտութեան պարագային, մտիկ կ’ընեմ։
– Դուն գիտէ՞իր, որ հին ժամանակներուն Նոր տարին Դեկտեմբերի 31-ին չէինք տօներ։
– Հապա ե՞րբ կը տօնէինք։
– Հին ժամանակներուն Նոր տարին նշուեր է մարտի 21-ին՝ գարնանային գիշերահաւասարի
ժամանակ։
– Բայց ադ նոյնիսկ տարեվերջ չէ, ադ բոլորովին պատահական է։
– Այս ընտրութիւնը պատահական չէ։
– Լաւ
– Նախկին ժամանակներուն, հայ հեթանոս քահանաները, իրենց դիտարկումներու հիման վրայ,
համոզուած էին, որ բնութիւնը կ’արթննար գարնան սկզբը։
– Շարունակէ։
– Stop, խօսքս մի՜ կտրեր։
– Ներողութիւն։
– Ինչպէս ըսի, հայերն այս օրը կը նշէին հանդիսութիւններով, որոնց ժամանակ կը փառաբանէին
բնութեան զարթօնքը, հողագործներու աշխատանքը, կը դիմէին աստուածներուն՝ խնդրելով, որ տարին բեղմնաւոր ըլլայ։
– Մեր սրբազան նախնիները, dis donc (չըսե՞ս)։
– Բայց երկրորդ թուական մըն ալ կայ, մոռցայ
քեզի ըսելու։
– Ի՞նչպէս թէ։
– Դուն լսա՞ծ ես Նաւասարդի մասին։ Հայերու մէջ
Ամանորի երկրորդ տօնը կը նշուէր Օգոստոս
11-ին։
– Այո, լսած եմ նաւա… բանին մասին։
– Լաւ, պատմէ։
– Չէ, կատակ կ’ընէի, դո՜ւն պատմէ։
– Ըստ աւանդութեան՝ Հայկ Նահապետը սպաննելէն ետք բռնակալ Բէլը ազատութիւն շնորհեց իր
ցեղին ու գալիք սերունդներուն։ Այդ տեղի ունեցած է մ.թ.ա. 2492 թուականի օգոստոս 11-ին: Եւ այդ
պահէն ի վեր, այս օրը հայերու համար կը համարուի նոր տարուան սկիզբ։ Օգոստոսի Նոր տարին հայերը կոչած են Նաւասարդ։
– Ուրեմն, եթէ ճիշտ հասկցայ, մենք Ամանորը տօնած ենք Մարտ 21-ին եւ Օգոստոս 11-ին։
– Այո, այդպէս է։
– Շնորհակալութիւն, բայց կրնա՞ս կրկնել հաճիս, իսկական գլուխ կոտրուկ է ասիկա, լաւ չհասկցայ։
– Դուն հասկնալու համար լուրջ ջանք չես գործադրեր, պարզ է, ես յոգնեցայ։ Գնա՜, ինտերնետ նայէ ու
կը գտնես։
– Ահ, լաւ, դուն այսպէս կը ձգես զիս ուրեմն։
– Չեմ գիտեր։
– Խնդիր չկայ, շատ շնորհակալ եմ բացատրութեանդ համար։ Ես կատակ կ’ընէի, ամէն ինչ
հասկացայ։
– Վայ Արման, խնդրեմ։
Էլէն Մարգարեան եւ Մելինա Գոյունճու
– Դուն գիտե՞ս ինչու կը նշենք Սուրբ Ծնունդը։
– Ուրախութեան առիթ է։ Ասկէ զատ բա՜ն չեմ
գիտեր։
– Սուրբ Ծնունդ կը նշենք Յիսուսի Ծնունդին
համար, նոյնիսկ եթէ հաստատ չենք գիտեր, թէ
ո՞ր թուականին ծնած է։
– Որքան փոխուած է ամէն բան հիմա։ Ուղղակի
խրախճանքի վերածուած է։
Դեկտեմբեր 2024