ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ՝ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
ՍԵՐԱՆԱ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դպրոցասէր Վարժարան, 8-րդ դասարան
Վարդանանց պատերազմը սկսաւ Աւարայրի ճակատամարտով, որ տեղի ունեցած է 451 թուականի Մայիս 26-ին։ ժամանակի ընթացքին Աւարայրը խորհրդանիշի վերածուած է հայ ժողովուրդին համար։
Թէեւ Աւարայրի ճակատամարտը մեր պարտութեամբ վերջացաւ, սակայն Վարդանանց պատերազմը աւարտեցաւ յաղթութեամբ, որովհետեւ մեզ կրօնափոխ ընելու Յազկերտի նպատակը չիրագործուեցաւ։
Մինչեւ հիմա կը տօնենք 5-րդ դարու այդ յաղթանակը եւ կը յիշենք զայն իբրեւ ազատ խիղճի համար տարուած համաժողովրդական պայքար։
Հինգերորդ դարը Ոսկեդար կը կոչենք։ Դարու սկիզբը՝ 401-էն 406 թուականներու միջեւ ստեղծուեցան հայերէն գիրերը եւ անշուշտ եղաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը։ Այսպիսով մնացինք քրիստոնեայ եւ ոչ մէկ թագաւոր կրնար մեզի արգիլել մեր կրօնքը։
Աւարայրը փաստ է, որ մենք չենք ուրանար եւ կառչած կը մնանք մեր լեզուին եւ կրօնքին։
20 Յունիս 2020