Հիւկօ Խանչարեան
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Մոլորակները
Այսօր Արեգակնային համակարգը ունի 8 մոլորակ՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրան եւ Նեպտուն: 2006 թուականէն ի վեր Պլուտոնն այլեւս դասակարգուած է ոչ թէ որպէս մոլորակ, այլ որպէս գաճաճ մոլորակ:
Փայլածու – Mercure
Փայլածուն Արեգակին ամենամօտ մոլորակն է, ինչպէս նաեւ ամենափոքրը իր 4878 քմ տրամագիծով եւ ամենաքիչ զանգուածով։
Այն չունի բնական արբանեակներ։
Արեգակի շուրջ Փայլածուի պտոյտի շրջանը 88 օր է, իսկ ինքն իր վրայ պտտման շրջանը՝ մօտաւորապէս 59 օր։
Արուսեակ-Vénus
Արուսեակը Երկրին ամենամօտ մոլորակն է։ Անոր մթնոլորտը կազմուած է 96% ածքաթթուէ, որուն ջերմութիւնը զայն կը վերածէ Արեգակնային համակարգի ամենաթէժ մոլորակին, մակերեսի միջին 462°C ջերմաստիճանով:
Երկիր-Terre
Երկիրը ամենամեծ մոլորակն է 12756 քմ տրամագիծով։ Արեգակնային համակարգի մէջ ամենախիտ զանգուած ունեցողն է։ Մեզի յայտնի միակ մոլորակն է, ուր կեանք կայ: Արեգակի շուրջը կը դառնայ 365 օրուան մէջ եւ ինքն իր վրայ մէկ շրջանը կը տեւէ 23 ժամ, 56 վայրկեան, 4 երկվայրկեան։
Երկիրը ունի իր շուրջ պտտող արբանեակը՝ Լուսինը։
Հրատ-Mars
Հրատը Երկիր եւ Արուսեակ մոլորակներու միացեալ չափին կէսն է։ Արեգակի շուրջ անոր պտոյտի շրջանը կը կազմէ 687 երկրային օր, իսկ օրը՝ 24 ժամ 37 վայրկեան։ Հրատը եւ Երկիրը ունին նոյն պտտման շրջանը եւ նոյն եղանակները:
Ամրան ջերմաստիճանն է 20-էն մինչեւ 25°C, ձմեռը կրնայ իջնել մինչեւ -120 °C-ի։
Շրջապատուած է բնածխային կազի բարակ մթնոլորտով։ Ունի մի քանի տասնեակ քիլոմեթր տրամագիծով երկու շատ փոքր արբանեակներ՝ Ֆոպոս եւ Տէյմոս:
24 Յունիս 2024