Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Սիմոն Մովսիսեան
Խաղատախտակ
Սիմոնը, տասը տարեկանին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան գացած է։ Ան ծնած է Ֆրանսա եւ երբեք չէր հանդիպած գիւղ ապրող իր ընտանիքին։ Այնտեղ հասնելու պահէն իսկ Սիմոնը տատիկի ու պապիկի տան մէջ իրեն հանգիստ կը զգար, այնպիսի զգացում ունէր, որ այնտեղ արդէն ապրած էր։
Երբ անոնք յայտարարեցին, որ նուէր ունին Սիմոնին համար, երիտասարդ տղան յուզուեցաւ, որ այնքան հեռաւոր իր տատիկն ու պապիկը կը մտածէին իր մասին եւ խորապէս կը սիրէին զինք:
Բանալով տատիկին իրեն յանձնած նուէրը, Սիմոնը տեսաւ ճատրակի հոյակապ խաղատախտակ մը, որու վրայ փորագրուած էր իր անունը։ Այդ ժամանակէն ի վեր Սիմոնը ամէն անգամ հօրը հետ ճատրակ խաղալու ատեն կը մտածէ հայաստանաբնակ իր ընտանիքին մասին։
20 Ապրիլ 2024
Նայիրի Շահինեան
Պուպրիկ
Ազրպէյճանի յարձակումէն որոշ ժամանակ ետք, 2022 թուականի ամռան, Նայիրիին մայրը՝ Թալին, ամառնային բանակում մը կազմակերպեց պատերազմէն տուժած երեխաներու համար։
Այդ երեխաներէն ոմանք որբ էին, ոմանք գաղթած էին իրենց բնակավայրէն։
Բանակումի ընթացքին երեխաները շինեցին երկու պուպրիկներ, անոնց համար տօնական հագուստներ կարեցին։
Երբ Թալին վերադարձաւ Ֆրանսա, հետը յիշատակ առաւ այս երկու պուպրիկները։
1 Մայիս 2024
Աշոտ Շիշեան
Շիշ
Իմ յիշատակս բրուտէ շիշ է։ Այն իմ մեծ տատիկէս սկսած սերունդէ սերունդ փոխանցուած է մեզի։ Շիշը շիներ է ինք, իսկ իր մահէն ետք՝ 1954 թուականին, տրուեր է իր դստեր, որ իմ տատիկս է: Ան գործածած է շիշը աւելի քան 30 տարի։ Իսկ հօրս ծնելէն ետք, 1987 թուականին, մեծ տատիկս շիշը նուիրեր է տատիկիս:
Մեծ ծնողքս Ֆրանսա եկած են 2008 թուականին հօրս, հօրեղբօրս եւ մօրս հետ։ Երբ անոնք ժամանած են Ֆրանսա, մի քանի ամիս ետք ծնած եմ ես։ Տատիկս շիշը տուած է ծնողքիս, որպէս նուէր իմ ծննդեանս առթիւ։ Այսօր այս շիշը կը գտնուի մեր տան հիւրասենեակը։
Շիշը շինուած է 1922 թուականին, Վանաձոր, Սոֆիա Աշրաֆեանի կողմէն։
1 Մայիս 2024
Լիլահ Գրըքճեան
Հին լուսանկարներ
Լիլան հայ պարմանուհի մըն է։ Ան ծնած է Ֆրանսա։ Տան մէջ չէ սորված հայերէն, որովհետեւ իր ընտանիքին մէջ ոչ ոք գիտէ հայերէն: Ինք միշտ ուզած է գիտնալ մեծ ծնողներուն եւ իր արմատներու երկրին՝ Հայաստանի մասին։
Օր մը, անցեալ դարու սկիզբը առնուած հին լուսանկարներ գտաւ ան։ Ոմանք կը ներկայացնէին իր մեծ մեծ ծնողները։ Որքան ուրախ էր ան տեսնելով անոնց դէմքերը։
Ուրեմն, Լիլան հայկական դպրոց գնաց հայերէն սորվելու համար: Սկիզբը մինակ կը զգար …։ Բարեբախտաբար իր ոսուցչուհին իրեն տուաւ գիրք մը եւ այդ գիրքով ան կրցաւ կարդալ սորվիլ։
29 Ապրիլ 2024