ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Մեր յիշատակարանը. մաս Գ.

Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

Գլարա Տայեան

Օբսիտիէն եւ Պահպանիչ աղօթք

Օբսիտիէն

Հայաստան դպրոցական ճամբորդութեան ժամանակ, եղբայրս՝ Գաբրիէլը առաջին անգամ տեսաւ Օբսիտիէն քարը։

Արարատի լեռնէն ոչ շատ հեռու շրջան մը զբօսնելու ժամանակ, բլուրի մը վրայ ցրուած տեսան այս քարերէն։ Ընկերներով իջան հանրակառքէն եւ ուսուցիչը իւրաքանչիւրին տուաւ օբսիտիէնի նմոյշ մը։ 

Գաբրիէլը ծրարի մը մէջ խնամքով պահեց քարը եւ բերաւ տուն։   

Պահպանիչ աղօթք

Օր մը,  իմ մեծ մայրիկս Հայաստանէն եկաւ մեզի այցելութեան։  

Ան նուէրներ բերաւ բոլորին եւ այս պահպանիչ աղօթքը նուիրեց ինծի։

Որոշ ժամանակ անց, մենք փոխադուեցանք եւ մեր տան մուտքին դրինք աղօթքը։

1 Մայիս 2024

Յովհաննէս Յովհաննիսեան

Քոնեաք եւ Շրջապտոյտ

Քոնեաք

2021 թուականի Օգոստոսի 1-ին իմ մեծ հօրս եօթանասուներորդ տարեդարձին առթիւ պատրաստեցինք մեծ կարկանդակ եւ վրան դրինք հայկական քոնեաքի երկու պզտիկ շիշեր, մէկը իմ կողմէս, միւսը՝ զարմիկիս։ Այդ պահուն երբ նուիրեցինք քոնեաքը, ան արդէն դատարկած էր վոտկայի շիշին կէսը: Երբ քալել սկսաւ, ես եւ զարմիկս օգնեցինք իրեն աստիճաններէն իջնելու։ Յաջորդ առաւօտ պապիկս կանուխ արթնցաւ, արթուն եւ առողջ միտքով։

Այդ օրէն ի վեր ընտանիքով կը ծիծաղինք, երբ կը խօսինք այս անմոռանալի տարեդարձին մասին։

Շրջապտոյտ Հայաստանի մէջ

Ամառը, ընտանեօք սկսանք ճամբորդել Հայաստանով մէկ, Հրազդանէն մինչեւ երկրի հարաւը գտնուող Սիսիան քաղաքը։ Մենք հատեցինք գեղեցիկ տարածքներ եւ այցելեցինք երեք վանքեր: Տաթեւէն եւ Նորավանքէն ետք յայտնաբերեցինք Խոր Վիրապի հրաշալի վանքը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանին։ Այնտեղէն Արարատ լեռը այնքան մօտ կը թուէր, որ ես ուզեցի անցնիլ սահմանը, որ լեռը բարձրանամ: Չհասնելով սուրբ լեռը՝ ես գոհացայ  յուշանուէրներ գնելով, հայկական մշակոյթի այս վայրի բարձր ոգիին մէկ մասը հետս տուն տանելու:

22 Ապրիլ 2024

Էրիկա Սեդրակեան

Տիկնիկի պատմութիւն

5 տարեկան էի, երբ մկրտուեցայ: Մկրտութեան անունս Մարիամ դրին, ի պատիւ մեծ մամայիս եւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի: Տարիներ անց, Սուրբ Մարիամի տօնին՝ Օգոստոս 15-ին 2 մեծ մամաներուս հետ գացինք Սուրբ Մարիամ անունը կրող եկեղեցին եւ հենց այնտեղի բակէն տատիկս ինծի  համար գնեց այս տիկնիկը եւ անունը դրինք Մարիամ: Ես այն բերի Ֆրանսա եւ կը պահեմ մեծ սիրով։

 

 

29 Ապրիլ 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *